Որոնել

«Ես ալ ձեր կողքին եմ որպէս մատրիտցի». Լեւոն ԺԴ Պապի Հանդիպումը

Լեւոն ԺԴ Պապը Սպանիա կատարած իր առաքելական այցելութեան առաջին օրը այցելեց Մատրիտի «CEDIA 24 HORAS» ընկերային կեդրոն, ուր ջերմ մթնոլորտի մէջ հանդիպեցաւ կամաւորներուն եւ անօթեւան ու դժուարութեան մէջ գտնուող անձերուն։ Իր ելոյթին ընթացքին Սրբազան Հայրը դրուատեց ներկաներու կեանքի վերածննդի պատմութիւնները եւ կոչ ուղղեց հեռու մնալ անտարբերութենէն՝ շեշտելով, որ կարելի չէ մոռնալ աղքատները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը Սպանիա կատարած իր առաքելական այցելութեան առաջին իսկ օրը՝ յունիս 6-ին, այցելեց Մատրիտի «CEDIA 24 HORAS» ընկերային կեդրոնը, ուր հանդիպեցաւ տեղի ծառայողներուն, կամաւորներուն, ինչպէս նաեւ անօթեւան ու դժուարութիւններու մէջ գտնուող բազմաթիւ անձերու: Ջերմ ու ընտանեկան մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպման ընթացքին, Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց կեդրոնի տիեզերական առաքելութիւնը՝ շեշտելով, որ հոն «իւրաքանչիւրին ուրախութիւնն ու ցաւը բոլորինն են»։

«Ես ալ ձեր կողքին եմ՝ որպէս մատրիտցի»

Իր խօսքի սկիզբը Քահանայապետը, որդեգրելով տեղական թեմի առաջնորդին այն արտայայտութիւնը, թէ՝ «ով որ Մատրիտ է, մատրիտցի է», շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրընկալութեան համար.

«Ես ալ ձեր մէջ կը գտնուիմ որպէս մատրիտցի: Շնորհակալ եմ, Մատրիտ, այս ընդունելութեան համար, որ զիս կը ստիպէ զգալ մասնիկը մեծ ու հրաշալի ընտանիքի մը, ուր, ինչպէս բոլոր ընտանիքներուն մէջ, սիրոյ հրաշքներ կը գործուին: Յատկապէս այս տան մէջ, ուր ոչ ոք առանձին կը լքուի»:

Սրբազան Հայրը նշեց, որ «CEDIA»-ն կը քալէ Աւետարանի ճանապարհով՝ առաջնորդուելով քրիստոնէական սիրոյ եւ արդարութեան սկզբունքներով՝ դիմագրաւելու համար կեանքի բարդագոյն մարտահրաւէրները:

Կեանքի Պատմութիւններ. Ողջունելով Նիւրքան, Խատրին եւ Ալիսիան

Անդրադառնալով հանդիպման ընթացքին ներկայացուած վկայութիւններուն՝ Պապը յիշեցուց, որ իւրաքանչիւր փրկուած կեանքի ետին կայ երազ մը եւ «մեծ գթութեամբ օժտուած փոքրիկ դուռ մը»։

Ան յատուկ կերպով դրուատեց Նիւրքայի պատմութիւնը, որ կեդրոնին շնորհիւ կրցած է իր զաւակներուն՝ Արեսին եւ Աթենէային, մայրական սէր, մկրտութեան շնորհք ու երջանիկ ապագայի խոստում ջամբել: Յիշեց նաեւ Խատրին, որ համավարակի մութ թունելէն եւ անորոշութիւններով լեցուն ճամբորդութենէ մը ետք, կեդրոնի օգնութեամբ գտած է աշխատանք եւ այսօր արդէն ինք ուրիշներուն ձեռք կու տայ: Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ալիսիային եւ միւս կամաւորներուն, որոնք «Յոյս» ծրագրի միջոցով ամէն օր կ՚օգնեն բազմաթիւ կիներու՝ վերագտնելու իրենց արժանապատուութիւնն ու յոյսը:

Խորհրդանշական ուէրներ եւ «Բաց վէրքեր»

Կեդրոնին մէջ խնամեալները Քահանայապետին յանձնեցին երեք խորհրդանշական նուէրներ, որոնք, Պապին խօսքով, պատգամ մըն են՝ ուղղուած ամբողջ աշխարհին. Մանուկներու անուններով ժապաւէնը, որ կը պատմէ իւրաքանչիւր ծնունդի բերած արդար ուրախութիւնը, կեցութեան արտօնագիրը, որ կը խորհրդանշէ տագնապալի, բայց միեւնոյն ատեն ազնիւ ու աշխատասէր ընդունելութեան պատմութիւն մը, Հողաթափը, որ Մովսէսի՝ Ովրեբ լերան վրայ Աստուծոյ հետ հանդիպումը յիշեցնելով՝ կոչ կ՚ուղղէ յարգելու իւրաքանչիւր մարդկային կեանքի «սուրբ հողը»։

Զգուշացում՝ աշխարհիկ մտայնութենէն եւ անտարբերութենէն

Իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը մէջբերեց այս այցելութեան նշանաբանը՝ «Բարձրացուցէ՛ք ձեր աչքերը» (Յովհ. 4,35)՝ յիշեցնելով, որ սէրն ու բարեգործութիւնը յետաձգումներ չեն հանդուրժեր։ Ան քննադատեց աշխարհիկ ու քաղաքական այն գաղափարախօսութիւնները, որոնք յաճախ կը ձաղկեն կամ կ՚արհամարհեն աղքատներուն խնամքը.

«Կարելի չէ մոռնալ աղքատները, եթէ չենք ուզեր դուրս գալ Եկեղեցւոյ կենդանի հոսանքէն, որ կը բխի Աւետարանէն», ըսաւ ան՝ վերահաստատելով Ֆրանչիսկոս Պապին  պատգամը, թէ աղքատին ողորմութիւն տուած ատեն պէտք է նայիլ անոր աչքերուն եւ հպիլ անոր ձեռքին, որովհետեւ իսկական սէրը միայն տալ չէ, այլ՝ լսել, երկխօսիլ եւ հասկնալ:

Իր խօսքի աւարտին, Քահանայապետը կեդրոնի ամբողջ առաքելութիւնը յանձնեց Սուրբ Աստուածածնայ մայրական հովանիին՝ աղօթելով, որ Մատրիտի այս օրհնեալ հողին վրայ միշտ կենդանի մնայ գթութեան, ներողամտութեան եւ յոյսի ոգին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

06/06/2026, 18:58