«Թող Աստուած օրհնէ Սպանիան». Լեւոն ԺԴ. Պապին «շնորհակալութիւնը»՝ առաքելական ճամբորդութեան համար։»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Յունիս 14-ի առաւօտեան, Առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքէն ետք, Լեւոն ԺԴ. Պապը երախտագիտութեան եւ զօրակցութեան պատգամ մը յղեց՝ անդրադառնալով միջազգային վերջին իրադարձութիւններուն եւ եկեղեցական կեանքի ուշագրաւ ձեռնարկներուն։
Երախտագիտութիւն Սպանիային
Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ամառնային արեւի տակ համախմբուած շուրջ 20 հազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Սրբազան Քահանայապետը նախ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Յունիս 6-12 տեղի ունեցած Սպանիոյ ճամբորդութեան համար, որ Նորին Սրբութեան չորրորդ առաքելական այցելութիւնն էր դէպի այդ երկիր։ Քահանայապետը որ իր առաքելութեան ընթացքին այցելած էր Մատրիտ, Պարսելոնա, Կրան Քանարիա եւ Թեներիֆէ, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆելիփէ Զ. թագաւորին, եպիսկոպոսներուն, կրօնաւորներուն եւ համայն իսպանացի ժողովուրդին՝ զինք պատած ջերմ հիւրընկալութեան եւ սիրոյ համար։ «Թող Աստուած միշտ օրհնէ Սպանիան», յայտարարեց Քահանայապետը։
Զօրակցութիւն Ֆիլիփիններու երկրաշարժի զոհերուն
Լեւոն ԺԴ. Պապը իր հոգեւոր մօտիկութիւնն ու աղօթքը վերապահեց Ֆիլիփիններու բնակչութեան, որ անցեալ երկուշաբթի՝ Յունիս 8-ին, ենթարկուած էր 7.8 մակնիթուտ ուժգնութեամբ աւերիչ երկրաշարժի մը։ Աղէտը, որ գլխաւորաբար հարուածած էր երկրի հարաւը գտնուող Մինտանաօ կղզին, պատճառած է աւելի քան 60 զոհ, հարիւրաւոր վիրաւորներ եւ 32 հազարէ աւելի տեղահանուածներ։ Պապը ապահովեց իր աղօթքները ննջեցեալներու հոգիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար՝ հայցելով տէրունական մխիթարութիւն բոլոր տուժածներուն։
Բռնատիրական վարչակարգերու նոր երանելիները
Շարունակելով իր խօսքը, Քահանայապետը յիշեցուց վերջերս եկեղեցւոյ կողմէ երանելիներու կարգին դասուած նոր նահատակները, որոնք զոհ գացած են բռնատիրական վարչակարգերու հալածանքներուն։ Յունիս 6-ին, Չեխիոյ Պռնօ քաղաքին մէջ երանելի հռչակուած էին համայնավարական (վարչակարգի զոհ դարձած քահանաներ Վացլաւ Տրպոլան եւ Եան Պուլան, իսկ Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ՝ նացիզմի զոհ գացած սալեզեան քահանայ Եան Շվիերցն ու իր ութ ընկերակիցները։
Անոնց կողքին, Յունիս 13-ին Պրազիլի մէջ երանելիներու շարքին դասուած է իտալացի առաքելեալ հայր Նազարենօ Լանչիոթթին, որ սպաննուած էր թմրեցուցիչներու մաքսանենգութեան եւ մարմնավաճառութեան դէմ մղած իր անդուլ պայքարին համար։ «Այս քաջարի վկաներուն օրինակն ու բարեխօսութիւնը թող սատարեն քահանաներու եւ համայն եկեղեցւոյ առաքելութեան», նշեց Նորին Սրբութիւնը։
Քրիստոնէական միութեան քայլեր
Պատգամի աւարտին, Քահանայապետը անգլերէն լեզուով ողջունեց «Քրիստոսի Աշակերտներ» եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միջեւ երկխօսութեան միջազգային յանձնախումբի անդամները՝ բարձր գնահատելով 1977-էն ի վեր անոնց տարած աստուածաբանական աշխատանքը եւ մաղթելով, որ այդ քննարկումները նպաստեն քրիստոնեաներու միջեւ հաղորդութեան եւ միութեան աճումին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
