2026.06.10 SAGRADA FAMILIA

Սակրատա Ֆամիլիա Պազիլիքան եւ Անթոնի Կաուտին

Սկզբնական գաղափարը պատկանած է Ժոզէփ Մարիա Պոքապելլային, որ ուզած էր Սուրբ Ընտանիքին նուիրուած քաւչական տաճար մը կառուցել։ 1883-ին նախագիծը վստահուեցաւ Կաուտիին, որ զայն վերածեց բացառիկ ու հսկայածաւալ ձեռնարկի՝ նախատեսելով երեք ճակատամասեր (Ծնունդ, Չարչարանք եւ Փառք), բազմաթիւ նաւեր եւ տասնութ աշտարակներ։ Այս գործը դարձաւ անոր կեանքի գլխաւոր ստեղծագործութիւնը, որուն նուիրեց 43 տարի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Սակրատա Ֆամիլիա (Sagrada Família) Պազիլիքան, զոր Լեւոն Պապը պիտի այցելէ այսօր,  Պարսելոնայի ամենանշանաւոր խորհրդանիշներէն մէկն է եւ աշխարհահռչակ ուխտավայր ու զբօսաշրջային կեդրոն։  Անոր շինարարութիւնը սկսած է 1882-ին։ Անոր այն բաժինները, որոնք նախագծուած են Անթոնի Կաուտիի կողմէ, 2005-ին ընդգրկուեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան ցանկին մէջ։

Սկզբնական գաղափարը պատկանած է Ժոզէփ Մարիա Պոքապելլային, որ ուզած էր Սուրբ Ընտանիքին նուիրուած քաւչական տաճար մը կառուցել։ 1883-ին նախագիծը վստահուեցաւ Կաուտիին, որ զայն վերածեց բացառիկ ու հսկայածաւալ ձեռնարկի՝ նախատեսելով երեք ճակատամասեր (Ծնունդ, Չարչարանք եւ Փառք), բազմաթիւ նաւեր եւ տասնութ աշտարակներ։ Այս գործը դարձաւ անոր կեանքի գլխաւոր ստեղծագործութիւնը, որուն նուիրեց 43 տարի։

Կաուտիի ճարտարապետական տեսլականը հիմնուած էր քրիստոնէական հաւատքին եւ բնութեան դիտարկման վրայ։ Ան բնութիւնը կը նկատէր Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը, ուստի տաճարի սիւներն ու ներքին տարածքները կը յիշեցնեն անտառ մը։ Լոյսը եւս ունի խորհրդանշական դեր․ Ծնունդի ճակատին արեւը կը ծագի, Չարչարանքի ճակատին մայր կը մտնէ, իսկ Փառքի ճակատը լուսաւորուած է ամբողջ օրը՝ խորհրդանշելով Յարութիւնը։

Սակրատա Ֆամիլիայի 18 աշտարակները նուիրուած են Տասներկու Առաքեալներուն, Չորս Աւետարանիչներուն, Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ Յիսուս Քրիստոսին։ Ամենաբարձրը՝ Յիսուսի աշտարակը, պիտի հասնի 172,5 մեթրի՝ զայն դարձնելով աշխարհի ամենաբարձր եկեղեցիներէն մէկը։ Կաուտին դիտմամբ զայն քիչ մը աւելի ցած նախագծեց, քան Մոնժուիք բլուրի գագաթը, որովհետեւ կը հաւատար, որ մարդկային գործը չպիտի գերազանցէ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը։

Կաուտին մահացաւ 1926-ին՝ փոխադրակարգի վթարի հետեւանքով։ Անոր աշակերտներն ու յաջորդ ճարտարապետները շարունակեցին շինարարութիւնը, հակառակ սպանական Քաղաքացիական Պատերազմի ընթացքին կրած վնասներուն։ 2010-ին Պենետիկտոս ԺԶ-ը տաճարը հռչակեց Փոքր Պազիլիքա։

Անոր ստորին մասը՝ գաղտնարանը (կրիպտան), կը գտնուի գլխաւոր խորանին տակ եւ կը պարունակէ բազմաթիւ մատուռներ։ Հոն կը գտնուի նաեւ Անթոնի Կաուտիի գերեզմանը։ Տարածքը զարդարուած է քրիստոնէական խորհրդանիշերով, խճանկարներով եւ Կաուտիի ստեղծած գեղարուեստական տարրերով։

Անթոնի Կաուտին (1852–1926) Քաթալոնական նորարութեան մեծագոյն ներկայացուցիչն էր։ Դարբիններու ընտանիքի մէջ մեծցած ըլլալով՝ փոքր տարիքէն զարգացուց տարածքի եւ ձեւի յատուկ ընկալում։ Բնութիւնը անոր մեծ ուսուցիչն էր եւ ներշնչման հիմնական աղբիւրը։ Ան ստեղծեց Պարսելոնայի ամենանշանաւոր գործերէն շատերը, ներառեալ Casa Batlló, Casa Milà եւ Park Güell։ Իր կեանքի վերջին տարիներուն ամբողջովին նուիրուեցաւ Սակրատա Ֆամիլիայի շինարարութեան՝ զայն դարձնելով իր հոգեւոր եւ գեղարուեստական կտակը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

10/06/2026, 09:37