Լեւոն ԺԴ.՝ Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինի՝ խոնարհութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ ծառայող հովիւ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 18 յունիսին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, ւ, Լեւոն ԺԴ. Պապը նախագահեց Կարտինալ Քամիլլօ Ռուինիի յուղարկաւորութեան Սուրբ Պատարագին։ Իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յիշեց հանգուցեալ կարդինալը որպէս «իմաստուն եւ հոգատար հովիւ», որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Եկեղեցւոյ ծառայութեան՝ խոնարհութեամբ ստանձնելով թէ՛ պարզ, եւ թէ՛ մեծ պատասխանատուութիւններ։
Նորին Սրբութիւնը երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ Ռուինիի երկարամեայ ծառայութեան, ընդգծելով անոր ներդրումը Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համաւաք դասին, Հռոմի թեմին եւ «Մշակութային ծրագիր»-ի զարգացման մէջ։ Ան նաեւ յիշեց կարդինալին մշտական ներկայութիւնը եկեղեցական, հասարակական եւ քաղաքացիական կեանքին մէջ։
Լեւոն ԺԴ. առանձնայատուկ կերպով շեշտեց Ռուինիի խոր աղօթական կեանքը եւ անոր անսասան հաւատքը Աստուծոյ սիրոյ հանդէպ, որ, ըստ Պօղոս առաքեալի խօսքին, ոչինչ կրնայ բաժնել մարդը Աստուծոյմէ։ Պապը յիշեց, որ նոյնիսկ ծերութեան եւ հիւանդութեան տարիներուն կարդինալը շարունակեց ապրիլ աղօթքով եւ վստահութեամբ։
Անդրադառնալով անոր եպիսկոպոսական նշանաբանին՝ «Ճշմարտութիւնը պիտի ազատէ ձեզ», Լեւոն ԺԴ. ընդգծեց, թէ մարդը ստեղծուած է ճշմարտութեան եւ բարութեան համար, եւ որ այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր տարածուած են յարաբերապաշտական եւ «ամբողջովին հեղուկ» պատկերացումներ իրականութեան եւ մարդու մասին, այս պատգամը կը պահէ իր ամբողջ արդիականութիւնը։
Պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը աղօթեց, որպէսզի Աստուած շնորհէ հանգուցեալ կարդինալին յաւիտենական խաղաղութիւնը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարիներու ընթացքին աջակցեցան անոր ծառայութեան եւ խնամեցին զինք ծերութեան ու հիւանդութեան օրերուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
