Լեւոն ԺԴ. պիտի այցելէ ՄԱԿ-ի Պարէնի Համաշխարհային Ծրագրի կեդրոնատեղին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Քահանայապետական Տան Հոգաբարձութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, ընդառաջելով ՄԱԿ-ի Պարէնի Համաշխարհային Ծրագրի (WFP) Գործադիր Տնօրէնի հրաւէրին, յառաջիկայ երկուշաբթի՝ յունիս 22-ին, պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ կազմակերպութեան Հռոմի կեդրոնատեղին։
Հանդիպումներ վարչական խորհուրդին եւ աշխատակիցներուն հետ
Այս առաքելութեան ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ Միջազգային Մարմնի Վարչական Խորհուրդի տարեկան նստաշրջանի մասնակիցներուն հետ, քննարկելու համար աշխարհի տարածքին սովի յաղթահարման եւ մարդասիրական օժանդակութեան վերաբերող հրատապ հարցեր։
Իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը առանձնայատուկ կերպով ժամանակ պիտի տրամադրէ նաեւ կազմակերպութեան պաշտօնէութեան, աշխատակիցներուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ մտերիմ զրոյց մը ունենալու համար, գնահատելով անոնց ամէնօրեայ նուիրուած ծառայութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
