Լեոն ԺԴ. Պապը Քանարեան Կղզիներուն Մէջ. «Կեանքի փոթորիկները յաղթահարելու համար պէտք է գրկել Քրիստոսի խաչը»

Լեոն ԺԴ. Քահանայապետը Սպանիա կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում ունեցաւ Լաս Փալմասի եկեղեցական դասին հետ՝ արժանանալով քաղաքի «ոսկեայ բանալիին» եւ ջերմ ընդունելութեան: Սուրբ Աննա Մայր Տաճարին մէջ արտասանած իր պատգամին մէջ, Սրբազան Հայրը յորդորեց հաւատացեալները ըլլալ սիրոյ քաղաքակրթութեան «իմաստուն ճարտարապետներ»՝ կեանքի մարտահրաւէրները դիմագրաւելով Քրիստոսի Խաչի եւ հաղորդական հոգեւորականութեան միջոցով:
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 11 յունիս 2026-ին, Սպանիա կատարած իր առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Լեոն ԺԴ. Քահանայապետը այցելեց Լաս Փալմաս տէ Կրան Քանարիայի Սուրբ Աննա Մայր Տաճար, ուր հանդիպում ունեցաւ թեմի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն ու հովուական մշակներուն հետ:

Մինչեւ տաճար հասնիլը, ինքնաշարժերու փոխարինման պահուն, Վեհափառ Հայրապետը քաղաքի քաղաքապետ Քարոլինա Տարիասի կողմէ ստացաւ Լաս Փալմասի «ոսկեայ բանալին»։ Ապա, Սուրբ Աննա պատմական Մայր Տաճարի մուտքին, զինք դիմաւորեց Իսլաս Քանարիասի եպիսկոպոս Խոսէ Մազուելոս Փերեսը: Երկու մանուկներ Պապին ծաղիկներ ընծայեցին, իսկ տաճարի աւագերէցը փոխանցեց Սուրբ Խաչն ու օրհնուած ջուրը։

Կոչ՝ միութեան եւ ծառայութեան

Սուրբ Աննա Մայր Տաճարին մէջ արտասանած իր ճառին մէջ, Քահանայապետը մեծ գոհունակութիւն յայտնեց այս հանդիպման համար՝ բարձր գնահատելով ներկաներու վկայութիւնները, զորոնք որակեց որպէս «կենդանի Եկեղեցւոյ արտացոլում»։

«Այս կղզիները կու գամ որպէս Հայր եւ եղբայր՝ հաւատքի մէջ. ձեզի հետ քրիստոնեայ եմ, իսկ ձեզի համար՝ եպիսկոպոս», նշեց Քահանայապետը՝ վերահաստատելով իր հոգեւոր մօտիկութիւնը ժողովուրդին։

Յղում կատարելով «Gaudium et spes» սահմանադրութեան, Լեոն ԺԴ. Պապը շեշտեց, որ Եկեղեցւոյ սիրտը միշտ պէտք է արձագանգէ ժամանակակից մարդոց, յատկապէս աղքատներուն եւ տառապեալներուն ուրախութիւններուն, յոյսերուն ու տագնապներուն։ Անդրադառնալով Եփեսացիներուն ուղղուած թուղթի ընթերցումին՝ Ան յիշեցուց, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ ստացած է տարբեր շնորհքներ ու պաշտօններ՝ Քրիստոսի մարմնի շինութեան համար։

«Ասիկա Տիրոջ կոչն է, որ այսօր դարձեալ կը հնչէ մեր սրտերուն մէջ՝ հաստատելով մեր կոչումն ու առաքելութիւնը. միասին կառուցել Եկեղեցին՝ հիմնուած Քրիստոսի՝ "անկիւնաքարին" վրայ», աւելցուց Սրբազան Հայրը՝ յորդորելով բոլորին ըլլալ «իմաստուն ճարտարապետներ»՝ սիրոյ քաղաքակրթութեան կերտման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ միահամուռ ուժերով աշխատիլ ի նպաստ համայն մարդկութեան բարօրութեան։

Սուրբ Օգոստինոսի պատգամը եւ խաչի փայտը

Իր խօսքին մէջ Պապը անդրադարձաւ կղզիի բնակիչներուն եւ ատլանտեան հորիզոնին միջեւ գոյութիւն ունեցող խոր ու անքակտելի կապին։ Ան նշեց, որ ովկիանոսի պատկերը ընդմիշտ դրոշմուած կը մնայ կղզեցիի մը աչքերուն մէջ՝ յառաջացնելով անհունութեան, անսահման երկինքի եւ բաց ծովու «առողջ կարօտ մը»։ Սակայն, ըստ Սրբազան Հօր, ծովը երբեմն նաեւ հեռաւորութեան, բաժանման եւ յաղթահարելիք մարտահրաւէրներու խորհրդանիշ է։

Այս մարդկային ու հոգեւոր վիճակը լուսաբանելու համար, Նորին Սրբութիւնը մէջբերեց Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերը, ուր ներկայ աշխարհը կը նմանցուի անցնելիք ծովու մը, որ մեզ կը բաժնէ երկնային հայրենիքէն.

