Լեւոն ԺԴ. Պապին երրորդ օրը Մատրիտի մէջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին Մատրիտի մէջ երրորդ օրուայ յայտագիրը յատկանշուած է՝ պաշտօնական հանդիպումներով, եկեղեցական պահերով եւ ժողովրդային մեծ միջոցառումներով։
Պետութեան բարձրագոյն իշխանութիւններուն հետ ունեցած քննարկումներէն մինչեւ երկրի եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումը, ինչպէս նաեւ Ալմուտենայի Մայր Տաճարին մէջ կատարուած աղօթքն ու Սանթիակօ Պերնապէօ մարզադաշտին մէջ հաւաքուած թեմական համայնքին ողջագուրումը պիտի ըլլան այս օրուան հանգրուանները։
Օրը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 7:30-ին՝ առանձնական Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ։ Այնուհետեւ, Սրբազան Պապը ընդունեց Սպանիոյ կառավարութեան նախագահ Փետրօ Սանչես Փերես-Քասթեխոնը՝ առանձնազրոյցի մը համար, որ նուիրուած էր սպանական հասարակութեան յուզող գլխաւոր հարցերուն եւ արդիական պարագաներուն մէջ Եկեղեցւոյ ունեցած դերին։
Նորին Սրբութիւնը ապա ուղղուեցաւ Պատգամաւորներու Ժողովի Պալատ, որ երկրի ժողովրդավարական կեանքի սիրտն է, ուր կը դիմաւորուի Քոնկրեսի նախագահ Ֆրանսինա Արմենկոլի եւ Ծերակոյտի նախագահ Փետրօ Ռոլան Օխետայի կողմէ եւ ուր «Փալասիօ տէ լաս Քորթես»-ի (Palacio de las Cortes) մէջ ան կը ստորգարէ Պատուոյ գիրքը եւ կը ստանայ «Ժամագիրք»-ի վերատպութիւն մը։
Լիագումար նիստերու դահլիճին մէջ (Salón de Plenos) Սրբազան Պապը կը փոխանցէ իր պատգամը՝ դիմելով սպանացի խորհրդարանականներուն եւ յիշեցնելով անհատի արժանապատուութեան, համերաշխութեան եւ ընդհանուր բարիքի կարեւորութիւնը՝ որպէս քաղաքական գործունէութեան հիմքեր։
Խորհրդարանէն ետք, Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի Սպանիոյ Եպիսկոպոսաց Համաժողովի նստավայրը՝ երկրի եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպելու համար։ Այս տեսակցութիւնը տեղի կ՛ ունենայ Սպանիոյ Եկեղեցւոյ համար յատկապէս կարեւոր պահու մը ընթացքին, երբ ան յանձնառու է քաղաքացիական հաստատութիւններու հետ համաձայնագիրի գործադրման՝ կղերականներու կողմէ գործադրուած սեռական զեղծարարութիւններու զոհերուն աջակցութիւն եւ փոխհատուցում տրամադրելու համար։
Առաքելական Նուիրակութեան մէջ եպիսկոպոսներուն հետ ճաշելէ եւ կէսօրէ ետք տեղի ունեցած քանի մը մասնաւոր հանդիպումներէ ետք, Սրբազան Քահանայապետը կը փոխադրուի Սանթա Մարիա լա Ռէալ տէ լա Ալմուտենա Մայր Տաճար, որ մայրաքաղաքի կրօնական խորհրդանիշն է։
Այնտեղ Ան կը դիմաւորուի Մատրիտի Արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Խօսէ Քոպօ Քանոյի եւ երկու մանուկներու կողմէ, որոնք իրեն ծաղիկներ կը նուիրեն ապա կը գլխաւորէ աղօթքի եւ Տիրամօր նուիրուած ջերմեռանդութեան պահ մը՝ քաղաքի պաշտպան Սուրբ Ալմուտենայի Տիրամօր պատկերին առջեւ։
Արարողութեան ընթացքին Քահանայապետը Տիրամօր կ՛ ընծայէ աւանդական «Ոսկէ Վարդը», որ տիեզերական Եկեղեցւոյ յատուկ մեծարանքի եւ սիրոյ նշանն է։
Նորին Սրբութեան երրորդ օրուան յայտագիրը կ՛եզրափակուի Սանթիակօ Պերնապէօ մարզադաշտին մէջ, ուր տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ պիտի դիմաւորեն զինք՝ Մատրիտի թեմական համայնքին հետ հանդիպման համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
