Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը   (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. ընդունեց Նիւ Եորքի Հրէական պատուիրակութիւնը եւ դատապարտեց Հակասեմականութիւնը

Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի mէջ ընդունած է Նիւ Եորքի «Միացեալ Հրէական Կոչ-Դաշնակցութեան» պատուիրակութիւնը՝ բարձր գնահատելով անոնց մարդասիրական ծառայութիւնը կարիքաւորներուն եւ պայքարը ատելութեան դէմ։ Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատած է եկեղեցւոյ հաստատակամ դիրքորոշումը ընդդէմ հակասեմականութեան ու խտրականութեան՝ շեշտելով հրէայ համայնքին հետ պատմական եղբայրութեան եւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, Յունիս 15-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Նիւ Եորքի «Միացեալ Հրէական Կոչ-Դաշնակցութեան» (United Jewish Appeal-Federation of New York) պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը բարձր գնահատեց կազմակերպութեան մարդասիրական լայնածաւալ գործունէութիւնը եւ վերահաստատեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ աներկբայ յանձնառութիւնը՝ ընդդէմ հակասեմականութեան ու խտրականութեան բոլոր ձեւերուն։

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հրեայ պատուիրակներուն աւանդական «Շալոմ» մաղթանքով եւ ընդգծեց, որ աշխարհի աւելի քան եօթանասուն երկիրներու մէջ տարեցներուն, տկարներուն, փախստականներուն եւ անապահով խաւերուն տրամադրուած օժանդակութիւնը մարդկային արժանապատուութեան եւ եղբայրութեան վառ ապացոյցն է, որ կը համահունչ է կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաքելութեան։

Պատմական ակունքներ եւ «Նոսթրա Էթաթէ»-ի ժառանգութիւնը

Իր խօսքին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը յատուկ անդրադարձ կատարեց պատմական յիշատակութեան մը. ուղիղ 66 տարի առաջ, նոյն այս կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը ընդունուած էր Յովհաննէս ԻԳ. Պապին կողմէ, որ հանդիպման ընթացքին արտասանած էր աստուածաշնչեան խորհրդանշական խօսքը. «Ես ձեր եղբայր Յովսէփն եմ»։ Այս պատմական քայլը հիմք հանդիսացած էր Վատիկանեան Բ. Ժողովի Nostra Aetate (Մեր Ժամանակներուն Մէջ) պատմական հռչակագիրին, որուն 60-ամեակը եկեղեցին նշեց անցեալ տարի։

«Այդ ուղեցուցային փաստաթուղթը բացաւ յարգանքի, հանդիպման եւ հոգեւոր հիւրընկալութեան նոր հորիզոններ», նշեց Քահանայապետը՝ յիշեցնելով, որ հռչակագիրը հաստատակամ դիրքորոշում որդեգրած է հակասեմականութեան դէմ՝ մերժելով ցեղային, կրօնական կամ կենսական պայմաններու վրայ հիմնուած ամէն տեսակ հալածանք։

Յղում կատարելով իր Dilexi Te (Սիրեցի Քեզ) Առաքելական Յորդորակին, Լեւոն ԺԴ. Պապը շեշտեց, որ սէրը նախ եւ առաջ կեանքին նայելու եւ զայն ապրելու կերպ մըն է. Ան մէջբերեց Եսայի մարգարէի խօսքերը՝ յիշեցնելով, որ անօթիին հետ հաց կիսելու ատեն Տիրոջ լոյսը կը ծագի արշալոյսի պէս։

Պատգամի աւարտին, Սրբազան Հայրը գնահատեց պատուիրակութեան անդամներու անդուլ պայքարը ատելութեան ու անհանդուրժողականութեան դէմ՝ մաղթելով, որ անոնց առաքելութիւնը աւելի եւս ամրապնդէ երկխօսութիւնն ու փոխադարձ ըմբռնումը, որոնք անհրաժեշտ են ներկայիս տագնապող աշխարհի խաղաղութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

15/06/2026, 11:25