2026.06.07 Viaggio Apostolico in Spagna - Incontro con i membri dell'Ordine Agostiniano

Լեւոն ԺԴ Պապը հանդիպեցաւ Սպանիոյ Օգոստինեան ընտանիքի անդամներուն

Պապը յատկապէս անդրադարձաւ երիտասարդներուն՝ նշելով, որ այս պատգամը անհրաժեշտ է փոխանցել նոր սերունդներուն։ Ան յիշեց նախորդ երեկոյեան Փլազա տէ Լիմայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը, ուր շուրջ 600 հազար երիտասարդներ իրենց հարցումները, մտահոգութիւններն ու հոգեւոր փնտռտուքները կիսած էին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր կէսօրէ ետք, նախքան «Մշակոյթի, արուեստի, տնտեսութեան եւ մարզանքի աշխարհին հետ ցանցեր հիւսել» խորագիրով հանդիպման մասնակցիլը Մովիսթար Արենայի մէջ, Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ Պապը հանդիպում ունեցաւ Սպանիոյ տարբեր շրջաններներէն ժամանած շուրջ 220 Օգոստինոսեան հայրերու եւ օգոստինեան ընտանիքի զանազան անդամներու հետ։

Այս մասին կը տեղեկացնէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը իր Թելեկրամեան հաղորդագրութեան մէջ։

Հանդիպումը սկսաւ Գաւառական Վերակացուին ողջոյնի խօսքով, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ներկաներուն եղբայրական հանդիպման առիթին համար։ Ան ընդգծեց, որ օգոստինեան ընտանիքին մէջ տիրող հաղորդութիւնն ու սրտի միութիւնը կարեւոր վկայութիւն կրնան հանդիսանալ ներկայ աշխարհի համար, մանաւանդ պատմական այս հանգրուանին։

Պապը յատկապէս անդրադարձաւ երիտասարդներուն՝ նշելով, որ այս պատգամը անհրաժեշտ է փոխանցել նոր սերունդներուն։ Ան յիշեց նախորդ երեկոյեան Փլազա տէ Լիմայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը, ուր շուրջ 600 հազար երիտասարդներ իրենց հարցումները, մտահոգութիւններն ու հոգեւոր փնտռտուքները կիսած էին։

Իր խօսքին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը նաեւ յիշատակեց հայեցողական կեանքի նուիրուած քոյրերու ներկայութիւնը՝ բարձր գնահատելով անոնց կոչումին արժէքն ու առաքելութիւնը։ Ան շեշտեց, որ անոնց վկայութիւնը առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի այն ժամանակաշրջանին, երբ լռութիւնը եւ մարդու՝ իր ներաշխարհին մէջ խորանալու կարողութիւնը աստիճանաբար կը նահանջեն։

Հանդիպման աւարտին, նախքան ներկաներէն իւրաքանչիւրին հետ անձամբ ողջունուիլը, Լեւոն ԺԴ Պապը բոլոր ներկաները հրաւիրեց միասին աղօթելու «Հայր Մեր»-ը եւ ապա անոնց փոխանցեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

07/06/2026, 17:59