Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Փիացցա Վիթթորիայի վրայ. «Քաղաքը պարգեւ մըն է եւ առաջադրանք հոն բնակողներուն համար»

Փաւիա կատարած հովուական այցելութեան ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Փիացցա Վիթթորիայի վրայ համախմբուած բազմահազար հաւատացեալներուն ուղղեց պատգամ մը՝ շեշտելով քաղաքացիական պատասխանատուութեան, անտարբերութեան դէմ պայքարի եւ հասարակաց բարիքի կարեւորութիւնը։ Սրբազան Հայրը նաեւ անդրադարձաւ քաղաքի ակադեմական հարուստ աւանդութեան՝ Սուրբ Օգոստինոսի կերպարով մատնանշելով հաւատքի ու բանականութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող անքակտելի կապը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 20 Յունիս 2026-ին, Սան Փիեթրօ Ին Չիել տ’Օրօ Պազիլիքայէն մեկնելէ եւ հրապարակին վրայ խմբուած հաւատացեալները ողջունելէ ետք, Լեւոն ԺԴ. Պապը ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Մայր Տաճարի հրապարակ (Piazza Duomo)։ Հոն Սրբազան Հայրը արժանացաւ յատուկ եւ յուզիչ ընդունելութեան. Մայր Տաճարի գաւիթին վրայ Ան ստացաւ փոքրիկներուն ծաղկեփունջերու նուիրատուութիւնը, որմէ ետք երկարօրէն եւ ջերմօրէն ողջունեց հրապարակին վրայ գտնուող երեխաներն ու տեղւոյն հարաւամերիկեան համայնքի անդամները, որոնք խանդավառութեամբ կը սպասէին Իրեն։

Մայր Տաճարին առջեւ, Քահանայապետը կատարեց երկու խորհրդանշական օրհնութիւններ.

Ան օրհնեց Փաւիայի մօտակայքը գտնուող Գոփիանոյի «Մատոննա տելլա Քոլոմպինա»տիրամօր պատկերը։ Սրբազան Հայրը հրաւիրուած էր հոն 31 Մայիս 2025-ին, սակայն չէր կրցած երթալ՝ Պապ ընտրուելուն պատճառով։

Ապա, օրհնեց «Լքուած երեխաներու օրօրոցը», որ պիտի զետեղուի Փաւիայի Սուրբ Աղեքսանդր եկեղեցւոյ մէջ՝ որպէս կեանքի պաշտպանութեան նշան։

Մայր Տաճարէն դուրս, դիմելով հաւատացեալներուն, Լեւոն ԺԴ. Պապը փոխանցեց սրտի խօսք մը՝ յատուկ ողջոյն ուղղելով փերուացի եւ լատինամերիկացի հաւատացեալներուն. «Կեցցե՛ Փաւիան» բացագանչեց Ան։

Իր սիրտի խօսքին մէջ Քահանայապետը շեշտեց յոյսի ու խաղաղութեան հրամայականը.

«Եթէ կ՚ուզենք, որ աշխարհը խաղաղութեամբ ապրի, պէտք է սկսինք մենք մեզմէ։ Ասիկա կը նշանակէ՝ բա՛ւ է ատելութեան խօսքերը, բա՛ւ են վիրաւորանքներն ու հալածանքները (bullying), բա՛ւ են այն բոլոր բաները, որոնք պատերազմ կը յառաջացնեն մարդոց, համայնքներու եւ երկիրներու միջեւ»։

Կոչ Երիտասարդներուն. «Կերտեցէ՛ք իրական ընկերութիւն, այլ ոչ Թէ պաստառներու միջոցով»

Սրբազան Հայրը երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր դաստիարակներուն ու կամաւորներուն իրենց ծառայութեան համար, իսկ պատանիներուն ուղղեց հայրական յորդոր մը.

