Լեւոն ԺԴ. «Մարզանքը մարմնի եւ հոգիի դարման մըն է»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 25 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. ընդունեց Իտալիոյ Լողի համադաշնակցութեան ղեկավարները, մարզիկները եւ Հռոմի մէջ կայացած Լողի միջազգային մրցաշարի՝ «62-րդ Սեթթէ Քոլլի» մրցումներուն մասնակցող պատուիրակութիւնները։ Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ մարզանքի դաստիարակչական, մարդկային եւ հոգեւոր արժէքներուն։
Մարզանքը՝ նուիրումի եւ ազնուութեան դպրոց
Պապը նշեց, որ ճիշդ ձեւով ապրուած մարզանքը «դարման մըն է մարմնին եւ հոգիին համար», որովհետեւ ան կը համադրէ մարդկային անձի տարբեր կարողութիւնները եւ զանոնք կ'ուղղէ կարեւոր արժէքներու՝ նուիրումի, համերաշխութեան եւ ազնուութեան։
Ան ընդգծեց, որ բարձր մակարդակի մրցակցական մարզանքը կը պահանջէ կամքի ուժ, սակայն մարզիկին իրական արժէքը կը չափուի իր շարժառիթներուն որակով։ «Հոս է, որ կը տարբերուի իսկական մարզիկը՝ իր մղումներուն եւ նպատակներուն մաքրութեամբ», յայտնեց Սրբազան Հայրը։
Լողը՝ հոգեւոր խորհրդանիշ
Լեւոն ԺԴ. յատկապէս անդրադարձաւ լողի մարզաձեւին՝ նշելով, որ ան ունի առանձնայատուկ խորհրդանշական նշանակութիւն։ Լողորդը իր գործունէութիւնը կը կատարէ ջուրին մէջ, այն տարրին, որ կը պարուրէ ամբողջ անձը։
Պապին համաձայն, այս իրականութիւնը կը յիշեցնէ մարդկային կեանքի առաջին փորձառութիւնը՝ մօր արգանդին մէջ գտնուելու շրջանը, եւ կը խորհրդանշէ այն ճշմարտութիւնը, թէ կեանքը շարունակական ուսում մըն է՝ ապրելու ներդաշնակութեան մէջ ուրիշներուն եւ մեզ շրջապատող միջավայրին հետ։
Քրիստոնեաներուն համար ջուրը նաեւ Մկրտութեան եւ Քրիստոսի մէջ նոր կեանքի խորհրդանիշն է։
Մարզանքը՝ ժողովուրդներու հանդիպման կամուրջ
Սրբազան Հայրը առանձնայատուկ գոհունակութիւն յայտնեց այն փաստին համար, որ տարբեր երկիրներէ, լեզուներէ եւ մշակոյթներէ եկած մարզիկներ միաւորուած են նոյն սիրոյն եւ նոյն արժէքներուն շուրջ։
Ան ընդգծեց, որ միջազգային մարզական ձեռնարկները կը ներկայացնեն այն աշխարհի պատկերը, զոր մարդկութիւնը կը ցանկայ կառուցել՝ խաղաղ համակեցութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ եղբայրութեան վրայ հիմնուած աշխարհ մը։
«Այս հանդիպումները յոյսի նշան են եւ իրենց նպաստը կը բերեն ժողովուրդներու խաղաղ մերձեցման ու համաշխարհային եղբայրութեան», նշեց Պապը։
Արժէքներ, որոնք կը մնան ամբողջ կեանքին
Իր խօսքի աւարտին Լեւոն ԺԴ. քաջալերեց մարզիկները շարունակելու ապրել եւ տարածել մարզանքի իսկական արժէքները՝ շեշտելով, որ մրցակցական տարիները անցողիկ են, մինչդեռ այդ արժէքները կը մնան ամբողջ կեանքին։
Ան մասնակիցները յանձնեց Փիէր Ճորճօ Ֆրասսաթիի բարեխօսութեան՝ երիտասարդ մարզասէրի մը, որ առանձնայատուկ սէր ունէր լեռնագնացութեան հանդէպ, եւ իր սրտագին օրհնութիւնը փոխանցեց բոլոր ներկաներուն ու անոնց ընտանիքներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
