FILES-SPAIN-ARCHITECTURE-RELIGION-GAUDI-POPE

Սրբազան Պապին ճամբորդութեան հինգերորդ օրը` Պարսելոնայի եւ Մոնսեռաթի միջեւ. ողորմութեան, հաւատքի ու պատմութեան օր մը

Օրուան գագաթնակէտը կը հանդիսանայ Սրբազան Պապին Սակրատա Ֆամիլիա պազիլիքային այցը, որ Անթոնի Կաուտիի անաւարտ գլուխ-գործոցն է ու Պարսելոնայի համաշխարհային խորհրդանիշը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայապետական չորրորդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Լեւոն ԺԴ. Քաթալոնիա կատարած իր այցելութեան երկրորդ օրուան յայտագիրը սկսաւ «Պրիանս 1» պատժական կեդրոն այցելութեամբ, որ Քաթալոնիոյ ամենակարեւոր բանտերէն մէկն է եւ կը գտնուի Պարեսլոնայէն 44 քմ. Հեռաւորութեան վրայ, ուր Սրբազան Պապը ժամանեց ինքնաշարժով։

Բանտի մուտքին Սրբազան Պապը կը դիմաւորուի Հաստատութեան տնօրէնին կողմէ ապա բանտի բանախօսութիւններու սրահ ուղղուելով կը հանդիպի այնտեղ զինք սպասող մատրանապետներու, կին բանտարկեալներու եւ խումբ մը կամաւորներուն հետ։

Բարի գալուստի երգերու եւ վկայութիւններու ներկայացումներէն ետքը Սրբազան Պապը իր ողջոյնի խօսքը կ՛ ուղղէ ներկաներուն ապա հանդիպման աւարտին, անձամբ կ՛ ողջունէ քանի մը արգելափակեալներ։

Քահանայապետը այնուհետեւ կը փոխադրուի Մոնսեռաթի Աստուածամօր Աբբայարան` որ Քաթալոնիոյ հոգեւոր սիրտն է ու դարաւոր ուխտատեղի մը։

Աւելի քան եօթը հարիւր մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող վանքին մէջ կը պահպանուի Մոնսեռաթի Տիրամօր սրբապատկերը՝ հռչակաւոր «Մորենեթա»-ն (Սեւ Աստուածամայրը), որ շրջանի պաշտպան սուրբն է։

Մոնսեռաթի Տիրամօր Աբբայութիւնը կը գտնուի Պարսելոնայէն մօտ 40 քմ հեռաւորութեան վրայ, Մոնսեռաթ լերան լանջին։ Վանական այս համալիրը կը միաւորէ տարբեր ժամանակաշրջաններու շինութիւններ, որոնց մէջ կան ԺԲ դարու ռոմանական ոճի տարրեր, կոթական սրահակ եւ ԺԴ–ԺԵ դարերու կառոյցներ։ Վանքին կից կը գտնուի Մոնսեռաթի Սուրբ Կոյսին սրբավայրը, որ վանականներուն խնամքին տակ եղած է իր սկզբնաւորութենէն ի վեր։

Վանքը հիմնադրուած է 1025 թուականին՝ աբբահայր Օլիպայի կողմէ, որպէս Ռիփոլի վանքին ենթակայ առաջնակարգ վանք։ Միջնադարուն ան դարձաւ կարեւոր ուխտավայր մը։ 1409-ին ստացաւ իր անկախութիւնը, եւ հակառակ 1811-ին Նափոլէոնեան զօրքերուն պատճառած աւերածութիւններուն ու սպանական Քաղաքացիական Պատերազմի դժուարութիւններուն, բազմիցս վերակառուցուեցաւ՝ պահպանելով իր դերը որպէս Քաթալոնիոյ հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոն։

Պազիլիքին մէջ կը պահուի նշանաւոր Մոնսեռաթի Կոյս Մարիամին արձանը (La Moreneta), ԺԲ դարու ռոմանական փայտէ քանդակ մը, որ կը ներկայացնէ Մարիամը՝ Մանուկ Յիսուսը գիրկին։ Աւանդութեան համաձայն, բնօրինակ պատկերը 880 թուականին գտնուած է լերան քարայրի մը մէջ՝ հովիւ մանուկներու կողմէ։ 1881-ին Լեւոն ԺԳ Պապը Մոնսեռաթի Աստուածամայրը հռչակեց Քաթալոնիոյ հովանաւոր սրբուհի եւ անոր տօնը սահմանեց Ապրիլ 27-ին։ Վանքը նաեւ կը հիւրընկալէ պատմական Escolanía երգչախումբը, որ Եւրոպայի մանկական ձայներու ամէնէն հին երգչախումբերէն մէկն է։

