Լեւոն ԺԴ. Պապին լսատեսողական պատգամը Ողորմութեան Համաշխարհային Առաքելական վեցերորդ Համագումարին

Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ մեկնարկած Ողորմութեան Համաշխարհային Առաքելական Վեցերորդ Համագումարի (WACOM VI) մասնակիցներուն ուղղուած իր լսատեսողական պատգամին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը շեշտած է Աստուածային ողորմութեան եւ գթութեան կարեւորութիւնը՝ որպէս իսկական ուրախութեան ու հաստատուն յոյսի աղբիւր: Անդրադառնալով ներկայ աշխարհի տագնապներուն ու պատերազմներուն՝ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղած է ընտանիքներէն սկսեալ կերտել հիւրընկալ ու գթասիրտ հասարակութիւն մը եւ դառնալ խաղաղութեան ու Տիրոջ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ յղեց Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ Յունիս 7-12-ին ընթացող Ողորմութեան Համաշխարհային Առաքելական Վեցերորդ Համագումարի (WACOM VI) մասնակիցներուն: Այս կարեւոր ձեռնարկը, որ ժամանակին մեծապէս կը քաջալերուէր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին կողմէ, այս տարի համախմբած է բազմահազար ուխտաւորներ աշխարհի չորս ծագերէն:

Իր պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը յատուկ ողջոյններ ուղղած է Վիլնիուսի արքեպիսկոպոս Կինթարաս Կրուշասին, Լիթուանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Կիտանաս Նաուսետային, ինչպէս նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ Բարթողոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին, որ սիրով ընդառաջած է համագումարին մասնակցելու հրաւէրին:

Աստուածային ողորմութիւնը՝ որպէս յոյսի աղբիւր

Քահանայապետը, մէջբերելով Սուրբ Օգոստինոսի «Խոստովանութիւններ» գիրքէն այն միտքը, թէ մարդուն միակ յոյսը Աստուծոյ անհուն ողորմութեան մէջ է, շեշտած է, որ Տիրոջ գթասրտութեան անձնական փորձառութիւնը իսկական ուրախութեան եւ հաստատուն յոյսի աղբիւր է իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար:

Անդրադառնալով ներկայիս տագնապալի իրականութեան՝ Նորին Սրբութիւնը նշած է.

«Այսօրուան աշխարհը՝ իր բազմաթիւ վախերով, մտահոգութիւններով, լարուածութիւններով ու պատերազմներով, թէ՛ անհատներու եւ թէ՛ ժողովուրդներու սրտերուն մէջ խաղաղութեան  առ աւելի հրատապ կարիքը ունի: Յարաբերութիւնները թունաւորող եւ կեանքեր կործանող բռնութեան յորձանուտին մէջ, Աստուծոյ ողորմութիւնը կը խնդրէ մտնել մեր սրտերը՝ իր նորոգող արտակարգ ուժով»:

Խաղաղութեան ուղին

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդգծած է, որ իսկական խաղաղութիւնը, որուն այնքան ջերմօրէն կը ձգտի մարդկութիւնը, անհնար է նուաճել առանց ողորմութեան ու գթութեան: Ան յիշեցուցած է Սաղմոսասացին խօսքերը, թէ Աստուծոյ սէրը յաւիտենական է, եւ կոչ ուղղած է համատեղելու Տիրոջ հանդէպ ունեցած անսահման վստահութիւնը անձնական յանձնառութեան հետ.

«Մեր ընտանիքներէն սկսեալ՝ պարտաւոր ենք կերտել աւելի հիւրընկալ եւ գթասիրտ հասարակութիւն մը»,- յորդորած է Քահանայապետը:

Իր խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը յոյս յայտնած է, որ Վիլնիուսի մէջ ընթացող այս օրերը մասնակիցներուն համար ըլլան ներշնչման հարուստ առիթ, որպէսզի անոնք իրենց տեղական համայնքներուն մէջ դառնան Աստուածային ողորմութեան կենդանի վկաները: Նորին Սրբութիւնը սրտագին Առաքելական Օրհնութիւն յղած է բոլոր ներկաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

07/06/2026, 17:15