«Ձեզի վստահած առաքելութիւնս ա՛յս է՝ մարդ եղէք». Լեւոն Պապը երիտասարդներուն
Ռոպէր Աթթարեան -, Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապին Սպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրը փակուեցաւ Անոր, աւելի քան կէս միլիոն երիտասարդներու մասնակցութեամբ գլխաւորած աղօթքի հսկումով մը, որ տեղի ունեցաւ Մատրիտի «Plaza de Lima» հրապարակին վրայ։
Աղօթքի վայր ժամանելուն Քահանայապետը` «փափամոպիլէով» տարածքին շրջանը կատարեց եւ մօտէն ողջունեց երիտասարդները մինչ այս վերջիններս զայն դիմաւորեցին մեծ խանդավառութեամբ։
Քահանայապետը առ այդ Կարդինալ Խօսէ Քոպօ Քանոյի եւ երեսուն երիտասարդներուն հետ միասին բարձրացաւ կեդրոնական ամպիոն ուր Մատրիտի Արքեպիսկոպոսին բարի գալուստի խօսքէն ու թատերախաղի ներկայացումէն ետքը ան բաց երկխօսութիւն մը ունեցաւ երիտասարդներուն հետ պատասխանելով անոնցմէ մի քանիներուն կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն։
Երեք սուրբեր` որոնք ներշնչեցին Լեւոն Պապին կոչումը
«Գիտենք որ Սուրբ Օգոստինոսը շատ կարեւոր է Ձեզի համար, բայց ուրիշ ո՞ր Սուրբերը եւ ո՞ր այլ յղումները (աղբիւրները) օգնած են Ձեզի՝ որպէս քրիստոնեայ Ձեր աճումին մէջ» եւ « Կ՚ուզեմ Ձեզի հարցում մը ուղղել Փերուի մէջ որպէս առաքելագործ Ձեր անցուցած տարիներուն մասին: Ի՞նչ յիշատակ կամ ո՞ր փորձառութիւնը կը պահէք որպէս այդ տարիներու գանձ», եղան Սրբազան Պապին ուղղուած առաջին երկու հարցումները, որոնց պատասխանելով Ան նախ ողջունեց բոլոր ներկաները շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին Հաւատքը բաժնեկցելուն համար։
«Արդ, ինչ կը վերաբերի առաջին հարցումին՝ այն սուրբերուն մասին, որոնք ինծի համար տիպարներ եղած են մանկութեանս, երիտասարդութեանս ընթացքին, բայց նաեւ որպէս եպիսկոպոս եւ որպէս Պապ, արդէն յիշատակեցի Սուրբ Օգոստինոսը, եւ բոլորս ալ գիտենք, որ Սուրբ Օգոստինոսը շատ կարեւոր դէմք մըն է ամբողջ Եկեղեցիին համար, բայց մտածեցի նաեւ Արեւելքի Եկեղեցւոյ Հայրերէն մէկուն՝ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի մասին» ըսաւ Սրբազան Պապը իր սրտին խօսող սուրբերու շարքին դասելով նաեւ Սպանացի Օգոստինեան Միաբան Սուրբ Թովմաս Տա Վիլլանովան եւ Փերույի բնիկ ժողովուրդները աւետարանող Սուրբ Թուրիբիոս Մոկրովէխոն։
Սրբազան Պապը նշեց որ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանը, մեծապէս գնահատուած է Սուրբ Գիրքի իր խորունկ գիտութեան, իր ճարտասանութեան եւ Աւետարանին հանդէպ ունեցած հաւատարմութեան համար։
«Աստուծոյ խօսքը իր սրտին մէջ կրելով՝ զայն նուէր կը մատուցէր բոլորին՝ հետեւողականութեամբ վկայելով Աւետարանի ճշմարտութիւնը իր ժամանակի հերետիկոսութիւններուն դէմ։ Զիս յատկապէս տպաւորեցին իր սքանչելի քարոզխօսութիւնները, որոնք կը միացնեն սէրը հանդէպ ճշմարտութեան եւ կեանքի ուղղամտութիւնը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ Պապը։
Ան ապա սպանացի օգոստինեան միաբան` Սուրբ Թովմաս Վիլլանովացին ներկայացուց` որպէս օրինակ Եկեղեցւոյ բարեփոխման, աղօթքի եւ ամենէն աղքատներուն հանդէպ տածուած բարեգործութեան։
«Անոր բոցավառ բարեգործութիւնը զիս քաջալերած է փորձութեան պահերուն» յարեց Քահանայապետը որ Սուրբ Թուրիբիոս Մոկրովեխոյի մասին խօսելով, նշեց թէ Ան ԺԶ. դարուն միսիոնար եղած է Փերուի մէջ, ուր մեծ նախանձախնդրութեամբ նուիրուեցաւ բնիկներու աւետարանումին, սորվելով տեղական լեզուները։
