Լեւոն ԺԴ. Պապը, «Ժերոմ Լըժէօն» հիմնարկութեան անդամներուն հետ Լեւոն ԺԴ. Պապը, «Ժերոմ Լըժէօն» հիմնարկութեան անդամներուն հետ  (@VATICAN MEDIA)

«Լեւոն ԺԴ.․ «Բժշկութիւնը երբեք չի կրնար ծառայ դառնալ ծրագրուած մահուան»

Լեւոն ԺԴ. «Ժերոմ Լըժէօն» հիմնարկութեան անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին, մեծապէս դրուատեց երջանկայիշատակ ուսուցիչին գիտական արժէքն ու անոր նուիրումը յատուկ կարիքներ ունեցող մանուկներուն։ Սրբազան Հայրը խստօրէն դատապարտեց առանց բարոյականութեան գործող արհեստագիտութիւնը եւ բժշկական ալկորիթմներով կեանքեր տնօրինելու փորձերը՝ շեշտելով, որ բժշկութիւնը երբեք չի կրնար ծրագրուած մահուան ծառայել։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, յունիս 22-ին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց «Ժերոմ Լըժէօն» (Jérôme Lejeune) հիմնարկութեան անդամները՝ նշելու համար երջանկայիշատակ ուսուցուչին ծննդեան հարիւրամեակը։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ, Պապը մեծապէս դրուատեց Լըժէօնի գիտական ու մարդկային արժէքը, միեւնոյն ժամանակ յղելով կոչ մը՝ ընդդէմ ժամանակակից բժշկագիտութեան մէջ տեղ գտած բարոյական շեղումներուն։

Գիտնականի արժէքը. Յանուն «Աղքատներուն մէջ ամենէն աղքատներուն»

Ուսուցիչ Ժերոմ Լըժէօն, որ ծանօթ է որպէս արդի տաղանդաւոր հիւսուածագիտութեան (genetics) ռահվիրայ, յայտնաբերած էր Թրիսոմի 21-ի (Down Syndrome) պատճառ հանդիսացող քրոմոսոմային անկանոնութիւնը։ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ Լըժէօն իր կեանքը նուիրեց յատուկ կարիքներ ունեցող մանուկներուն՝ զանոնք կոչելով «աղքատներուն մէջ ամենէն աղքատները»։

«Բժշկութիւնը հիւանդութեան հանդէպ ատելութիւնն է եւ հիւանդին հանդէպ սէրը», վերյիշեց Պապը՝ մէջբերելով ուսուցիչին խօսքերը:

Գիտութեան մարտահրաւէրները եւ «Քրոմոսոմային ցեղապաշտութիւնը»

Քահանայապետը անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Լըժէօն կանուխէն գուշակած էր, թէ իր գիտական գիւտը կրնար չարաշահուիլ՝ նախքան ծնունդը բնաջնջելու համար Թրիսոմի 21 ունեցող փոքրիկները։ Այս գետնի վրայ, ան խիզախօրէն դատապարտած էր Հիպոկրատեան երդման դրժումը եւ այս նորատեսակ եւգենիքան (eugenics), զոր որակած էր որպէս «քրոմոսոմային ցեղապաշտութիւն»։

Բարոյական սահմանագիծ. Ալգորիթմները չեն կրնար փոխարինել խիղճը

Նորին Սրբութիւնը խստօրէն զգուշացուց արհեստագիտութիւնը առանց բարոյականութեան կիրարկելու վտանգներէն՝ շեշտելով երեք հիմնական կէտեր.

Բժշկութեան բնոյթը. Արհեստագիտութիւնը չի կրնար փոխարինել բժշկութեան, որ բնութեամբ կոչուած է ծառայելու կեանքին։

Մարդկային արժէքը. Մարդու արժէքը երբեք կապուած չէ իր արտադրողականութեան կամ օգտակարութեան հետ։

Բժշկական հակակշիռ. Ոչ մէկ բժիշկ իրաւունք ունի լաբորատորիայի ալգորիթմներու հիման վրայ որոշելու սաղմի մը կամ տարեցի մը կեանքի վախճանը։

Միջազգային համախմբում եւ կենսաբարոյական կրթութիւն

Հանդիպման ներկայ էին հիմնարկութեան տարբեր երկիրներու (Սպանիա, Արժանթին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Փորթուգալ, Իտալիա, Թունիս, Փղոսկրեայ Ափ եւ Քորէա) անդամները, ինչպէս նաեւ Թրիսոմի 21 ունեցող անհատներ եւ իրենց ծնողները։

Յորդոր եւ առաքելական օրհնութիւն ապագայ սերունդներուն

Վերջաւորութեան, Սրբազան Քահանայապետը իր երախտագիտութիւնն ու քաջալերանքը յայտնեց հիմնարկութեան կողմէ տարուող աշխատանքներուն՝ յատկապէս կենսաբարոյական միջազգային ամբիոնի միջոցով իրականացուող կրթական ծրագիրներուն համար, որոնք կը պատրաստեն ապագայի խնամատարները, իրաւաբաններն ու փիլիսոփաները։

Նորին Սրբութիւնը հայցեց Սուրբ Աստուածածնայ հովանին եւ իր Առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց բոլոր ներկաներուն ու Լըժէօնի «սիրելի պաշտպանեալներուն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

22/06/2026, 10:35