Լեւոն ԺԴ. Պապի Սուրբ Պատարագը Քանարեան Կղզիներու «Կրան Քանարիա» մարզադաշտին մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Քանարեան կղզիներ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Պապը Լաս Փալմասի Եպիսկոպոսարան ժամանելէն եւ առանձնական ճաշէն ետք, երեկոյեան ժամը 17:50-ին (Իտալիոյ ժամանակով՝ 18:50) ինքնաշարժով ուղղուեցաւ դէպի քաղաքի Սիեթէ Փալմաս թաղամասը գտնուող «Կրան Քանարիա» մարզադաշտ։
8.4 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ այս մարզահամալիրը, որ հիմնադրուած է 2003 թուականին եւ հանդիսասրահն է տեղական «UD Las Palmas» ֆութպոլի խումբին, այսօր վերածուեցաւ հոգեւոր հսկայ հաւաքատեղիի մը:
Ժամանումէն անմիջապէս ետք, Նորին Սրբութիւնը «փափամոպիլ»-ով շրջեցաւ մարզադաշտին մէջ հաւաքուած բազմահազար հաւատացեալներուն միջեւ՝ արժանանալով անոնց անսահման խանդավառութեան եւ ծափողջոյններուն։ Ապա, ժամը 18:15-ին Պապը անցաւ աւանդատուն՝ պատրաստուելու օրուան հանդիսաւոր արարողութեան:
Բազմալեզու աղօթք եւ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ
Երեկոյեան ժամը 18:30-ին (Իտալիոյ ժամանակով՝ 19:30) սկիզբ առաւ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը: Աւետարանի ընթերցման ընթացքին հնչեցին Մատթէոսի Աւետարանէն քաղուած Յիսուսի խօսքերը.
«Ես հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ»։
Յիսուսի Սուրբ Սրտի տօնի նախատօնակին առթիւ մատուցուած պատարագի ընթացքին, արտասանած իր քարոզին մէջ Քահանայապետը նախ եւ առաջ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այս հողերուն վրայ ամէն օր կատարուող բարիքներուն համար, ապա ներկաներուն ուղղեց սրտառուչ կոչ մը.
«Ձեզ կը հրաւիրեմ այս Սուրբ Պատարագի ընթացքին միասնաբար աղօթելու այն եղբայրներուն եւ քոյրերուն հոգիներուն համար, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին ծովուն մէջ»։
Աստուածային սիրոյ անշահախնդրութիւնը
Իր քարոզին մէջ, Քահանայապետը անդրադարձաւ օրուան սուրբգրային ընթերցումներուն՝ շեշտելով, որ Աստուած մարդկութիւնը ընտրած ու սիրած է ոչ թէ յատուկ արժանիքներու կամ տաղանդներու համար, այլ՝ մաքուր եւ անշահախնդիր սիրով։
«Ասիկա Աստուծոյ սէրն է, որուն մէջ արմատաւորուած է սիրելու մեր կոչումը. անիկա հիմնուած չէ հաշիւներու կամ սոսկ զգացումներու վրայ, ոչ ալ կրնայ վերածուիլ պարզ բարեգործութիւններու։ Այն կրակ է հոգիին համար, լոյս՝ մտքին եւ անդիմադրելի մղում՝ ազատութեան», նշեց Նորին Սրբութիւնը՝ աւելցնելով, որ սէրը մարդու բնական վիճակն է եւ անոր գոյութեան լիութեան նախապայմանը։
Շարունակելով իր քարոզը, Սրբազան Հայրը յղում կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապին «Dilexit nos» (24 հոկտեմբեր 2024) շրջաբերական նամակին՝ յիշեցնելով, որ Քրիստոսի Սրտի սիրոյն լաւագոյն պատասխանը մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրելն է։
