Որոնել

Pope Leo XIV visits Spain

«Բարձրացուցէք ձեզ հայեացքը». վերջ գտաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին առաքելական ճամբորդութիւնը Սպանիա

«Այո՛, մեր հայեացքը ուղղենք դէպի Խաչեալն Քրիստոս. Անոր Սիրտը ողորմութեան աղբիւրն է, որ միայն կրնայ փրկել ներումի եւ հաշտութեան կարօտ մարդկութիւնը՝ ճշմարիտ ու տեւական խաղաղութեան հասնելու համար: Բարձրացնենք մեր հայեացքը, ինչպէս ըրաւ Մարիամը՝ բոլոր տառապեալներու Մայրը, եւ անոր առաջնորդութեամբ վերսկսինք մեր ճամբան յոյսով» ըսաւ Լեւոն ԺԴ եւ հրաժեշտ առաւ բոլորէն անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ապա խրախուսելով. «Մնանք միացած աղօթքի եւ հաղորդութեան մէջ՝ ի Քրիստոս եւ սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ուրբաթ` 12 Յունիս 2026-ին, Սանթա Քրուզ տէ Թեներիֆէի նաւահանգիստին մէջ մատուցած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով իր աւարտին հասաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին Սպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը, որ իր Քահանայապետութեան չորրորդ ճամբորդութիւնն էր եւ ընդգրկեց Մատրիտը, Պարսելոնան եւ Քանարեան կղզիները։

Յիսուսի Սուրբ Սրտի տօնին առթիւ կատարուած այս արարողութեան աւարտին Սան Քրիսթոպալ տէ Լա Լակունայի եպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Էլոյ Ալպերթօ Սանթիակօ Սանթիակոն` տեղական Եկեղեցւոյ եւ կղզեխումբի ամբողջ բնակչութեան անունով շնորհակալութեան խօսք մը ուղղեց Լեւոն Պապին, որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն ուղղեց իր հրաժեշտի վերջին խօսքը «ի սրտէ» շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին իշխանութիւններ ու ժողովուրդ։

«Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, այս սուրբ պատարագով կ՚աւարտի Սպանիա կատարած իմ առաքելական Ճամբորդութիւնս: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ եւ բոլոր անոնց, որոնք զիս ընդունեցին եւ հազար ու մէկ ձեւերով գործակցեցան Մատրիտի, Պարսելոնայի, Մոնսեռաթի եւ հոս՝ Քանարեան Կղզիներու մէջ տարբեր պահերու պատրաստութեան ու իրականացման» ըսաւ Սրբազան Պապը:

«Դէպի Հռոմ կը վերադառնամ յուզուած՝ այն մեծ սիրոյն համար, որ զիս շրջապատեց, եւ մխիթարուած՝ հաւատքի ու Եկեղեցւոյ հանդէպ սիրոյ վկայութիւններով, որոնք Սպանիոյ մեծ կաթողիկէ սրտին արտայայտութիւններն են» յարեց ապա Ան եւ մտածումը ընդլայնելով դէպի ամբողջ աշխարհը եւ անոր վէրքերը, որոնք կը տառապեցնեն ամբողջ ժողովուրդները, ուզեց բոլորին ուղղել ճամբորդութեան կարգախօսը. «Բարձրացուցէ՛ք ձեր հայեացքը»:

«Այո՛, մեր հայեացքը ուղղենք դէպի Խաչեալն Քրիստոս. Անոր Սիրտը ողորմութեան աղբիւրն է, որ միայն կրնայ փրկել ներումի եւ հաշտութեան կարօտ մարդկութիւնը՝ ճշմարիտ ու տեւական խաղաղութեան հասնելու համար: Բարձրացնենք մեր հայեացքը, ինչպէս ըրաւ Մարիամը՝ բոլոր տառապեալներու Մայրը, եւ անոր առաջնորդութեամբ վերսկսինք մեր ճամբան յոյսով» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ եւ հրաժեշտ առաւ բոլորէն անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ապա խրախուսելով. «Մնանք միացած աղօթքի եւ հաղորդութեան մէջ՝ ի Քրիստոս եւ սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ»:

Նորին Սրբութիւնը ապա ուղղուեցաւ աւանդատուն եւ այնտեղէն մեկնեցաւ Թեներիֆէ Նորթէ-Լոս Ռոտէոս օդակայան՝ ուր հրաժեշտի արարողակարգի աւարտին, ի ներկայութեան Սպանիոյ Թագաւորին ու տեղական քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններուն կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելու համար Հռոմ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

12/06/2026, 16:06