Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը դէպի Փաւիա փոփադրող ուղղաթիռը Լեւոն ԺԴ. Պապը դէպի Փաւիա փոփադրող ուղղաթիռը  (@Vatican Media)

«Լեւոն ԺԴ. կը մեկնի Վատիկանի ուղղաթիռի կայանէն. կը սկսի հովուական այցելութիւնը դէպի Փաւիա եւ Սանթ’Անճելօ Լոտիճանօ։»

Այսօր՝ յունիս 20-ին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն մեկնեցաւ Փաւիա, ուր պիտի այցելէ Ուռուցքաբանական Ատրոթերապիայի Ազգային Կեդրոնը (CNAO), պիտի հանդիպի տեղւոյն կղերական դասուն ու հաւատացեալներուն, եւ պիտի մեծարէ Սուրբ Օգոստինոսի մասունքները։ Այնուհետեւ, Նորին Սրբութիւնը պիտի ուղղուի Սանթ’Անճելօ Լոտիճանօ՝ յարգանքի տուրք մատուցանելու Սրբուհի Ֆրանչիսքա Քապրինիի սրտի մասունքներուն, որմէ ետք երեկոյեան պիտի վերադառնայ Վատիկան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Այսօր՝ յունիս 20-ի յետմիջօրէին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի ուղղաթիռի կայանէն մեկնեցաւ դէպի Փաւիա, ուր պիտի իրականացնէ հովուական այցելութիւն մը՝ թեմի զանազան եկեղեցական ու ընկերային կառոյցներուն մօտ:

Քահանայապետական ուղղաթիռը, որ Վատիկանէն թռիչք առաւ յետմիջօրէին ժամը մէկին նախատեսուած է, որ Միլանոյի հարաւը գտնուող այս քաղաքը հասնի ժամը 14:45-ին՝ վայրէջք կատարելով «CUS di Cravino»ի ռեկպիի դաշտին վրայ:

Միլանոյի հարաւային շրջանը հասնելուն պէս, Նորին Սրբութիւնը ինքնաշարժով պիտի փոխադրուի Ուռուցքաբանական Ատրոթերապիայի Ազգային Կեդրոն (CNAO): Այս հաստատութիւնը, որ շահոյթ չհետապնդող մասնաւոր հիմնադրամ մըն է, կը նկատուի քաղցկեղի բուժման համաշխարհային գերազանցութեան կեդրոն։ Հոն Նորին Սրբութիւնը պիտի հանդիպի տնօրէնութեան, բժշկական անձնակազմին, ինչպէս նաեւ բուժման ընթացքի մէջ գտնուող քանի մը երեխաներու եւ անոնց ծնողներուն հետ:

Յայտագիրը կը շարունակուի հետեւեալ հանգրուաններով.

Ժամը 16:15-ին (մօտաւորապէս). Սան Փիեթրօ Ին Չիել տ’Օրօ պազիլիքային մէջ Քահանայապետը պիտի հանդիպի թեմի եպիսկոպոսներուն, կղերական դասուն, կրօնաւորներուն եւ սարկաւագներուն հետ: Այս սրբավայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Խօսքի պաշտամունք եւ Սուրբ Օգոստինոսի մասունքներուն մեծարման արարողութիւնը:

Ժամը 17:30-ին. Վիթորիա հրապարակին վրայ Լեւոն ԺԴ. Պապին  յարգանքի տուրքը պիտի մատուցանեն տեղական քաղաքացիական իշխանութիւններն ու բազմահազար հաւատացեալները:

Ուխտագնացութիւն դէպի Սանթ’Անճելօ Լոտիճանօ

Ժամը 18:45-ին, Սրբազան Քահանայապետը ուղղաթիռով պիտի մեկնի Փաւիայէն՝ հասնելու համար Սանթ’Անճելօ Լոտիճանօ համայնքը:

Հոն եւս, ան ինքնաշարժով պիտի փոխադրուի Սուրբ Անտոն Աբբահայի եւ Սրբուհի Ֆրանչիսքա Քապրինիի անուան ծխական եկեղեցին, ուր յատուկ ջերմեռանդութեամբ պիտի վերանորոգէ իր աղօթքը՝ մեծարելով Սրբուհիին սրտի մասունքները:

Հովուական այս իմաստալից եւ խիտ օրակարգով այցելութեան աւարտին, ետդարձի թռիչքը նախատեսուած է ժամը 19:45-ին, իսկ Վատիկան ժամանումը՝ երեկոյեան մօտաւորապէս ժամը 21:15-ին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

20/06/2026, 13:41