Թեներիֆի եպիսկոպոսը. «Յոյսով եմ, որ Պապին խօսքերը կը դպչին նաեւ անոնց հոգիին, որոնք կը հարստանան ամենատկարներուն հաշւոյն»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Թեներիֆի եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Էլոյ Սանթիակօ չափազանց դրական գնահատեց Լեւոն ԺԴ Պապին պատմական այցելութիւնը Սպանիա եւ Քանարեան կղզիներ՝ յոյս յայտնելով, որ Սրբազան Հօր խստաշունչ խօսքերը կը դպչին մարդավաճառներու հոգիին։ Միաժամանակ, ան դատապարտեց որոշ քաղաքական գործիչներու անտարբերութիւնը եւ կոչ ուղղեց որդեգրելու մարդասիրական չափանիշներով համամոլորակային լուծումներ՝ գաղթականներուն արժանապատիւ կեանք ապահովելու համար։
«Յոյսով եմ, որ Պապին խօսքերը կը դպչին նաեւ անոնց հոգիին, որոնք կը հարստանան ամենատկարներուն հաշւոյն»։ Այս խօսքերով արտայատուեցաւ Սան Քրիստոպալ տէ լա Լակունայի (Թեներիֆ) եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Էլոյ Սանթիակոն՝Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին կղզի կատարած պատմական այցելութեան աւարտին։
Վատիկանի լրատուամիջոցներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, եպիսկոպոսը ամփոփեց Լեւոն ԺԴ Պապին Սպանիա եւ Քանարեան կղզիներ տուած առաքելական ճամբորդութեան արդիւնքները՝ խստօրէն դատապարտելով գաղթականներու դժբախտութենէն շահապատակողներն ու անտարբեր քաղաքական գործիչները։
Յոյսի եւ օրհնութեան պատմական պահ մը
Գերապայծառ Սանթիակօ չթաքցուց իր մեծ գոհունակութիւնը. «Հաշուեկշիռը չափազանց դրական է։ Այս այցելութիւնը շնորհքի եւ օրհնութեան պահ մըն էր ո՛չ միայն կաթողիկէներուն, այլեւ Քանարեան կղզիներու ողջ ժողովուրդին համար»։ Ըստ անոր, Քահանայապետը կը նկատուի միջազգային հեղինակութիւն մը, որ անդադար կը պայքարի մարդկային արժանապատուութեան եւ խաղաղութեան համար։
Խստագոյն կոչ՝ մարդկային կեանքերու վաճառականներուն
Պապին կողմէ մարդավաճառներուն ուղղուած «դարձի եկէ՛ք» մաղթանքը խոր արձագանգ ձգած է թեմակալ առաջնորդին մօտ։«Անոնք շատ զօրաւոր խօսքեր էին, որոնք անմիջապէս յիշեցուցին Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի պատմական կոչը Սիկիլիոյ մաֆիաներուն», նշեց եպիսկոպոսը՝ աւելցնելով. «Քանի՜ կեանքեր կը կորսուին այս տնտեսական շահերուն պատճառով… Մարդիկ կը նկատուին իբրեւ առարկայ եւ ոչ թէ անհատներ»։
Անդրադառնալով «Լաս Ռաիսես» գաղթականներու կեդրոնին, ուր այժմ կը բնակին շուրջ 600 հոգի (անցեալին՝ մինչեւ 4 հազար), գերպ Սանթիակօ յոյս յայտնեց, որ օր մը այսպիսի անմարդկային կառոյցներու կարիքը չի զգացուիր, երբ պետութիւնները որդեգրեն կանոնաւոր եւ բաց ընդունելութեան քաղաքականութիւն։ «Այս կղզիները վերածուած են վանդակի մը գաղթականներուն համար, իսկ մարդկային սիրտը չի կրնար տարբերութիւններ դնել գաղափարախօսութիւններու պատճառով»։
Քաղաքական գործիչներու կեցուածքը. «Չեմ հասկնար այն քաղաքական գործիչները, որոնք ոչ մէկ կարեկցանք ունին տառապող մարդոց հանդէպ։ Պէտք է շարունակենք ձայն տալ գաղթականներուն»։Համամոլորակային լուծում. Խնդիրը համաշխարհային է, հետեւաբար պէտք է մարդասիրական չափանիշներով միջազգային լուծում գտնել։
Յաջորդ հանգրուանը՝ Լամփետուզա
Լեւոն ԺԴ Պապին յառաջիկայ Յուլիս 4-ի այցելութիւնը իտալական Լամփետուզա կղզի, ըստ եպիսկոպոսին, պատգամաբեր է։ Ատլանտեան ովկիանոսի ճամբուն վրայ տարեկան աւելի քան հազար մարդ կը մահանայ, նոյնքան ալ՝ Միջերկրականի մէջ։ Այս այցը պիտի վերանորոգէ Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանակին ըրած համաշխարհային կոչը՝ եղբայրութեան եւ փոխադարձ ընդունելութեան։
«Ապշած եմ Սպանիոյ ցուցաբերած բացառիկ արձագանգէն։ Պապը գրաւեց սպանացիներուն սիրտը։ Յոյսով եմ, որ այս մէկը նոր թափ պիտի տայ աղքատներուն ծառայող եւ կենդանի Եկեղեցւոյ մը առաքելութեան», եզրափակեց Թեներիֆի եպիսկոպոսը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
