Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Թող ԱՄՆ-Իրան յուշագիրը ըլլայ պատերազմի վերջնական լուծումը»

Լեւոն ԺԴ. Պապը Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին բարձր գնահատած է Սպանիոյ ճամբորդութեան արդիւնքները եւ ողջունած ԱՄՆ-Իրան խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան կոչ ըրած է մարդկային յարգանքով վերաբերուիլ գաղթականներուն եւ ցաւ յայտնած է լեֆեւրականներու կողմէ սպառնացող եկեղեցական նոր բաժանման համար

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 16, յունիսին, Քասթել Կանտոլֆոյի պապական ամառանոցին առջեւ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձած է միջազգային եւ եկեղեցական կեանքի հրատապ խնդիրներուն՝ ԱՄՆ-Իրան պատերազմի դադրեցման համաձայնագիրին, Սպանիա կատարած իր վերջին ուղեւորութեան, ներգաղթեալներու հայրենադարձութեան, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պիոս Ժ. Միաբանութեան (SSPX) սպառնացող հերձուածին։

«Վիլլա Պարպերինի»-ի դարպասներուն մօտ, ուր Պապը, իր սովորութեան համաձայն, երեքշաբթի օրը անցուցած էր հանգիստով եւ աշխատանքով, ան կանգ առած է թղթակիցներուն քով, որոնք ժամերով կը սպասէին արգելապատնէշներուն ետեւ։ Ան նախ պատասխանած է սպանական լրատուամիջոցներու հարցումներուն, որոնք նախատեսուած էին Թեներիֆէէն վերադարձի թռիչքին ընթացքին, բայց անպատասխան մնացած էին օդանաւի արուեստագիտական անսարքութեան պատճառով։

Լեւոն ԺԴ. Պապ
Լեւոն ԺԴ. Պապ

ԱՄՆ-Իրան պատերազմ. Խաղաղութեան նոր հեռանկարներ

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ գոյացած վերջին համաձայնութեան՝ Լեւոն Պապ նշած է.

«Փառք Աստուծոյ, կայ գոնէ այս Յուշագիրը, որ պաշտօնապէս պիտի ստորագրեն ուրբաթ օրը։ Թէեւ դեռ յստակեցնելի կէտեր կան, սակայն միշտ աւելի լաւ է հարցերը լուծել երկխօսութեամբ ու բանակցութեամբ, քան թէ վերադառնալ պատերազմի»։

Սրբազան Հայրը յոյս յայտնած է, որ այս համաձայնութիւնը «ճշմարիտ լուծում մը ըլլայ պատերազմին, որպէսզի զէնքերը վերջնականապէս լռեն, եւ կարենանք յառաջանալ ի շահ բոլորին»։ Ան յատկապէս շեշտած է միջուկային զէնքերու վերացման հրամայականը եւ տնտեսական ու ընկերային ծանր հետեւանքներու դարմանումը։

«Սքանչելի» առաքելութիւնը Սպանիոյ մէջ

Քահանայապետը բարձր գնահատած է Սպանիոյ մէջ ժողովուրդին ցուցաբերած խանդավառութիւնը. «Ամէն մէկ վայրկեան հիանալիօրէն պատրաստուած էր։ Եպիսկոպոսները, աշխարհականներն ու բազմաթիւ կամաւորներ հսկայական աշխատանք տեսան»։

Սպանիոյ ներկայիս քաղաքական բարդ կացութեան մասին լրագրողի մը դիտարկման, Սրբազան Հայրը պատասխանած է. «Ես չեմ ուզեր միջամտել Սպանիոյ ներքին քաղաքականութեան, ինչպէս որ չեմ միջամտեր այլ երկիրներու պարագային։ Սակայն, կոչ կ՚ընեմ երկխօսութեան եւ փոխադարձ լսողութեան։ Պէտք չէ միշտ քննադատել ու վիրաւորել ընդդիմութիւնը՝ առանց ընդհանուր բարիքի համար համաձայնութիւններու հասնելու»։

Գաղթականութիւն. «Մարդոց հետ վարուիլ իբրեւ մարդ»

Խօսելով Եւրոպական Միութեան Միգրացիայի եւ Ապաստանի դաշնագիրի ու հայրենադարձութեան մասին՝ Պապը դարձեալ պաշտպանած է մարդկային արժանապատուութիւնը.

Պատճառներու ըմբռնում: «Շատ անգամ մենք չենք անդրադառնար այն պատճառներուն, որոնց համար այս մարդիկ ստիպուած են լքել իրենց հայրենիքը, ինչպէս՝ բռնութիւնը, պատերազմն ու հակամարտութիւնները»։

Նորին Սրբութիւնը նշեց որ «Պարզապէս ըսել՝ ”զանոնք ետ կը վտարենք, որպէսզի ձեռքերնիս լուանք”, ինծի ամենեւին քրիստոնէական պատասխան չի թուիր։ Պէտք է յարգել մարդիկը, քննել իւրաքանչիւր պարագայ եւ, ամէն բանէ առաջ, մարդոց հետ վարուիլ իբրեւ մարդ»։

Եկեղեցական բաժանումներու ցաւը

Լրագրողները հարցուցած են նաեւ Սուրբ Պիոս Ժ. Միաբանութեան (լեֆեւրականներ) շուրջ ստեղծուած կացութեան մասին, որոնք Յուլիս 1-ին կը պատրաստուին չորս եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւններ կատարել առանց պապական արտօնութեան՝ հակառակ Սուրբ Աթոռի կողմէ հերձուածի յառաջացման նախազգուշացումներուն։

«Մենք տակաւին կը մտածենք այլ կոչ մը եւս ուղղել անոնց՝ ըսելով. ”մի՛ ընէք այս քայլը, ջանանք ապրիլ Եկեղեցւոյ միութեան մէջ”», պարզաբանած է Պապը։ «Բայց այդ իրենց ընտրութիւնն է։ Քրիստոնեաներու միջեւ բաժանումը միշտ ցաւալի է, սակայն անոնք կը մերժեն ընդունիլ Եկեղեցւոյ որոշ հիմնական վարդապետութիւններ, սկսեալ Վատիկանեան Բ. Ժողովի զանազան կէտերէն։ Եթէ այդպիսի որոշում առնեն, կը ցաւիմ, բայց մենք պէտք է յառաջ երթանք»։

Ի վերջոյ Պապին հարցուցած են իր ամառնային արձակուրդի ծրագիրներուն մասին, Ան պատասխանած է. «Քիչ մը հանգիստ, շատ ընթերցանութիւն, խորհրդածութիւն եւ պատրաստութիւն յառաջիկայ գործերուն համար»։

Հարցումին՝ թէ արդեօք պիտի հանգստանա՞յ, քահանայապետը պատասխանած է. «Յուսանք»։ Իսկ դէպի Մեքսիքօ եւ Փերու՝ ուր ան աւելի քան քսան տարի ծառայած է իբրեւ առաքելական, հաւանական ճամբորդութիւններու մասին Լեւոն Պապ ժպտալով ըսած է. «Կը տեսնենք»։

Լեւոն ԺԴ. Պապ
Լեւոն ԺԴ. Պապ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

17/06/2026, 07:48