Լեւոն ԺԴ. Պապ ստացաւ ոսկեայ բանալին Լեւոն ԺԴ. Պապ ստացաւ ոսկեայ բանալին  (ANSA)

Մատրիտի Քաղաքապետը Քաղաքի «Ոսկեայ Բանալին» յանձնեց Լեւոն ԺԴ. Պապին

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Մատրիտի «Փլասա տէ Սիպելես» հրապարակ ժամանելուն պէս, քաղաքապետէն հանդիսաւոր կերպով ստացաւ Մատրիտի «Ոսկեայ բանալին» եւ Պատուոյ մատեանին մէջ ձգեց հիւրընկալութեան ու մարդկային արժէքներու ուղղուած պատգամ մը: Այս խորհրդանշական արարողութենէն անմիջապէս ետք, Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ դէպի աւանդատուն՝ պատրաստուելու Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ մատուցուելիք հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 7 Յունիսի առաւօտեան, Սպանիա կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը պապական բաց կառքով «փափամոպիլ»ով փոխադրուեցաւ Մատրիտի կեդրոնական «Փլասա տէ Սիպելես» հրապարակ:

Հրապարակ ժամանելուն պէս, Մատրիտի քաղաքապետը, քաղաքային խորհուրդի անդամներու ներկայութեամբ, հանդիսաւոր կերպով քաղաքի «Ոսկեայ բանալին» յանձնեց Սրբազան Հօր:

Այս առթիւ, Նորին Սրբութիւնը յատուկ գրառում կատարեց քաղաքի Պատուոյ ոսկէ մատեանին մէջ՝ ձգելով հետեւեալ պատգամը.

«Թող Մատրիտը շարունակէ մնալ հիւրընկալ ու ներառական քաղաք, ուր հասարակական կեանքը կը ներշնչուի հարազատ մարդկային արժէքներով»։

Ոսկէ մատեանը ստորագրելէ անմիջապէս ետք, Քահանայապետը ուղղուեցաւ դէպի աւանդատուն՝ պատրաստուելու համար Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ մատուցուելիք հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին:

Լեւոն ԺԴ. Պապ
Լեւոն ԺԴ. Պապ   (ANSA)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

07/06/2026, 12:16