«"Սիրոյ դիմաց սէ՛ր փոխատուել". ահա այն հրաշալի փոխանակումը, որուն մասնակից դառնալու կը հրաւիրէ մեզ Աւետարանը», ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ան յորդորեց աստուածային անհուն սէրը վերածել ամենօրեայ ծառայութեան՝ յատկապէս անոնց հանդէպ, որոնք առաւել կարիքաւոր են, անպաշտպան եւ անկարող՝ փոխադարձելու այդ սէրը։
Քահանայապետը դրուատեց Քանարեան կղզիներու բնակիչները, որոնք այսօր ալ պատմականօրէն այդ աստուածային սէրը կեանքի կը կոչեն իրենց կղզիին վրայ՝ հիւրընկալութեան, բաժնեկցութեան եւ անձնուէր նուիրումի միջոցով։
Խօսքը կեդրոնացնելով Յիսուսի Սուրբ Սրտի տօնին վրայ՝ Սրբազան Հայրը յստակ ուղեցոյցներ տուաւ քրիստոնէական սիրոյ եւ համերաշխութեան իսկական էութեան մասին։ Ան շեշտեց, որ Քրիստոսի Սրտի անշահախնդրութիւնը պարզապէս գոյատեւելու օգնութիւն չէ, այլ իւրաքանչիւր անհատի նկատմամբ վստահութիւն ներշնչելու եւ զայն լիարժէքօրէն ծաղկեցնելու մղիչ ոյժ է։
Յղում կատարելով Պենեդիկտոս ԺԶ. Պապի «Caritas in veritate» շրջաբերականին, Քահանայապետը յիշեցուց, որ սէրը ամբողջական մարդկութիւն իրական զարգացման հիմնական շարժիչն է։
«Մեր սէրն ու բարեգործութիւնը պէտք չէ վերածուին պարզ խնամատարութեան։ Անոնց նպատակը մարդիկը հասարակութեան մէջ ընդգրկելն է՝ անոնց հոգեւոր, մտաւոր ու ֆիզիքական լիակատար իրականացման եւ արժանապատիւ ներկայութեան համար», յայտարարեց Նորին Սրբութիւնը։
Խոնարհութիւնը՝ որպէս սիրոյ եւ խաղաղութեան նախապայման
Մատթէոսի Աւետարանի ընթերցումներու լոյսին տակ, Նորին Սրբութիւնը յատուկ անդրադարձ կատարեց Քրիստոսի Սրտի ամենէն ցայտուն յատկանիշին՝ խոնարհութեան։ Ան քննադատեց արդի աշխարհի այն «գիտուններն ու իմաստունները», որոնք սեփական «ես»-ի աղմուկով տարուած՝ կուրցած են բարօրութենէն եւ կը կարծեն, թէ կրնան առանց Աստուծոյ կամ դրացիին ապրիլ։
Մէջբերելով «Fratelli tutti» շրջաբերական նամակը, Քահանայապետը նշեց. «Յաճախ բարօրութիւնը կը կուրցնէ մեզ, այն աստիճան, որ կը կարծենք, թէ մեր երջանկութիւնը կրնայ իրականանալ միայն եթէ յաջողինք առանց ուրիշներուն ապրիլ»։
Որպէս հակադարձութիւն, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց իջնելու բաժանումներ ստեղծող գոռոզութեան պատուանդաններէն եւ իրարու հանդիպելու եղբայրացնող խոնարհութեան մէջ՝ յիշեցնելով Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերը. «Ուր որ սէր կայ, հոն խաղաղութիւն կայ, եւ ուր խոնարհութիւն կայ, հոն սէր կայ»։
Կոչ՝ պատերազմներու դադրեցման եւ նոր մարդկութեան կերտման
Իր քարոզի աւարտին, , Քահանայապետը յիշեցուց, որ հաւատացեալները Տիրոջ կենդանի ներկայութիւնն են աշխարհի մէջ։ Ան կոչ ուղղեց համայն հաւատացեալներուն՝ հայելու իրարու յարգանքով ու վստահութեամբ, եւ դառնալու աստուածային ողորմութեան ու խաղաղութեան կրողները։
«Աստուծոյ Սրտի սիրով բոցավառուած՝ դառնանք Անոր ողորմութեան եւ խաղաղութեան պատգամաւորները, որպէսզի աշխարհի վրայ դադրին պատերազմները եւ մեր շուրջ աճի սիրոյ մէջ հաշտուած նոր մարդկութիւն մը», եզրափակեց Քահանայապետը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
