Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապ. Հակամարտութիւններու եւ պատերազմներու մէջ, մարդկութիւնը բուժելու համար պէտք է առաքելական Եկեղեցի մը։

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց «Քահանայապետական Միսիոներական Գործերու» Ընդհանուր Ժողովի մասնակիցները եւ յատուկ ճառով մը անդրադարձաւ տարուան պատմական յոբելեաններուն, ինչպէս Առաքելական Համաշխարհային Օրուան 100-ամեակին ու Ֆուլթոն Ճ. Շինի մօտալուտ երանացման։ Աշխարհի ներկայ տագնապներու լոյսին տակ, Սրբազան Հայրը շեշտեց «շարունակական առաքելական դարձի» հրամայականը եւ յորդորեց ներկաները գործել կատարեալ միութեամբ՝ միշտ Յիսուս Քրիստոսը դնելով իրենց ծառայութեան կեդրոնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 1 յուլիսին, առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց «Քահանայապետական Միսիոներական Գործերու» Ընդհանուր Ժողովի մասնակիցները,ուղղուած իր ճառին ընթացքին, որ կը զուգադիպի համաշխարհային աւետարանչութեան համար պատմական կարեւոր յոբելեաններու տարուան մը։

Սրբազան Հայրը իր խօսքին սկիզբը յատուկ անդրադարձ կատարեց Առաքելական Համաշխարհային Օրուան հաստատման 100-ամեակին, որ հիմնուած էր Պիոս ԺԱ. Պապին կողմէ՝ Հաւատքի Տարածման Քահանայապետական Գործի խնդրանքով։ Աղօթքի եւ զօրակցութեան այս դարաւոր աւանդը, ինչպէս նշեց Սրբազան Հայրը, այսօր թոյլ կու տայ նիւթական եւ հոգեւոր աջակցութիւն ցուցաբերել աւելի քան 1.130 եկեղեցական թեմերու եւ հոգալ Հռոմի հինգ դպրեվանքներու ծախսերը, որոնք նուիրուած են երիտասարդ Եկեղեցիներէն եկած քահանաներու եւ ուխտաւորներու մշտական կազմաւորման։

Յիշատակ եւ Մարգարէութիւն. 2026-ի Հանգրուանները

Պատգամին մէջ Քահանայապետը ապա ընդգծեց քանի մը պատմական տարեդարձներ, որոնք կը խաչաձեւուին այս տարուան ընթացքին.

Առաքելական Համաշխարհային Օրուան հարիւրամեակը, որ կը նշուի Հոկտեմբեր ամսուան նախավերջին Կիրակին։ Քահանայապետական Առաքելական Միութեան 110-ամեակը, որ հիմնուած է երանելի Փաոլօ Մաննայի կողմէ եւ Սուրբ Պօղոս Զ.-ի կողմէ սահմանուած է որպէս միւս առաքելական գործերու «հոգին»։

Ֆուլթոն Ճ. Շինի մօտալուտ երանացումը. ամերիկացի հռչակաւոր արքեպիսկոպոսը եւ ՄիսիոնարականԳ ործերու ազգային տնօրէնը, որ ռատիոյի եւ պատկերասփիւռի միջոցով աւետարանչութեան մէջ ռահվիրայ հանդիսացաւ, երանելիներու շարքին պիտի դասուի յառաջիկայ Սեպտեմբեր 24-ին, Միսուրիի Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ։ Պապը զայն որակեց որպէս «հաւատքի փարոս» եւ օրինակ՝ բոլոր ազգային ու թեմական տնօրէններուն համար։

Քահանայապետական միսիոնարաներուն Առաքելութիւնը բաժնուած աշխարհի մը մէջ

Լեւոն ԺԴ. խորին երախտագիտութիւն յայտնեց չորս Քահանայապետական Առաքելական Գործերու մատուցած ծառայութեան համար՝ յատկապէս շեշտելով Սուրբ Մանկութիւն գործի դերը, որ մխիթարութիւն եւ հաւատքի լոյս կը տանի ատելութենէ ու բռնութենէ տուժած շրջաններու մանուկներուն։ Նոյնքան կարեւոր նկատուեցաւ Սուրբ Պետրոս Առաքեալի գործը, որ հիմնական դեր ունի տեղական նորընծաներու եւ կրօնաւորներու մարդկային ու հոգեւոր պատրաստութեան ապահովման գործին մէջ։

Տարուան Կարգախօսը. «Մէկ՝ ի Քրիստոս, Միացած՝ Առաքելութեան Մէջ»

Հիմնուած Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ Յիսուսի քահանայական աղօթքին վրայ, այս տարուան նիւթը կը յուշէ աւելի խորունկ հաղորդութեան հրամայականը։ Մէջբերելով Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի Ad gentes հրահանգը «Եկեղեցին երկրի վրայ իր ուխտագնացութեան ընթացքին բնութեամբ առաքելական է», Քահանայապետը յորդորեց ներկաները ապրիլ եւ տարածել Քրիստոնէական միութեան վրայ հիմնուած հարազատ հոգեւորականութիւն մը։

«Այն ամէնուն մէջ, ինչ որ կ'ընենք աւետարանչութեան գործին համար,– եզրափակեց Սրբազան Քահանայապետը, նախքան Առաքելական Օրհնութիւնը շնորհելը եւ ներկաները Մարիամ Աստուածածնի՝ Առաքելութեանց Թագուհիի պաշտպանութեան յանձնելը,– միշտ Յիսուս Քրիստոսը դնենք կեդրոնը՝ որդեգրելով Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի արտայայտած աւետարանական գեղեցիկ սկզբունքը. Անիկա պէտք է մեծնայ, իսկ ես՝ պզտիկնամ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2026, 11:47