Լեւոն ԺԴ. Պապը CNAO Կեդրոնին Մէջ. «Աստուած չ՚ուզեր որ ոեւէ մէկը տառապի»

Փաւիա կատարած հովուական այցելութեան ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Պապը այցելեց CNAO ուռուցքաբանութեան կեդրոնը, ուր մխիթարեց ու քաջալերեց հիւանդ երեխաներն ու անոնց ընտանիքները՝ շեշտելով ընտանեկան սիրոյ անփոխարինելի դերը տագնապի պահերուն։ Սրբազան Հայրը նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բժշկական անձնակազմին եւ կարեւորեց գիտական հետազօտութիւնը, որմէ ետք ներկաներուն հետ միասնաբար արտասանեց «Հայր Մեր» աղօթքը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Փաւիա կատարած իր հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը այցելեց Ուռուցքաբանական Հադրոնային Թերապիայի Ազգային Կեդրոն, այնտեղ խնամք ստացող փոքրիկներուն, հիւանդներուն եւ անոնց հարազատներուն հետ առանձնաբար զրուցելէ ու զանոնք ողջունելէ ետք, Սրբազան Հայրը փոխանցեց սրտի խօսք մը՝ յատուկ շեշտը դնելով ընտանիքի սիրոյ եւ հաւատքի ուժին վրայ։

«Ընտանիքի սէրը դժուարութիւնները յաղթահարելու առանցքն է»

Իր խօսքին մէջ Քահանայապետը նախ եւ առաջ ընդգծեց ընտանեկան կառոյցին անփոխարինելի դերը, մանաւանդ հիւանդութեան ու տագնապի օրերուն.

«Ամբողջ աշխարհին հասկցուցէ՛ք, թէ դժուարին պահերուն, եթէ չկայ ընտանիքին ներկայութիւնն ու սէրը, ամէն ինչ շատ աւելի կը դժուարանայ»։

Անդրադառնալով տառապանքի խորհուրդին, Լեւոն ԺԴ. Պապը մխիթարական յստակ պատգամ մը տուաւ ներկաներուն. «Աստուած չ՚ուզեր, որ ոեւէ մէկը տառապի»։ Ան բացատրեց, որ Տիրոջ խոստումը հաւատարիմ է ամէն վայրկեան. «Աստուած մեզի կը խոստանայ, որ միշտ ներկայ պիտի ըլլայ։ Նոյնիսկ երբ մենք չափազանց տկար ենք, Ան մեզի հրեշտակներ կը ղրկէ»։

Երախտագիտութիւն բժշկական անձնակազմին եւ գիտական հետազօտութեան

Սրբազան Հայրը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց CNAO կեդրոնին, զոր որակեց որպէս հաստատութիւն մը, «որ հրաշքներ կը գործէ»։ Ան օրհնեց բժիշկներն ու բուժքոյրերը՝ շեշտելով անոնց առաքելութեան սրբութիւնը.

«Աստուած մեր կեանքին մէջ կը գործէ նաեւ բժիշկներուն, բուժքոյրերուն եւ այնքան շատ մարդոց միջոցով»։

Քահանայապետը կարեւորեց նաեւ գիտական հետազօտութեան դերը՝ որպէս ապագան նախապատրաստելու հիմնական ուղի, եւ յորդորեց բոլորին. «Երբ կացութիւնը դժուար է, մեր ամբողջ վստահութիւնը դնենք Աստուծոյ վրայ»։

Համատեղ Աղօթք

Այցելութեան աւարտին, նախքան կեդրոնէն մեկնիլը, ստեղծուեցաւ հոգեւոր ջերմ մթնոլորտ մը, երբ Սրբազան Քահանայապետը, բուժման մէջ գտնուող պատանիներն ու անոնց ընտանիքները ձեռք-ձեռքի տուած միասնաբար արտասանեցին «Հայր Մեր» աղօթքը՝ հայցելով Բարձրեալին բժշկութիւնն ու հովանաւորութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

20/06/2026, 15:47