Լեւոն ԺԴ. Պապի ողջոյնի խօսքը լրագրողներուն՝ դէպի Սպանիա թռիչքի ընթացքին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 6 յունիսին, Հռոմէն Մատրիտ տանող թռիչքի ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Պապը լրագրողներուն ուղղած իր աւանդական ողջոյնի խօսքին մէջ յատուկ ուրախութիւն յայտնեց երկար ընդմիջումէ ետք Սպանիա կատարած այս առաջին առաքելական այցելութեան համար: Ստորեւ կը ներկայացնենք Նորին Սրբութեան խօսքը.
«Բարի լո՛յս, բարի լո՛յս բոլորիդ։
«Արդէն սպանական հողի վրայ ենք, հետեւաբար, առաջին հերթին սպաներէնով կ՚ողջունեմ մեզի ընկերակցող սպանացի լրագրողները եւ բոլոր անոնք, որոնք հոս են։ Շնորհակալութիւն ձեր ծառայութեան համար։ Ինչպէս լաւ գիտէք, այս ճամբորդութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր Պապի մը առաջին այցելութիւնն է Սպանիա, եւ անձնապէս շատ տպաւորուած ու ուրախ եմ այս ճամբորդութիւնը կատարելուս համար։ Շատ անգամներ եկած եմ Սպանիա, բայց ասիկա առաջինն է այս առաքելութեամբ։ Ասիկա առաքելական այցելութիւն մըն է՝ հանդիպելու հաւատացեալներուն, տօնախմբելու հաւատքը, աւետելու Յիսուս Քրիստոսի պատգամը, բայց, միեւնոյն ժամանակ, ողջունելու բոլորը, ամբողջ հասարակութիւնը, որովհետեւ Եկեղեցին պատգամ մը ունի բոլորին համար, ինչպէս կարծեմ շատ յստակօրէն տեսաք Մայիս 25-ին հրապարակուած շրջաբերական նամակին մէջ»։
Երիտասարդութեան ներկայութիւնը եւ յոյսի պատգամը
Ողջոյին խօսքին մէջ Քահանայապետը ընդգծած է նաեւ իր ակնկալութիւնները այս ոււղեւորութենէն՝ յատուկ շեշտը դնելով երիտասարդներու խանդավառութեան վրայ.
«Ուստի կը յուսամ, որ բոլորիս համար գեղեցիկ ճամբորդութիւն մը կ՚ըլլայ, առիթ մը՝ յայտնաբերելու մեծ խանդավառութիւն։ Շատ կաթողիկէներ կան։ Յատկապէս կ՚ուզեմ ընդգծել երիտասարդներուն ներկայութիւնը։ Ինծի ըսուածին համաձայն՝ կը թուի, թէ մեծ թիւով երիտասարդներ պիտի ըլլան իրենց խանդավառութեամբ, եւ կը հաւատամ, որ այսպէս, բոլորս միասին բաժնելով հաւատքի ուրախութիւնը, պիտի կարենանք շատ գեղեցիկ պատգամ մը տալ. պատգամ մը, որ ամէն նաւահանգիստի մէջ, այսպէս ըսած, ուր որ հասնինք, պիտի ունենայ յատուկ նշանակութիւն՝ Մատրիտ, Պարսելոնա, Քանարեան կղզիներ։ Բայց ամէն ինչ՝ հաւատքով ապրելու եւ Աստուծոյ սիրոյ, բարեգործութեան ու ամէն մարդ էակի հանդէպ յարգանքի այս պատգամը աւետելու համար է։ Արդ, հաճո՛յք է ինծի համար ձեզ ողջունելը, եւ բարի՛ ճանապարհ»։
«Իրանի մէջ արդար պատերազմի տարրեր չկան»
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Իրանի մէջ տեղի ունեցողը կարելի՞ է որակել որպէս «արդար պատերազմ», Սրբազան Հայրը յստակ դիրքորոշում յայտնած է.
«Կը կարծեմ, թէ արդէն շատ յստակօրէն ըսուած է. Իրանի մէջ արդար պատերազմի տարրեր չեն գտնուիր։ Արդար պատերազմի տեսութիւնը կու գայ անցեալ դարերէն, երբ դեռ չէին պատկերացներ այն զէնքերն ու կործանարար կարողութիւնը, որոնց այսօր կը տիրապետէ մարդկութիւնը»։
Սեռային չարաշահումներուն խնդիրը. «Ասիկա տակաւին բաց վէրք մըն է»
Անդրադառնալով եկեղեցական դասու անդամներու կողմէ գործադրուած սեռային չարաշահումներուն վերաբերեալ հարցումին, Քահանայապետը վերահաստատած է, որ այս ճամբորդութեան ընթացքին պիտի հանդիպի քանի մը զոհերու հետ: Ան ապահովցուցած է իր եւ ամբողջ Եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը՝ պայքարելու այս երեւոյթին դէմ, զայն որակելով որպէս իրողութիւն մը, որ «տակաւին բաց վէրք մըն է»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
