Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը   (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. «Սիրոյ քաղաքակրթութեան» կառուցումը կը պահանջէ քաջութիւն եւ խոնարհ առաջնորդութիւն։

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ ընդունեց «Պորկօ Երկխօսութիւններ» ձեռնարկի մասնակիցները՝ բարձր գնահատելով անոնց երկօրեայ քննարկումները արհեստական բանականութեան, կայունութեան եւ բարոյական առաջնորդութեան շուրջ։ Իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը զգուշացուց անցեալի արմատներէն հեռացող կեղծ գործնապաշտութենէն եւ յորդորեց միասնաբար կերտել «Նոր Երուսաղէմը»՝ հիմնուած սիրոյ քաղաքակրթութեան եւ տկարներու խնամքին վրայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 19 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Քասթել Կանտոլֆոյի «Պորկօ Լաուտաթօ Սի» (Borgo Laudato Si’) համալիրին մէջ համախմբուած «Պորկօ Երկխօսութիւններ» (Borgo Dialogues) առաջին ձեռնարկի մասնակիցները։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց ներկաներուն երկօրեայ հաստատակամ աշխատանքը, որուն նպատակն է վերագտնել ու վերաիմաստաւորել բարոյական առաջնորդութիւնը՝ ներկայիս տարտամած ու պատմական արմատներէն հեռացած աշխարհին մէջ։

Սրբազան Հայրը ընդգեց, որ քննարկուած նիւթերը՝ արհեստական բանականութեան եւ մարդկութեան փոխյարաբերութիւնը, տարեցութիւնն ու կենսունակութիւնը, մարմնակրթութիւնն ու դիւանագիտութիւնը, ինչպէս նաեւ կայունութեան ապագան, սերտօրէն կը համապատասխանեն իր վերջին «Magnifica humanitas» շրջաբերական նամակին մէջ արտայայտուած տեսլականին։

«Մենք կ’ապրինք հոգեւոր եւ մշակութային զգալի կուրութեան ժամանակաշրջան մը։ Կեղծ գործնապաշտութիւնը կը մղէ կտրելու յիշողութեան արմատները՝ կարծես կարելի ըլլար ստեղծել անցեալէն անջատ նոր իրականութիւն մը», յայտնած է Քահանայապետը՝ զգուշացնելով պատմական ոչնչապաշտութեան վտանգներէն, որոնք կրնան մոռացութեան տալ ժամանակակից արհաւիրքները։

Նշելով, որ աշխարհի տարբեր կողմերէն ժամանած մասնագէտներն ու ղեկավարները ներդաշնակուած են Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ «սինոդականութեան» ոգիով, Լեւոն ԺԴ. յորդորեց հեռու մնալ «Պապելոնի աշտարակ» կառուցելու փորձութենէն, որ կը խորհրդանշէ դրամի եւ շահոյթի պաշտամունքը՝ ի հաշիւ տկարներուն ու հանգեցնելով ապամարդկայնացման։

Փոխարէնը, Սրբազան Պապը հրաւիրեց կերտելու «Նոր Երուսաղէմը»՝ սիրոյ քաղաքակրթութիւնը.

«Սիրոյ քաղաքակրթութիւնը չի ծնիր մէկանգամեայ եւ տպաւորիչ արարքով, այլ՝ փոքր ու տոկուն հաւատարմութիւններու հանրագումարով, որոնք պատնէշ կը հանդիսանան ապամարդկայնացման դէմ»։

Իր խօսքի աւարտին, Քահանայապետը օրհնեց ներկաներու ջանքերը՝ մաղթելով, որ անոնք ըլլան Աստուծոյ քաղաքին խոնարհ կառուցողները, որոնք պատրաստ են կենդանի ջուր ջամբելու ծարաւածներուն եւ գորովանքով ու խնամքով մօտենալու իւրաքանչիւր մարդ արարածի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

19/06/2026, 10:55