Լեւոն ԺԴ. «Հաւատքը անցեալի թանգարան մը պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ կենդանի արտայայտութիւն»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կիրակի, 7 Յունիսի առաւօտեան, Սպանիա կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը «փափամոպիլ»ով փոխադրուեցաւ Մատրիտի կեդրոնական «Փլասա տէ Սիպելես» հրապարակը, ուր Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը աւելի քան 1,200,000 հաւատացեալներու, որոնց շարքին ծիրանաւորներ, եպիսկոպոսներ եւ կրօնաւորներ։
Իր արտասանած քարոզին մէջ, Քահանայապետը ընդգծեց Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին կարեւորութիւնը Սպանիոյ պատմութեան եւ մշակոյթին մէջ՝ յայտարարելով, որ այս տօնակատարութիւնները եւ աւանդական թափօրները պարզապէս «ազգագրական կամ արտաքին երեւոյթներ չեն», այլ՝ արմատներուն վերադառնալու եւ հաւատքը նորոգելու կենդանի արտայայտութիւն:
«Դուրս գալ եսասիրութենէն»
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները անձնական դարձի գալու. «Խնդիրը միայն սկիհ մը դուրս բերելը չէ, այլեւ՝ թոյլ տալը որ մենք մեզմէ դուրս գանք, հեռանալով եսասիրութենէն, անտարբերութենէն եւ հանգստաւէտ ու անձնական հաւատքէ մը, որպէսզի պատասխանենք դարձի գալու իր հրաւէրին՝ փոխելով մեր հայեացքը եւ ընդունելով իր ներկայութիւնը, որ մեզ կը փոխէ ու կը դարձնէ նոր աշխարհի մը կերտիչները»։
Քահանայապետը յիշեցուց նաեւ, որ Սպանիոյ մէջ այս տօնը սերտօրէն կապուած է Սիրոյ եւ Բարեսիրութեան օրուան հետ, որովհետեւ Քրիստոս Ինքզինք կը նոյնացնէ աղքատներուն, հիւանդներուն եւ լքեալներուն հետ:
«Սուրբ Պատարագի ընթացքին Քրիստոս Ինքզինք կը ջամբէ որպէս սնունդ, ապա թափօրը ցոյց կու տայ, որ Ան փակուած չի մնար տաճարին մէջ, այլ, ընդհակառակը, դուրս կու գայ մեզի ընդառաջ: Յիսուս կը քալէ փողոցներէն, կ՚անցնի հրապարակներէն, կ՚այցելէ մեր թաղամասերը եւ կը բնակի մեր առօրեայ կեանքի վայրերուն մէջ՝ որպէս իր ժողովուրդին հետ քալող մերձաւոր Աստուածը, որպէս պատմութեան Տէրը, սփոփանքը՝ տկարներուն, լոյսը՝ ընտանիքներուն, յոյսը՝ ամենախոցելիներուն եւ խաղաղութիւնը՝ տառապողներուն: Այն Քրիստոսը, որ սկիհով կ՚անցնի փողոցներէն, նոյն Ինքն է, որ կը նոյնանայ աղքատներուն, հիւանդներուն, մենակեացներուն եւ լքեալներուն հետ: Պատահական չէ, որ հոս՝ Սպանիոյ մէջ, Եկեղեցին տարիներ շարունակ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը միացուցած է Բարեսիրութեան օրուան հետ»։
Կոչ Սպանիոյ ապագային
Անդրադառնալով երկրի արդի մարտահրաւէրներուն, Լեւոն ԺԴ. շեշտեց, որ դարաւոր կրօնական աւանդութիւնը պէտք չէ ըլլայ «անցեալի թանգարան մը», այլ՝ հաւատքի դպրոց, որ կը սորվեցնէ խոնարհիլ Աստուծոյ եւ մերձաւորին առջեւ, եւ յանձնառու ըլլալ հասարակաց բարիքի կերտման գործին մէջ:
«Ահա, հետեւաբար, պատգամ մը (յանձնարարական մը) այսօրուան եւ վաղուան Սպանիոյ. այն կրօնականութիւնը, որ դարեր շարունակ կեանք տուած է այս երկրին, թող չըլլայ անցեալի թանգարան մը՝ այցելութեան համար, այլ՝ հաւատքի դպրոց, որմէ կարելի է ներշնչուիլ նաեւ այսօր: Դպրոց մը, որ մեզի կը սորվեցնէ ծնրադրել Աստուծոյ եւ մերձաւորին առջեւ, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ ծնրադրել Տիրոջ առջեւ եւ արհամարհել իր եղբայրը. դպրոց մը, որ մեզի կը սորվեցնէ սիրոյ ձրիութիւնը, որ կը վերածուի նուէրի, որպէսզի անիկա շրջանառութեան մէջ մտնէ մեր միջեւ եւ խզէ ամէն տեսակ եսասիրութեան շղթաները. դպրոց մը, որմէ կը սորվինք, թէ Աստուած իրական ներկայութիւն է, եւ մենք եւս կոչուած ենք ներկայ ըլլալու հասարակութեան իրավիճակներուն ու մարտահրաւէրներուն մէջ՝ չփախչելու, այլ անձնապէս յանձնառու ըլլալու հասարակաց բարիքի կերտման գործին մէջ», ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Իր խօսքի աւարտին, Պապը յիշատակեց սպանացի երկու մեծ սուրբերու կեանքն ու վկայութիւնը՝ Սուրբ Մանուէլ Կոնզալեսը (San Manuel González) եւ Սուրբ Յովհաննէս Խաչինը (San Juan de la Cruz)։ Ան աղօթեց, որ Սուրբ Հաղորդութեան շնորհքը տեղացի հաւատացեալները վերածէ խաղաղութեան, արդարութեան եւ ուրախութեան աղբիւրի՝ ի նպաստ ընտանիքներուն եւ ամբողջ երկրին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
