Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինի Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինի  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինիի մահուան առթիւ

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ցաւակցագիր մը յղած է Հռոմի թեմի երբեմնի փոխանորդին՝ իր խորին վիշտն ու երախտագիտութիւնը յայտնելով վաստակաւոր Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինիի մահուան տխուր առթիւ։ Սրբազան Քահանայապետը բարձր գնահատած է հանգուցեալին խորունկ հաւատքն ու հեռատես ծառայութիւնը եկեղեցւոյ եւ մշակոյթի աշխարհին, ապա իր Առաքելական Օրհնութիւնը փոխանցած է բոլոր սգակիրներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը ցաւակցագիր մը յղեց Հռոմի թեմի Պապական ընդհանուր փոխանորդ, Կարդինալ Պալտասարէ Ռէյնային՝ իր խորին վիշտն ու երախտագիտութիւնը յայտնելով Հռոմի թեմի վաստակաւոր փոխանորդ, Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինիի մահուան տխուր առթիւ։

Յունիս 17, 2026 թուակիր պաշտօնական գրութեան մէջ, Սրբազան Քահանայապետը բարձր գնահատած է հանգուցեալ կարդինալին երկարամեայ ու նուիրեալ ծառայութիւնը եկեղեցական անդաստանէն ներս՝ զայն որակելով որպէս «յարգուած եկեղեցական մը», որ մեծ գործունէութիւն ծաւալած է նախ Ռեճիօ Էմիլիա-Կուասթալայի թեմին մէջ, ապա՝ որպէս տեղակալ եպիսկոպոս, եւ ի վերջոյ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Հռոմի թեմի ու Իտալիոյ եկեղեցւոյ պայծառացման:

«Այս փորձառու եւ իմաստուն եղբօր յիշատակումը, որ օժտուած էր խորունկ հաւատքով, սուր միտքով ու հեռատես հայեացքով, կը յիշեցնէ անոր բեղուն աշխատանքը Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համաժողովին մէջ եւ մշակոյթի աշխարհին հետ անոր հաստատած արդիւնաւէտ երկխօսութիւնը», նշուած է Պապին հեռագիրին մէջ:

Առաքելական Օրհնութիւն սգակիրներուն

Նորին Սրբութիւնը իր սրտակցութիւնն ու մօտիկութիւնը յայտնած է եպիսկոպոսական խորհուրդին, Հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն,
Հռոմի քահանայական դասուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն։

Լեւոն ԺԴ. Պապը հեռագիրը աւարտած է հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի Տէրը հանգուցեալ կարդինալին հոգին ընդունի Երկնային Երուսաղէմի մէջ, եւ իր Առաքելական Օրհնութիւնը փոխանցած է բոլոր անոնց, որոնք կը սգան այս կորուստը, յատուկ երախտագիտութիւն յայտնելով նաեւ անոնց, որոնք խնամք ու հոգատարութիւն ցուցաբերած են հանգուցեալ ծիրանաւորին կեանքի վերջին օրերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

17/06/2026, 14:06