«Աստուած ձեզ կը սիրէ այնպէս, ինչպէս որ էք»Լեւոն ԺԴ. Պապը Պարսելոնայի բանտարկեալներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի, 10 Յունիս 2026-ի առաւօտեան, այցելեց Պարսելոնայի «Պրիանս 1» (Brians 1) բանտարկութեան կեդրոնը, ուր հանդիպում ունեցաւ բանտարկեալներուն, հոգեւորականներուն եւ կամաւորներուն հետ։
Այս առիթով իր փոխանցած սրտառուչ պատգամին մէջ, Սրբազան Պապը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար ապա ակնարկեց ներկայացուած վկայութիւններուն որոնցմով «հոգեպէս քաջալերուած եմ» ըսաւ Ան, ապա շեշտը դրաւ իւրաքանչիւր մարդու բացարձակ արժանապատուութեան վրայ, որ կը բխի այն իրականութենէն թէ մարդս Աստուծոյ սիրոյն փափաքն է եւ արարչագործութեան մէջ ունի կարեւոր տեղ մը։
Յոյս եւ վերածնունդ պատերէն անդին
Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը յիշեցուց, թէ Աստուած երբեք չի հեռացնէր իր հայեացքը մարդոցմէ, անկախ անոնց գործած լաւ կամ վատ արարքներէն։
«Ասիկա կը վերաբերի, յատկապէս, ձեզի՛, սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, զոր կը կրէք ձեր հարազատներէն հեռու ըլլալու բեռը եւ, ասկէ զատ, կը տառապիք ձեր ներկայ վիճակին պատճառով։ Երբ գայ նուաստացած զգալու փորձութիւնը եւ մտածէք, թէ չ՚արժեր յառաջ երթալ, «բարձրացուցէ՛ք ձեր հայեացքը» դէպի Ան, որ այսքան մարդոց ներկայութեան միջոցաւ երբեք չի դադրիր ձեզի Իր սէրն ու մօտիկութիւնը ցոյց տալէ» ըսաւ Քահանայապետը։
Կեանքի սխալները չեն կրնար սահմանել մարդու մը ինքնութիւնը
Յղում կատարելով Սուրբ Օգոստինոսի «Խոստովանութիւններ» գիրքին, Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ կեանքի սխալները չեն կրնար սահմանել մարդու մը ինքնութիւնը եւ «եթէ Աստուածային շնորհքին վստահինք ու թոյլ տանք վերափոխուիլ պիտի բացայայտենք` թէ ինչպէս մեր կեանքին մէջ անցեալը չի դատապարտեր ապագան այլ մեզի առիթ կու տայ փոխելու մեր որոշումներն ու ընտրանքները», յարեց Ան խրախուսելով ներկաները իրենց սրտին մէջ տեղ բանալու Տիրոջ։
Աստուած ձեզ կը սիրէ այնպէս, ինչպէս որ էք
«Թո՛յլ տանք, որ Իր սէրը մեզի ընկերակցի։ Կառչի՛նք Անոր, որ շարունակ մեզ յոյսի կը հրաւիրէ եւ մեզի ցոյց կու տայ սքանչելի հորիզոն մը, որուն հասնիլը ոչ մէկ ֆիզիկական արգելք կրնայ խափանել։ Այսօր, Ան կը շարունակէ խօսիլ մեր խղճի խորքին մէջ՝ մեզի յայտնաբերել տալու համար, որ Իր բնակութիւնը հաստատած է մեր մէջ։ Ան միայն կը սպասէ, որ իրեն առիթ մը տանք», յարեց ապա Լեւոն ԺԴ. անոնց վստահեցնելով` որ «Աստուած ձեզ կը սիրէ այնպէս, ինչպէս որ էք, բայց ձեզի համար աւելի լաւը կ՛ երազէ»։
Կարողութիւն ունենալ քալելու դէպի դարձ, զղջում եւ ներողամտութիւն
Քահանայապետը ապա աւելցուց, թէ քրիստոնեայ կամ պարզապէս մարդ ըլլալը չի նշանակեր երբեք չսխալիլ, այլ՝ դէպի դարձ, զղջում եւ ներողամտութիւն քալելու կարողութիւնը զարգացնել։
Իր խօսքի աւարտին, Լեւոն Պապը բանտարկեալները յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանիին իր օրհնութիւնը փոխանցելով բոլորին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
