Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը 

Լեւոն ԺԴ. Սպանիոյ մէջ պիտի հանդիպի եկեղեցականներու կողմէ սեռային չարաշահումներու ենթարկուած զոհերուն հետ

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը հաստատած է, որ Յունիս 6-ին սկսող Սպանիա առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Լեւոն ԺԴ Պապը դռնփակ հանդիպում պիտի ունենայ եկեղեցականներու կողմէ ոտնձգութիւններու ենթարկուած քանի մը զոհերու հետ: Այս քայլը կը համապատասխանէ նախորդ Քահանայապետներու օրով հաստատուած աւանդոյթին եւ կը զուգադիպի սպանական Եկեղեցւոյ վերջին տարիներու նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը միտին ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ դիմագրաւել այս ցաւալի իրականութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ Պապին՝ Յունիս 6-ին սկսող Սպանիա առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրին մէջ պիտի ներառուի նաեւ հանդիպում մը՝ «Սպանիոյ մէջ եկեղեցական դասու անդամներու կողմէ ոտնձգութիւններու ենթարկուած քանի մը զոհերու հետ»։

Մամուլին մէջ տարածուած լուրերէն ետք, այս լուրը Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի Թելեկրամի ալիքով հաստատած է տնօրէն Մաթէօ Պրունի։ «Հանդիպումը կազմակերպուած է սպանական Եկեղեցւոյ կողմէ։ Յաւելեալ տեղեկութիւններ կրնան հաղորդուիլ հանդիպումէն ետք՝ յարգելով զոհերը, անոնց կամքն ու գաղտնիութիւնը», պարզաբանած է Պրունի։

Ոտնձգութիւններու հարցը խորապէս կը վիրաւորէ սպանական Եկեղեցին, որ վերջին տարիներուն կանխարգիլման եւ վնասներու հատուցման տարբեր նախաձեռնութիւններ որդեգրած է։ Ասոնցմէ ամենաթարմը անցեալ Մարտ ամսուն ստորագրուած համատեղ համաձայնագիրն է՝ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի, Կրօնաւորներու համաժողովի, Մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ Նախագահութեան նախարարութեան միջեւ, որուն նպատակն է ճշմարտութեամբ եւ արդարութեամբ դիմագրաւել այս ցաւալի իրականութիւնը։

Տեղական լրատուամիջոցները մեծապէս արծարծած են այս թեման Պապի այցելութեան նախօրեակին, եւ ոմանք յայտնած են, որ սպանացի քանի մը զոհեր նամակներ յղած էին Քահանայապետին՝ խնդրելով ընդունելութիւն մը։ Այսօր, ահաւասիկ, կը հաստատուի Լեւոն ԺԴ-ի այս դռնփակ երկխօսութիւնը, ինչպէս որ անցեալին պատահած էր Պենետիկտոս ԺԶ-ի օրով՝ 2008-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ապա Միացեալ Թագաւորութիւն, Աւստրալիա ու Գերմանիա կատարած ճամբորդութիւններուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան օրով՝ Չիլի, Իրլանտա, Փորթուկալ եւ Պելճիքա տուած այցելութիւններուն ժամանակ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

06/06/2026, 10:16