«Ոչ ոք կրնայ անցնիլ այս դարու ծովը, եթէ չկրուի Քրիստոսի խաչով»։

«Առաջին ուղեցոյցը Քրիստոսի խաչը գրկելն է. դուք ատիկա կ՛ընէք ամէն օր իբրեւ կիւրենացիներ՝ ընկերակցելով կեանքի դրամներով խաչուած բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու», նշեց Սրբազան Հայրապետը՝ դրուատելով տեղւոյն եկեղեցականներու խնամատար աշխատանքը։ Ան յիշեցուց, որ սուրբերը նոյնպէս ապրեցան Աստուծոյ կարօտը եւ, դիմագրաւելով կեանքի փոթորիկները, գիտցան Յիսուսը առնել իրենց նաւակներուն մէջ՝ խաղաղեցնելով վախն ու անստուգութիւնը։

Որպէս հաւատքի եւ վստահութիւն կենդանի օրինակ, Պապը մատնանշեց տեղացի երանելի Անթոնիօ Վիսենթէ Կոնզալեսի կեանքը, որ ծանօթ է որպէս «Քանարեան բարի հովիւ»։ Անոր աստուածային շնորհքով պայծառացած կեանքը, ըստ Քահանայապետին, խթան մըն է բոլորին համար՝ կրելու խաչը եւ հաւատարիմ վկաները ըլլալու Աւետարանին՝ պատմութեան այս նոր եւ տագնապալից ժամանակներուն մէջ։

Հաղորդական հոգեւորականութիւն եւ եկեղեցական միութիւն

Որպէս քրիստոնէական կեանքի երկրորդ հիմնական կեցուածք, Լեոն ԺԴ. Պապը շեշտեց «հաղորդական հոգեւորականութիւն» մշակելու կարեւորութիւնը, որ կը միաւորէ հաւատացեալները սիրոյ եւ համերաշխութեան մէջ: Ան յատուկօրէն յիշեց Սուրբ Աննա տաճարի հինաւուրց աւանդութիւնը, երբ Համբարձման տօնին ծաղիկներու թերթիկներ կը տեղան Սուրբ Հաղորդութեան առջեւ՝ բացատրելով, որ այս արարողութիւնը կը խորհրդանշէ այն հոգեւոր բարիքները, զորս Քրիստոս կը տեղայ մեր վրայ։

Մէջբերելով Վատիկանեան Բ. Ժողովի «Lumen gentium» սահմանադրութիւնը, Քահանայապետը յիշեցուց, որ Սուրբ Պատարագին մասնակցելով՝ հաւատացեալները աստուածային Զոհին հետ մէկտեղ ինքզինքնին կը պատարագեն՝ տեսանելի դարձնելով Աստուծոյ ժողովուրդին միութիւնը։ Ըստ Պապին, հաղորդական հոգին կը պահանջէ ապրիլ Յիսուսի փափաքին համաձայն. «Որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան… որպէսզի աշխարհը հաւատայ»։

Այս տեսանկիւնէն, Սրբազան Հայրը յստակօրէն կապեց հոգեւոր կեանքը ընկերային գործունէութեան հետ: Ան յորդորեց ներկաները՝ Սուրբ Հաղորդութենէն ստացած սէրը վերածել գործնական համերաշխութեան, որ կ’արտայայտուի ամենատկարներուն հանդէպ խնամքով, մօտիկութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ՝ յիշեցնելով Մատթէոսի Աւետարանի խօսքերը. «Անօթի էի եւ ինծի կերակուր տուիք, օտար էի եւ զիս ընդունեցիք»։

Յառաջ ընթանալու յորդոր 

Իր պատգամի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց Քանարեան կղզիներու Եկեղեցին՝ հաստատուն մնալու Քրիստոսի արմատներուն մէջ եւ արիութեամբ նաւարկելու պատմութեան այս նոր ժամանակներուն մէջ։ Ան թելադրեց դժուարութեանց պահուն հայեացքը վեր բարձրացնել եւ Սուրբ Հոգիէն խնդրել հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ շնորհքը, զորս Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի խօսքերով որակեց որպէս «երեք աստղեր, որոնք կը փայլին մեր հոգեւոր կեանքի երկնակամարին վրայ՝ մեզ առաջնորդելով դէպի Աստուած»։

Պապը իր աղօթքը վստահեցաւ Սուրբ Կոյս Մարիամին՝ «Stella maris»-ին (Ծովու Աստղին), հայցելով անոր հովանաւորութիւնը, որպէսզի հաւատացեալները կարենան «դէպի խորունկը նաւարկել» եւ հասնիլ Յիսուս Քրիստոսի հետ վերջնական հանդիպման ապահով նաւահանգիստը։

Արարողութեան աւարտին, հովուական օրհնութենէն եւ նուէրներու փոխանակումէն ետք, Սրբազան Պապը ոտքով փոխադրուեցաւ դէպի Լաս Փալմասի Եպիսկոպոսարան, ուր նախատեսուած է անոր ճամբորդութեան յաջորդ հանգրուանը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/06/2026, 13:00