Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը yv ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր տնօրէնը Լեւոն ԺԴ. Պապը yv ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր տնօրէնը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր տնօրէնը

Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր տնօրէն Խալետ Ահմետ Էլ-Էնանի Ալի Էզզը՝ վերահաստատելով երկու կողմերու սերտ յարաբերութիւններն ու Սեպտեմբերին Ֆրանսա կատարելիք Քահանայապետական այցելութեան ծիրէն ներս կազմակերպուելիք հանդիպումը։ Տեսակցութեան ընթացքին կողմերը շեշտեցին կրթութեան միջոցով անձի զարգացման անհրաժեշտութիւնը, արհեստական բանականութեան մարտահրավէրները, ինչպէս նաեւ մշակութային երկխօսութեան եւ համաշխարհային ժառանգութեան պաշտպանութեան հրատապութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 5 յունիսին, առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի (UNESCO) Ընդհանուր տնօրէն Խալետ Ահմետ Էլ-Էնանի Ալի Էզզը։

Պաշտօնական տեսակցութենէն ետք, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր տնօրէնը հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՚ընկերակցէր Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչարտ Կալակէրը։

Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ ու սրտագին խօսակցութիւններուն ընթացքին երկուստեք գոհունակութեամբ ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ ու բարի յարաբերութիւնները։ Այս ծիրէն ներս յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկայ սեպտեմբերին նախատեսուած Լեւոն ԺԴ. Պապին պաշտօնական այցելութեան ԵՈՒՍԵՔՕ-ի կեդրոնատեղի, որ տեղի պիտի ունենայ դէպի Ֆրանսա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան շրջագիծէն ներս։

Կրթութիւն, Արհեստական բանականութիւն եւ խաղաղութիւն

Հանդիպման առանցքային թեմաներուն անդրադառնալով՝ կողմերը շեշտեցին կրթութեան միջոցով մարդկային անձի համապարփակ զարգացման խթանման անհրաժեշտութիւնը։

Յատուկ ուշադրութեան արժանացան նաեւ արհեստական բանականութեան ընձեռած նոր հնարաւորութիւններն ու անոր յառաջացուցած արդի մարտահրաւէրները։

Խօսակցութեան աւարտին կողմերը վերահաստատեցին տարբեր մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան դաստիարակութեան կարեւորութիւնը՝ որպէս համաշխարհային խաղաղութեան հաստատման գլխաւոր ու արտօնեալ ուղի, ինչպէս նաեւ շեշտեցին մարդկութեան մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու պաշտպանութեան հրատապ անհրաժեշտութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

05/06/2026, 13:24