«Յարատեւեցէ՛ք, մասնակից եղէ՛ք եւ ջանացէ՛ք կերտել հարազատ ընկերութիւն։ Ո՛չ միայն պաստառներու կամ հեռախօսի միջոցով, այլ՝ իրական ընկերութիւն դէմ առ դէմ, անձնապէս ներկայ գտնուելով։ Այդպիսով պիտի անդրադառնաք, որ Յիսուս իրապէս կ՚ապրի մեր մէջ»։

Իր խօսքի աւարտին, Քահանայապետը բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը՝ մաղթելով, որ Փաւիայի համայնքը միշտ մնայ կենդանի՝ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով։

Ժամը 17:30-ին, Վիթթորիա հրապարակին վրայ համախմբուած աւելի քան 3500 քաղաքացիներու, հաւատացեալներու եւ բարձրաստիճան հիւրերու ներկայութեան, տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպումը։

Փաւիայի քաղաքապետ տոքթ. Միքելէ Լիսսիայի եւ թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Կորրատօ Սանկուինեթիի ողջոյնի խօսքերէն ետք, Լեւոն ԺԴ. Պապը արտասանեց իր սիրտի խօսքը , որուն առանցքը կազմեցին քաղաքացիական պատասխանատուութիւնը, գիտութեան եւ հաւատքի երկխօսութիւնն ու մարդկային արժանապատուութիւնը։

«Քաղաքը պատասխանատուութիւն է»

Իր ճառին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծեց Փաւիայի պատմական ու մշակութային խորութիւնը.

«Քաղաքը իրականութեան մէջ պարգեւ մըն է եւ առաջադրանք՝ հոն բնակողներուն համար։ Այս հրապարակէն բոլորս կ՚անդրադառնանք ատոր՝ տեսնելով, թէ ինչպէս քաղաքացիներուն կեանքը կ՚արտացոլայ շրջակայ շէնքերուն ու քարերուն վրայ»։

Անդրադառնալով լատիներէն civitas (քաղաք) բառի բուն իմաստին, Քահանայապետը յիշեցուց, որ քաղաքը կը ներկայացնէ մարդկային վիճակ մը, ուր բոլորը «համաքաղաքացիներ» են եւ պէտք է առաջնորդուին հասարակաց բարիքով, այլ ոչ թէ անձնական շահերով։ Պապը կոչ ուղղեց պայքարելու անտարբերութեան եւ «քաղաքացիական տգիտութեան» դէմ՝ իւրաքանչիւրին հրաւիրելով ըսելու. «Ինծի կը հետաքրքրէ մեր քաղաքը»։

Ակադեմական աւանդութիւն եւ Սուրբ Օգոստինոսի օրինակը

Քահանայապետը յատուկ անդրադարձ կատարեց Փաւիայի համալսարանական հռչակաւոր աւանդութեան եւ ուսանող երիտասարդութեան՝ շեշտելով, որ գիտութեան յառաջդիմութիւնը միշտ պէտք է ծառայէ մարդուն։ Որպէս փնտռտուքի եւ հանճարի տիպար, ան մատնանշեց Սուրբ Օգոստինոսի կերպարը, որ կը մարմնաւորէ հաւատքի ու բանականութեան դժուարին, բայց անհրաժեշտ երկխօսութիւնը.

«Կարելի չէ հաւատալ առանց մտածելու, ոչ ալ կարելի է լուսաւորել բանականութեան բարձրագոյն հարցումները՝ առանց հաւատքի»։

Եկեղեցւոյ դերը եւ քաղաքի խորհրդանիշը

Լեւոն ԺԴ. Պապը բարձր գնահատեց նաեւ կամաւորներուն եւ եկեղեցական կառոյցներուն աշխատանքը, որոնք կը խնամեն չքաւորները, տարեցներն ու առանձին մնացածները։ Ան շեշտեց, որ Փաւիայի զինանշանին վրայ գտնուող խաչը սովորական խորհրդանիշ մը չէ, այլ մշակութային համադրութիւն, որ ցոյց կու տայ քաղաքի կապուածութիւնը քրիստոնէական սիրոյ տիեզերական արժէքներուն։

Իր խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը սրտագին օրհնութիւն բաշխեց բոլոր ընտանիքներուն եւ ներկաներուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

20/06/2026, 16:56