Սրբավայրի մէջ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը


Մոնսեռաթի սրբավայրին մէջ Լեւոն ԺԴ Պապը կը հիւրընկալուի տեղական Եպիսկոպոսի եւ սրբավայրի Աբբահօր կողմէ ապա Պազիլիքայի հրապարակին վրայ հաւաքուած շուրջ հազար մանուկներու եւ այլ հաւատացեալներու ներկայութեամբ կը գլխաւորէ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը, որուն ընթացքին ներկաներուն կ՛ ուղղէ իր ողջոյնի խօսքը։

Արարողութիւնը կը փակուի Ողջոյն Թագուհի շարականի եւ Մոնսեռաթի Տիրամօր նուիրուած աւանդական «Վիրոլայ» օրհներգի երգեցողութեամբ։ Նախքան սրբավայրէն մեկնիլը, Քահանայապետը աղօթքի մէջ կ՛ ամփոփուի Տիրամօր մատրան մէջ եւ վանքի պատշգամէն կ՛ողջունէ հաւատացեալները։

Պենետիկտեան միաբանութեան մօտ ունեցած ճաշէն եւ Պատուոյ Մատեանին մէջ իր գրառումը կատարելէն ետքը Սրբազան Պապը կը վերադառնայ Պարսելոնա՝ Ռաւալ թաղամասի Սանթ Ակուսթի եկեղեցւոյ մէջ հանդիպելու թեմի բարեգործական կազմակերպութիւններուն հետ։

Կարիքաւորներու հետ հանդիպումը

Քաղաքի ամենաբարդ եւ բազմամշակութային ընկերային միջավայրերէն մէկուն մէջ, Սրբազան Քահանայապետը կ՛ ունկնդրէ աղքատութեան, կախուածութիւններու, կիներու մարդկային առեւտուրի եւ Քարիթասի ամէնօրեայ նուիրումին վերաբերող վկայութիւնները ապա ներկաներուն կ՛ ուղղէ իր քաջալերական պատգամը։

Օրուան գագաթնակէտը կը հանդիսանայ Սրբազան Պապին Սակրատա Ֆամիլիա պազիլիքային այցը, որ Անթոնի Կաուտիի անաւարտ գլուխ-գործոցն է ու Պարսելոնայի համաշխարհային խորհրդանիշը։

Սակրատա Ֆամիլիա տաճար Ժամանում եւ դիմաւորում

Սակրատա Ֆամիլիա տաճար ժամանելուն Սրբազան Պապը կը դիմաւորուի Սպանիոյ Ֆիլիփ Զ. Թագաւորին կողմէ, ապա կ՛այցելէ դամբարանն ու քաթալոնացի ճարտարապետին գերեզմանը, նախքան Սուրբ Պատարագի մատուցումը

Հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ մատուցուած Սուրբ Պատարագը կը հանդիսանայ այս հովուական այցելութեան ամենանշանակալից իրադարձութիւններէն մէկը։ Ընթերցումները, որոնք կը կատարուին քաթալոներէն եւ սպաներէն լեզուներով, կ՛ ընկերակցին Սրբազան Հօր քարոզին։

Արարողութիւնը իր աւարտին կը հասնի՝ Յիսուս Քրիստոսի Աշտարակի օրհնութեամբ։

Այս աշտարակը Սակրատա Ֆամիլիայի տասնըութ աշտարակներէն ամենաբարձրն է եւ իր 172․5 մեթր բարձրութեամբ կը հանդիսանայ աշխարհի ամենաբարձր եկեղեցական աշտարակը։

Քաղաքական ու կրօնական իշխանութիւններու եւ ցնծացող բազմութեան առջեւ, Լեւոն ԺԴ բացումը կը կատարէ աշտարակին ապա օրհնութիւնը կը շնորհէ նաեւ հաւատացեալներուն։ Բացման արարողութեան կ՛ ընկերանայ լոյսերու եւ հրավառութեան տպաւորիչ հանդէս մը՝ լուսաւորելով Պարսելոնայի երկինքը։

Այցելութիւնը կը փակուի յուշատախտակի մը բացումով , որուն աւարտին Քահանայապետը վերադարձ կը կատարէ Արքեպիսկոպոսարան աւարտելով ճամբորդութեան հինգերորդ օրուան յայտագիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

10/06/2026, 08:00