«Մենք ամէնքս մէկ ընտանիք ենք». Քահանայապետին ողջոյնի խօսքը Թեներիֆէյի հաւատացեալներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Եղբայրութեան, հիւրընկալութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան պատգամ մը յատկանշեց Թեներիֆէյի առաջնորդարանի մօտ Քահանայապետին հաւատացեալներուն հետ ունեցած կարճ, բայց տպաւորիչ հանդիպումը:
Արդարեւ Ան նախ քան Թեներիֆէյի նաւահանգիստին մօտ սուրբ պատարագը մատուցելը, հակիրճ դադարով մը այցելեց կղզիին առաջնորդարանը որուն պատշգամէն դուրս գալով ողջունեց այս առիթով համախմբուած հաւատացեալները։
«Բարի լոյս բոլորին եւ շնորհակալութիւն հոս գտնուելուդ համար», ըսաւ Լեւոն Պապը երախտագիտութիւն յայտնելով համայնքին ցուցաբերած սիրոյն համար:
«Յատկապէս շնորհակալութիւն այն հիւրընկալութեան համար, որ կը ցուցաբերէք բոլոր գաղթականներուն» ըսաւ ապա Ան ընդգծելով` որ իւրաքանչիւր անձ պէտք է ճանչցուի եւ յարգուի այն արժանապատուութեան մէջ, որ կը բխի Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած ըլլալէն:
«Մենք ամէնքս եղբայրներ եւ քոյրեր ենք. ոմանք փերուացի, ոմանք քոլոմպիացի, ոմանք վենեզուելացի, ոմանք ալ Թեներիֆէէն: Մենք ամէնքս մէկ ընտանիք ենք» հաստատեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով գոհութիւն յայտնելու Աստուծոյ «որ մեզի կեանք տուաւ»:
«Շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ, որ մեզի տուաւ սիրելու եւ սիրուելու կարողութիւնը: Եւ ճիշտ երբ մեր ունեցածը կը բաժնեկցինք ուրիշներուն հետ, այդ ժամանակ է որ կը գտնենք մեր կեանքի իրական իմաստը» նշեց ապա Նորին Սրբութիւնը եւ ներկաներուն իր օրհնութիւնը տալէն առաջ ժամադրութիւն տուաւ պատարագին` «Քիչ ետք դարձեալ կը տեսնուինք»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
