Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը   (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. «Գրողները ճշմարտութեան, մարդասիրութեան եւ Աստուծոյ բացայայտման ծառայողներ են»

Վատիկանի Հրատարակչատան հիմնադրութեան հարիւրամեակին առիթով Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց, որ աշխարհը կարիքը ունի գրողներու երեւակայութեան, ստեղծագործ ոգիին եւ մարդկային փորձառութիւնը խորութեամբ փոխանցելու կարողութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Հրատարակչատան հիմնադրութեան հարիւրամեակին առիթով, Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած գրողներու խումբ մը եւ իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ գրականութեան եւ գրելու առաքելութեան՝ զայն բնորոշելով որպէս ճշմարտութեան, մարդասիրութեան եւ Աստուծոյ ներկայութեան բացայայտման միջոց։

Ողջունելով հիւրերը՝ Սրբազան Հայրը յիշեցուց, որ 1926-ին հիմնուած Վատիկանի Հրատարակչատունը կը նշէ իր հարիւրամեակը, ինչ որ առիթ կը հանդիսանայ վերարժեւորելու գիրքերու եւ գրական ստեղծագործութեան դերը մարդկային հասարակութեան մէջ։

Գրելը՝ ճշմարտութեան որոնում

Լեւոն ԺԴ շեշտեց, որ գրելը ճշմարտութեան վկայութիւն մըն է, որովհետեւ ան կը բացայայտէ մարդուն ներաշխարհը, անոր հաւատքը, յոյսերը եւ ապագայի տեսիլքը։ Ըստ անոր, ճշմարտութիւնը սեփականութիւն մը չէ, որ պէտք է պաշտպանուի, այլ բարիք մը, որ կոչուած է բաժնուելու ուրիշներու հետ։ «Մենք ճշմարտութեան տէրերը չենք, այլ ճշմարտութիւնն է, որ մեզ կը գրաւէ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը՝ կոչ ուղղելով հեղինակներուն ներշնչելու ուրիշները ճշմարտութեան հանդէպ ձգողականութեամբ։

Գրականութիւնը՝ մարդասիրութեան դպրոց

Անդրադառնալով գրականութեան արժէքին՝ Քահանայապետը մէջբերեց հին հռոմէացի հեղինակ Թերենցը. «Մարդ եմ, եւ մարդկային ոչինչ օտար է ինծի»։ Ան յիշեցուց Ֆրանչիսկոս Պապի ուսուցումը, ըստ որուն գրականութիւնը մարդուն կը սորվեցնէ ուրիշներու աչքերով տեսնել իրականութիւնը եւ կ'աճեցնէ կարեկցանքն ու համերաշխութիւնը։

Լեւոն ԺԴ նշեց, որ երբ հեղինակները կեանք կու տան իրենց կերպարներուն, անոնք կը փորձեն հասկնալ տարբեր զգացումներ եւ մտածելակերպեր, իսկ ընթերցողները, իրենց կարգին, կը «ապրին» բազմաթիւ կեանքեր՝ իրենց սեփական փորձառութենէն անդին։ Այս փորձառութիւնը կ'օգնէ խուսափելու սեփական տեսակէտները բացարձակացնելու վտանգէն եւ մօտենալու այն ճշմարտութեան, որ միշտ կը գերազանցէ մարդը։

Աստուած կը յայտնուի մարդկային պատմութիւններուն մէջ

Սրբազան Հայրը նաեւ ընդգծեց, որ գրելը որոշ իմաստով կապուած է Աստուծոյ հետ։ Ան յիշեց, որ քրիստոնէական յայտնութեան կառուցուածքն իսկ կը վկայէ, թէ Աստուած կը բացայայտուի մարդկային պատմութիւններու, դէպքերու եւ հանդիպումներու մէջ։ Մարդկային կեանքի հիմնական հարցերուն շուրջ խորհրդածութիւնը՝ սիրոյ, արդարութեան, ազատութեան, տառապանքի եւ մահուան մասին, կ'օգնէ աւելի խորապէս հասկնալ Քրիստոսը, «ամենէն մարդկայինը»։

Ըստ անոր, Աստուած կը գործէ մարդոց կեանքին մէջ՝ անոնց արարքներուն, յարաբերութիւններուն եւ հանդիպումներուն միջոցով, եւ այդ պատճառով մարդկային իրականութեան խորքերը ուսումնասիրելը հեռու չէ Աստուծմէ։

«Աշխարհը ձեր կարիքը ունի»

Իր խօսքի աւարտին Լեւոն ԺԴ կրկնեց Սուրբ Պօղոս Զ. Պապի՝ արուեստագէտներուն ուղղուած յայտնի խօսքը. «Մենք ձեր կարիքը ունինք»։ Ան ընդգծեց, որ աշխարհը կարիքը ունի գրողներու երեւակայութեան, ստեղծագործ ուժին եւ ազատութեան ու իսկականութեան տարածքներ ստեղծելու կարողութեան, ուր Աստուծոյ շնորհքը կրնայ ներշնչել մխիթարութիւն եւ խաղաղութիւն։

Շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց ստեղծագործութիւններով կը սերմանեն հաշտութիւն, հանդիպում եւ բարեկամութիւն, Սրբազան Քահանայապետը քաջալերեց հեղինակները շարունակելու իրենց առաքելութիւնը եւ անոնց ու իրենց ընտանիքներուն վրայ հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

24/06/2026, 09:44