Լեւոն ԺԴ. Պապի Այցելութիւնը Մոնսեռաթի սրբավայր. «Վանական համայնքները օրինակ են Եկեղեցւոյ համար»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Մոնսեռաթի Տիրամօր սրբավայրը տուած իր այցելութեան ընթացքին, Աստուածածնայ մատրան մէջ կարճատեւ աղօթքէ մը ետք, Նորին Սրբութիւնը վանքի պատշգամէն ողջոյնի խօսք ուղղեց համախմբուած հաւատացեալներուն, ապա միացաւ վանական համայնքին՝ սեղանատան մէջ։
Ճաշէն ետք, Սրբազան Քահանայապետը սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վանահայրերուն հետ՝ ողջոյնի եւ նուէրներու փոխանակման համար։ Նորին Սրբութիւնը վերյիշեց այն ժամանակաշրջանը, երբ ինք կը սպասաւորէր Փերուի Թրուխիլիօ քաղաքի՝ Մոնսերաթի Սուրբ Աստուածածինին նուիրուած ծուխին մէջ, ինչպէս նաեւ Օգոստինոսեան միաբանութեան այլ անդամներու հետ Ապպայարան տուած իր նախկին այցելութիւնները։
Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այսօրուան հանդիպման եւ վանականներու վկայութեան համար, որոնք համայնքային կեանքի մէջ կը սնուցանեն Տիրամօր հանդէպ տածած իրենց ջերմեռանդութիւնը։ Այս առումով, Լեւոն Պապը ընդգծեց, որ այս վկայութիւնը յատկապէս արժէքաւոր է ներկայ ժամանակներուն թէ՛ Եկեղեցւոյ եւ թէ՛ համայն աշխարհի համար՝ նշելով. «Վանական համայնքները սինոդականութեան օրինակ են...»։
Լեւոն ԺԴ. Պապի արձանագրած պատգամը Մոնսերաթի Սուրբ Աստուածածին Ապպայարանի Պատուոյ Մատեանին մէջ.
«Իմ պետրոսեան ծառայութիւնը կը դնեմ Մոնսերաթի 'Mare de Déu' (Աստուածամօր) ոտքերուն տակ, որպէսզի անոր մայրական բարեխօսութիւնը պաշտպանէ ամբողջ Եկեղեցին։Իմ սիրով եւ օրհնութեամբ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
