Լեւոն ԺԴ. Կեանքը անհատական յաջողութեան մրցակցութիւն չէ, այլ՝ միասին ապրելու եւ ծառայելու կոչում
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 10 Յունիս 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Սպանիա կատարած իր առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, կէսօրէ ետք Պարսելոնայի Սուրբ Օգոստինոս եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ թեմական բարեսիրական եւ խնամատարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ, Սրբազան Հայրապետը համախմբեց թեմի հաւատացեալները, բարեսիրական մարմիններու ներկայացուցիչներն ու հոգեւորականաց դասը:
Այս առիթով ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը նախ ողջունեց Կարդինալ Արքեպիսկոպոսը, ընկերային հովուականութեան պատուիրակն ու ներկաները, հուսկ յատուկ կերպով անդրադարձաւ պատանի Ռենցոյի ուղղած հարցումին։
«Ես արդէն պատասխանած էի, թէ չեմ ուզեր Պապ ըլլալ՝ ո՛չ որպէս երիտասարդ, ո՛չ ալ որպէս ծեր մարդ։ Բայց երբ Տէրը կը կանչէ, պէտք է «այո՛» ըսել» ըսաւ Լեւոն Պապը ու նշեց թէ «հարցումներուն պատասխանելէ առաջ, միայն կ’ուզեմ ձեզի ըսել, որ սրտանց շնորհակալ եմ ընդունելութեան համար։ Այստեղ իսկապէս կը զգամ ինքզինքս ինչպէս տանս մէջ» ապա պատմեց թէ ինչպէս ինք առաջին ն անգամ այցելած է այս եկեղեցին։
«1984-ին, երբ Հռոմէն Լէոն կ’երթայի, այս կողմերը անցայ եւ ըսի. «Պարսելոնայի մէջ Սուրբ Օգոստինոսի եկեղեցի մը կայ, այցելենք»։ Եկեղեցին փակ էր, իսկ այսօր բաց է։ Ի՜նչ գեղեցիկ է տեսնել Օգոստինեան համայնքով լեցուն եկեղեցի մը, այսքան շատ մարդոցմով, որոնք կ’ապրին, Աստուած կը գովաբանեն, եւ որոնք այս համայնքին, այս եկեղեցւոյ եւ այս հովուական ու ընկերային ծառայութեան մէջ կը գտնեն ընդունելութիւն, ներառականութիւն եւ համախմբում։ Սրտանց շնորհակալութիւն բոլորիդ» ըսաւ Քահանայապետը։
Ֆութպոլը՝ որպէս հաւաքական կեանքի դաս
Անդրադառնալով ապա յառաջիկայ Ֆութպոլի Աշխարհի Ախոյեանութեան, Քահանայապետը խոստովանեցաւ, որ թէեւ ինք անձամբ թենիս կը խաղայ ու կը նախընտրէ, սակայն միշտ մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւած է ֆութպոլին, յատկապէս Փերուի մէջ իր եպիսկոպոսութեան տարիներուն։
«Ֆութպոլը մեզի կը յիշեցնէ կարեւոր իրողութիւն մը․ կեանքը առանձնակի ցուցադրութեան մրցասպարէզ մը չէ, այլ՝ միասնաբար քալելու ուղի մը», յայտնեց Սրբազան Հայրը՝ աւելցնելով, որ նոյնիսկ ամենատաղանդաւոր խաղացողը չի կրնար յաջողիլ, եթէ չի գիտեր փոխանցում կատարել։ Այս նոյն սկզբունքը, կը վերաբերի նաեւ մարդկային կեանքին, ըսաւ Ան
«Իւրաքանչիւր մանուկ Աստուծոյ երազն Է»
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք մանուկ հասակին երազա՞ծ էր Պապ դառնալ, Նորին Սրբութիւնը ժպիտով նշեց, որ երբեք նման բան չէր մտածած, սակայն միշտ զգացած էր իր կեանքը Աստուծոյ նուիրելու փափաքը, որ զինք առաջնորդած է դէպի Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութիւն եւ քահանայութիւն։
Քահանայապետը շեշտեց, որ ամէն մէկ մանուկ Աստուծոյ մէկ երազն է, եւ ամենակարեւոր հարցումը, զոր իւրաքանչիւր անձ պէտք է ուղղէ ինքն իրեն՝ ապագայ արհեստի ընտրութենէն անդին, Յիսուսի հետ բարեկամանալու կամքն է, որովհետեւ այդ բարեկամութիւնն է, որ մարդուն կու տայ իսկական ուրախութիւն ու ազատութիւն։
Չարիքի եւ տառապանքի խորհուրդը
Քահանայապետը անդրադարձաւ նաեւ կեանքի անարդարութիւններուն եւ տառապանքի պատճառներուն։ Ան խոստովանեցաւ, որ մարդկայնօրէն դժուար է բացատրել, թէ ինչո՛ւ ոմանք կը տառապին, իսկ ուրիշներ՝ ոչ։ Այս գետնի վրայ, Ան հրաւիրեց հայեացքը ուղղել Յիսուսի կեանքին, որ թէեւ բարիք գործեց եւ բժշկեց, սակայն խաչուեցաւ։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Քրիստոսի պատմութիւնը չաւարտեցաւ խաչով, այլ՝ Յարութեամբ, որմով Ան յաղթեց չարին ու մահուան ու Աստուած երբեք չի լքեր իր զաւակները տառապանքի պահուն, եւ Յիսուսի ներկայութիւնը ուժ կու տայ յաղթահարելու կեանքի բոլոր դժուարութիւնները։