«Սուրբ Թուրիբիոսը միացուց աղօթքի սերտ կեանքը արդարութեան համար պայքարին, յատկապէս՝ ընդդէմ գաղութատիրական հարստահարութիւններուն եւ կաշառակերութեան։ Հետեւաբար, ան ինծի համար Քրիստոսի անունով ժողովուրդին, յատկապէս ամենէն աղքատներուն, նուիրուելու տիպար մըն է» հաստատեց Լեւոն ԺԴ., աւելցնելով որ այս սուրբերուն կեանքը իր մէջ արթնցուցած է Սուրբ Օգոստինոսի հարցումը. «Եթէ անոնք կրցան, ինչո՞ւ ոչ ես»։ Այս հարցումէն մեկնելով Լեւոն Պապը հրաւիրեց երիտասարդները ընտրելու կեանքի այնպիսի տիպարներ , որոնք կ՚օգնեն իրենց՝ աճելու հաւատքի մէջ։
Փերույի բնակչութեան հաւատքը
Ինչ կը վերաբերի Փերուի մէջ անցուցած տարիներուն, ան յատկապէս յիշեց ժողովուրդին հաւատքն ու յոյսը՝ հակառակ դժուարութիւններուն։
Ժողովուրդին հետ հանդիպումը օգնած է իրեն աճելու որպէս Յիսուսի աշակերտ՝ փորձառաբար տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս Աւետարանը կրնայ բերել խաղաղութիւն, հաշտութիւն եւ արդարութիւն։
Պատասխանելով ապա այն հարցումներուն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ճանչնալ Աստուծոյ ձայնը եւ ուղեկից դառնալ ուրիշներուն հաւատքի մէջ, Քահանայապետը մատնանշեց երեք գլխաւոր ուղիներ.
Լռութիւնը. Ան կ՚օգնէ զանազանելու Աստուծոյ ձայնը այն բազմաթիւ այլ ձայներէն, որոնք կը շեղեն կամ կը խաբեն։ Լռութեան մէջ է, որ մարդ կը յայտնաբերէ այն, ինչ որ վաւերական է ու տեւական։
Աղօթքը. Աստուած գիտէ եւ կը լսէ իւրաքանչիւրին սիրտը։ Երբ Անոր կը վստահինք մեր մտածումները, հարցումներն ու բաղձանքները, երկխօսութեան մէջ կը մտնենք Անոր հետ եւ կը զգանք Անոր սէրը։
Ունկնդրութիւնը Քրիստոսի եւ Անոր Խօսքին. Յիսուս կը շարունակէ խօսիլ Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Հաղորդութեան ընդմէջէն։ Հաղորդութեան երկրպագութիւնը առանձնաշնորհեալ վայր մըն է Անոր հանդիպելու եւ Անոր մտիկ ընելու համար։
Բոլորս աշակերտներ ենք
Իսկ որպէսզի օգնենք ուրիշներուն հաւատքի գեղեցկութիւնը յայտնաբերելու համար Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց յիշել, որ մենք ամէնքս աշակերտներ ենք։ «Աւետարանելու ամենէն ազդու ձեւը սեփական կեանքով վկայելն է», ըսաւ Ան, շեշտելով կեանքով վկայելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ գործնական օրինակն ու անձնական հետեւողականութիւնն են, որ իրապէս կը դաստիարակեն՝ աւելի քան գաղափարները։
Հարազատ հոգեւոր կեանք
Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը քաջալերեց հովիւները, դաստիարակներն ու բարեկամները, հաւատքը փոխանցելու անկեղծ աղօթքի, սեփական կոչումին հանդէպ հաւատարմութեան եւ հարազատ հոգեւոր կեանքի մը միջոցաւ, ապա նշեց, որ Յիսուսի մօտիկութիւնը կը յայտնուի նաեւ դժուարութիւններուն ու անկումներուն մէջ, եւ թէ քրիստոնէական համայնքը կոչուած է փոխադարձաբար զօրավիգ կանգնելու իրարու՝ համերաշխութեան եւ եղբայրութեան քայլերով, նոյնիսկ դժուարութեան եւ սայթաքումի պահերուն։
«Փնտռեցէ՛ք բոլորդ ձեր սրտերուն մէջ Աստուծոյ սիրոյ այս կրակը։ Քանի որ հոն է Յիսուսի ներկայութիւնը, եւ Յիսուսի մօտիկ ներկայութիւնը կը զգացուի նոյնիսկ մեր անկումներու պահերուն, որովհետեւ Յիսուս մեզ չի լքեր։ Նաեւ երբ մենք կը վերածուինք երկարած ձեռքի, եղբայրական գրկախառնումի, երբ առիթներ կը փնտռենք ուրիշներուն ծառայելու, բարեգործութիւններ ընելու, փնտռելու թէ ինչպէ՛ս դպչիլ դիմացինին կեանքին՝ իր վէրքերուն, իր տխրութեան ու իր դժուարութիւններուն մէջ։ Հոն Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ հաւատքը կը կենդանանայ, եւ ճիշդ հոն է, որ Յիսուս մեզի պիտի օգնէ, որպէսզի բոլորս փոխադարձաբար զօրավիգ կանգնինք իրարու այս ուղիին վրայ» ըսաւ Քահանայապետը
