Լեւոն ԺԴ. Պապին առաքելական այցելութիւնը Փաւիա. «Եղէ՛ք կենդանի քարեր՝ առանց յուսահատելու»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 20 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Փաւիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, CNAO (Միջուկային Բժշկական Յառաջացած Գիտութիւններու Ազգային Կեդրոն) կատարած իր այցելութենէն ետք, ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Փաւիայի պատմական Սան Փիեթրօ Ին Չիել տ՛Օրօ պազիլիքան։
Ժամը 15:45-ին, Օգոստինեան Հայրերու վանքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան։ Զինք դիմաւորեցին Միաբանութեան Ընդհանուր Մեծաւոր Հայր Ճոզեֆ Լ. Ֆարելը, Տարածաշրջանի Մեծաւոր Հայր Կապրիէլ Փետիչինոն եւ վանքի Մեծաւոր Հայր Ճանֆրանքօ Քազակրանտէն։ Օգոստինեան համայնքին հետ կարճատեւ հանդիպումէ մը ետք, Պապը վանքի գաւիթին մէջ ողջունեց Լոմպարտիոյ շրջանի եպիսկոպոսներն ու եկեղեցական կարգ մը պաշտօնեաները։ Գաւիթին մէջ համախմբուած հաւատացեալներուն եւ կրօնաւորներուն ուղղած իր անպատրաստից խօսքին մէջ, «Եթէ երեսուն վայրկեան աւելի մնամ, ձեզմէ շատերը պիտի ճանչնամ»,- կատակեց Քահանայապետը՝ արժանանալով ներկաներու ծափողջոյններուն, որմէ ետք անցաւ Սուրբ Օգոստինոսի ուսուցումներու խորքին։
Աստուածսիրութիւն եւ Եղբայրսիրութիւն. Անբաժանելի կապը
Իր խօսքին մէջ Պապը շեշտեց, որ Սուրբ Օգոստինոս մեզի կը սորվեցնէ ապրիլ այն, ինչ որ Յիսուս Քրիստոս պատուիրեց՝ սիրել զԱստուած եւ սիրել եղբայրներն ու քոյրերը։ Ան յիշեցուց սուրբին տուած այն խորունկ պատասխանը, թէ ո՛ր պատուիրանն է առաւել կարեւորը.
«Մենք չենք կրնար գիտնալ, թէ կը սիրե՞նք զԱստուած, եթէ չենք սիրեր մեր եղբայրները։ Հետեւաբար, եղբայրական սէրը չափազանց կարեւոր է»։
Խաղաղութեան եւ ներողամտութեան պատգամ՝ աշխարհին
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդգծեց, որ բոլորին հանդէպ տածուած սէրն ու բարեգործութիւնը Սուրբ Օգոստինոսի եւ Յիսուս Քրիստոսի այն կենսական պատգամներն են, որոնց կարիքը այսօր աշխարհը խիստ ունի։ Ան յորդորեց ներկաները ըլլալու այդ սիրոյ կենդանի նշանը եւ գիտնալ ապրի՛լ ներողամտութիւնը, հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը։
«Ըլլալ կենդանի քարեր՝ առանց յուսահատելու»
Սան Փիեթրօ Ին Չիել տ’Օրօ Պազիլիքային մէջ, Քահանայապետը մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ Օգոստինենան միաբանութեան հետ։ Մեծաւորին ողջոյնի խօսքէն ետք, Պապը քանի մը խօսք ուղղեց ներկաներուն՝ յիշեցնելով, թէ «Սուրբ Օգոստինոսը մերը չէ, այլ Եկեղեցիինն է, եւ մեր առաքելութիւնն է զայն ճանչցնել Եկեղեցւոյ մէջ», որովհետեւ ան «այս ժամանակաշրջանին շատ բան ունի առաջարկելիք»։ Եւ իր խօսքը ուղղելով դէպի այն բազմաթիւ ուխտաւորներուն, որոնք կը ժամանեն Պազիլիքա, Ան ընդգծեց, թէ ասիկա նշան է, որ մարդիկ փնտռտուքի մէջ են՝ բանի մը, մէկու մը, որ Աստուած է, եւ թէ որքան անհրաժեշտ է «Քրիստոսի հանդէպ սիրոյ եւ Եկեղեցւոյ հանդէպ սիրոյ պատգամը առաջարկել», որ կը կազմէ Սուրբ Օգոստինոսի մտածումին կորիզը։ Ի վերջոյ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ մաղթեց, «որ Սուրբ Օգոստինոսը միշտ օգնէ մեզի ապրելու այս առաքելութիւնը»։
Սան Փիեթրօ Ին Չիել տ’Օրօ Պազիլիքային մէջ՝ ուր համախմբուած էին հոգեւորական դասը, կուսակրօններն ու հաւատացեալները, տեղի ունեցաւ Աստուծոյ Խօսքի պաշտամունք եւ Սուրբ Օգոստինոսի սրբազան մասունքներու յարգանքի արարողութիւն։
Քահանայապետին քարոզը
Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Լեւոն ԺԴ. բարձր գնահատեց Փաւիայի եկեղեցւոյ կենսունակութիւնը՝ աշխարհիկ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ, եւ յորդորեց հեռու մնալ յոռետեսութենէ.
«Դժուարութիւններու ու անհասկացողութիւններու մէջ, Յիսուս Հօր նախախնամող ձեռքը կը տեսնէր դաշտի շուշաններուն մէջ։ Հաւատքի հայեացքը կարող է ճանչնալ այն լոյսը, որ Սուրբ Հոգին միշտ կը սփռէ խաւարին մէջ»։
Յղում կատարելով Սուրբ Պետրոս առաքեալի նամակին, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները ըլլալու «կենդանի քարեր»՝ կառուցուած Քրիստոսի վրայ։ Ան ընդգծեց, որ եկեղեցական կեանքը պէտք է ձերբազատի երկրորդական մտահոգութիւններէն եւ կեդրոնանայ աւետարանական էականին վրայ, նոյնիսկ եթէ ատիկա պահանջէ հրաժարիլ անցեալի որոշ կառոյցներէ կամ ապահովութիւններէ։
Սուրբ Օգոստինոսի օրինակը եւ համալսարանական կեանքը
Քահանայապետը առանձնայատուկ կերպով մատնանշեց Սուրբ Օգոստինոսի կեանքի ու դարձի օրինակը՝ շեշտելով ներքին կեանքի ու հոգեկան անդորրի կարեւորութիւնը արդի աշխարհի վազքին ու տագնապներուն մէջ։ Ան նաեւ յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Փաւիայի համալսարանական մշակոյթին՝ կոչ ուղղելով զարգացնելու գիտութեան եւ հաւատքի միջեւ երկխօսութիւնը, որպէսզի եկեղեցին կարենայ լուսաւորել ճշմարտութեան ու արդարութեան փնտռտուքը։
Սան Փիեթրօ Ին Չիել տ’Օրօ Պազիլիքային մէջ տեղի ունեցած արարողութենէն ետք, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը անակնկալ եւ անմիջական հանդիպում մը ունեցաւ սրբավայրէն դուրս գտնուող հաւատացեալներուն հետ։ Պապը ջերմօրէն ողջունեց դուրսը համախմբուած բազմութիւնը ըսելով.
«Բարի երեկոյ բոլորիդ։ Ողջոյն, բարի երեկոյ։ «Շնորհակալ եմ այստեղ գտնուելուդ համար։ Դուք դուրսը աղօթքով հետեւեցաք ամբողջ արարողութեան։ Հիմա ձեզի ալ կու տամ իմ օրհնութիւնս՝ հայցելով, որ Տէրը միշտ ընկերակցի ու պաշտպանէ ձեզ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