Տարեցներու առանձնութիւնը՝ «Շատ տխուր» Իրողութիւն
Քահանայապետը անդրադարձաւ ընտանեկան ու հոգեւոր կեանքի երկու առանցքային նիւթերու՝ տարեցներու դերին եւ քրիստոնէական ներողամտութեան սկզբունքին ու յատուկ կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն՝ երբեք առանձին չձգել մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, շեշտելով, որ մեծ հայրերն ու մայրերը կենսական դերակատարութիւն ունին ընտանիքներու ներսէն: Յաճախ անոնք են, որոնք կը խնամեն թոռնիկները, երբ ծնողները աշխատանքով գերազբաղ են՝ անոնց սրտերուն մէջ սերմանելով Աստուծոյ եւ ընկերոջ հանդէպ սէրը։
«Ինչպէ՞ս պէտք է փոխադարձենք այդ սէրը։ Միայն ու միայն սիրով», յայտարարեց Սրբազան Հայրը։ Ան յորդորեց խնամել ու ընկերակցիլ տարեցներուն իրենց ծերութեան օրերուն, ճիշդ այնպէս, ինչպէս անոնք ժամանակին խնամած են մեզ։
Քահանայապետը դատապարտեց հասարակութեան մէջ տարեցներու լքուածութեան երեւոյթը. «Թոյլ մի՛ տաք, որ առանձնութիւնն ու լքումը բնականոն երեւոյթ դառնան տարեցներու կեանքին մէջ։ Ասիկա շատ տխուր բան է։ Եթէ մենք մեզի համար առանձնութիւն չենք ուզեր, պէտք չէ արտօնենք, որ ուրիշներն ալ առանձին մնան»։
Ներել միշտ. Ի՞նչ կը նշանակէ իսկական ներումը
Հանդիպման երկրորդ բաժինով, Քահանայապետը պատասխանեց միշտ ներելու վերաբերեալ հարցումին՝ մէջբերելով Մատթէոսի Աւետարանէն Պետրոս առաքեալի եւ Յիսուսի զրոյցը («եօթանասուն անգամ եօթն»)։ Յիսուսի պատգամը յստակ է՝ պէտք է ներել միշտ։ Սակայն, Սրբազան Հայրը կարեւոր յստակեցում մը կատարեց ներման հասկացողութեան շուրջ.
Ինչ չէ ներումը. Ներել չի նշանակեր ընդունիլ, որ չարիքը արդար էր, ոչ ալ թոյլ տալ, որ մէկը շարունակէ վնաս հասցնել։ Անիկա նաեւ չի նշանակեր բռնի կերպով մոռնալ պատահածը, կարծես թէ ոչինչ եղած է։
Ինչ է ներումը. Ներել կը նշանակէ թոյլ չտալ, որ ատելութիւնը տիրէ մեր սրտին
«Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ ներել, որովհետեւ ատիկա միակ միջոցն է Աստուծոյ խաղաղութիւնը զգալու եւ հոգեկան վէրքերը բուժելու», եզրափակեց Պապը՝ յիշեցնելով, որ ներողամտութիւնը նախապայման է Աստուծմէ թողութիւն ստանալու համար։
Քրիստոնէական կոչումը՝ որպէս շնորհք եւ անշահախնդիր սէր
Անդրադառնալով Հիփոնի Սուրբ Օգոստինոս եպիսկոպոսի ուսուցումներուն, Պապը յիշեցուց, որ քրիստոնեայ ըլլալը նախ եւ առաջ աստուածային պարգեւ եւ շնորհք է ու իսկական քրիստոնեան կոչուած է ըլլալու կարեկից, սիրելու առանց ակնկալութեան եւ փնտռելու դիմացինին բարիքը։
«Իւրաքանչիւր տառապող եղբօր եւ քրոջ մէջ նոյնինքն Տէրն է, որ մեզմէ օգնութիւն կը խնդրէ, կ՚ընդունուի կամ կը մերժուի, կը սիրուի կամ կ՚անարգուի», ընդգծեց Սրբազան Հայրը՝ գնահատելով ներկաներու անխոնջ ծառայութիւնը աղքատներուն եւ տկարներուն։
Անձի արժէքը
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ մարդու արժանապատուութիւնը չի կախուիր անոր ունեցած կարողութիւններէն, կուտակած հարստութենէն կամ հասարակական դիրքէն, այլ՝ Աստուծոյ անսպառ սիրոյ պարգեւէն ու յիշեցուց, որ մարդկային արժէքը կը գտնուի Եկեղեցւոյ գործունէութեան կեդրոնը, եւ սէրը կը հանդիսանայ «ամենամեծ ընկերային պատուիրանը»։
Ճառի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց բոլոր կամաւորներն ու խնամատարները, որպէսզի իրենց հովիւներուն հետ միասին շարունակեն Աւետարանի վկայութիւնը բերել աշխարհին։ Ան շեշտեց, որ կարիքաւորները, նիւթական ու բարոյական աջակցութենէն զատ, ունին նաեւ Աստուծոյ խօսքին, Անոր բարեկամութեան եւ Սուրբ Խորհուրդներուն կարիքը։
Սրբազան Քահանայապետը ներկաներու նուիրումն ու աշխատանքը յանձնեց Բարի Խորհուրդի Տիրամօր բարեխօսութեան՝ հայցելով Աստուծոյ առատ օրհնութիւնը բոլորին վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