«Ինչպէ՞ս կրնանք ապրիլ որպէս յանձնառու քրիստոնեայ երիտասարդներ այս ընկերութեան մէջ» եւ «Ի՞նչ է այն գործնական առաքելութիւնը, զոր Դուք կ՚ուզէք վստահիլ Եկեղեցւոյ երիտասարդներուն» հարցումներուն պատասխանելով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց քրիստոնեայ երիտասարդները ընկերութեան մէջ ապրելու` որպէս փոխակերպիչ եւ կենդանի ներկայութիւն մը։
«Յիսուսին աշակերտները պէտք է լիովին ներգրաւուած ըլլան իրենց ժամանակաշրջանին մէջ, առանց սակայն թոյլ տալու, որ նորաձեւութիւնները ու մշակութային ճնշումները տիրապետեն իրենց, որովհետեւ իրենց ազատութիւնը կը ծնի Քրիստոսի սէրէն», յարեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ երիտասարդները կոչուած են ըլլալու փոփոխութեան դերակատարները, Աւետարանը վկայելով առօրեայ կեանքին մէջ – ընտանիքի, համալսարանի, աշխատանքի ու նաեւ թուային աշխարհին մէջ – փոխանցելով արժէքներ, յոյս եւ գեղեցկութիւն։
Եղէք երկրին աղը եւ աշխարհին լոյսը
«Կը հրաւիրեմ ձեզ, բոլորդ միասին, ըլլալու երկրի աղը եւ աշխարհի լոյսը (հմմտ. Մատթ 5,13)։ Այսպէս ապրելու համար, ամէն բանէ առաջ պէտք է հասկնալ ներկայ ընկերութիւնը՝ իմաստութեամբ ապրելով անոր մէջ, որպէսզի կարենանք զայն փոխակերպել որպէս Աւետարանի վկաներ» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով, որ քրիստոնեային ազատութիւնը, «իր ակունքը ունի հաւատքին մէջ, ընդունակ՝ լոյս եւ բարի համ տալու ամէն ընկերութեան, մարդկային ամէն փորձառութեան»։
Նոր մարդկութեան կայծը
«Անտարբերութեան ու պաղատեսութեան դատարկութեան առջեւ, պատերազմի եւ սուտի բռնութեան առջեւ, դո՛ւք եղէք կայծը նոր մարդկութեան մը» շեշտեց Սրբազան Պապը աւելցնելով` թէ անոնց իր վստահած առաքելութիւնն է` «մարդ ըլլալ»։
Մարդ ըլլալ
«Այո՛, մարդ եղէք։ Արիւն ու մարմին ունեցող մարդիկ ու կիներ։ Ոչ թէ երևոյթներ, այլ վստահելի դէմքեր։ Մարդիկ, որոնք արդարութիւն կը փնտռեն, քանի որ քաղցը ունին արդարութեան...։ Մարդիկ, որոնք կ’ուզեն ազնիւ ու ուղիղ կեանք մը, որովհետև սիրով կ’ընեն ուրիշին այն, ինչ կուզէին, որ ուրիշներն ալ իրենց ընեն։ Եղէք մարդ ինչպէս Քրիստոսը, կատարեալ Մարդը, Յարուցեալը, որ մեզի հետ կը կիսէ պատմութիւնը՝ ամէն ժամանակի մէջ», եղան Սրբազան Քահանայապետի երիտասարդներուն ուղղած խրախուսական խօսքերը հրաւիրելով զանոնք յառաջ ընդանալու եւ հեթանոսական աշխարհի մը մէջ ապրող առաջին քրիստոնեաներուն նման, ըլլալու Աւետարանի միսիոներներ մեր ժամանակի նիւթական ու հոգևոր աղքատութեան դիմաց, լաւապէս գիտնալով, որ մեր հաւատքը կենսակերպ մըն է, որ կ՛ իրագործուի սիրով։
«Ասիկա է, սիրելի երիտասարդներ, այն առաքինութիւնը, որ ամենէն շատ կը փոխէ պատմութիւնը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. եզրափակելով իր խօսքը։
Սրբազան Պապին պատգամին հետեւեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը որուն աւարտին Քահանայապետը իր օրհնութիւնը կը շնորհէ ներկաներուն ապա կը վերադառնայ Մատրիտի Առաքելական Նուիրակութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
