Որոնել

2026.06.11 Viaggio Apostolico in Spagna - Santa Messa allo Stadio Gran Canaria

Լեւոն ԺԴ կ՛աւարտէ Սպանիոյ իր ճամբորդութիւնը. Թեներիֆէի մէջ գաղթականներուն ողջագուրում եւ եզրափակիչ պատարագ

Վերջ կը գտնէ Լեւոն Պապին Սպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը, որ յատկանշուեցաւ գաղթի, ընկերային ներառման եւ մեր ժամանակի մարդկային ու գոյաբանական արուարձաններուն հանդէպ ցուցաբերուած մեծ ուշադրութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յիսուսին Սուրբ Սրտի տօնին օրը` 12 յունիս 2026-ին վերջ կը գտնէ Լեւոն ԺԴ Պապին առաքելական ճամբորդութիւնը Սպանիա որ ընգրկեց Մատրիտը, Պարսելոնան եւ Քանարեան կղզիները՝ մշակոյթներու խաչմերուկ եւ Եւրոպա տանող գաղթի ճամբաներու առանցքային կէտ։

Նորին Սրբութիւնը անցեալ վեց Յունիսին սկսած առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը ամբողջութեամբ անցուց Թեներիֆէ կղզիին մէջ, ուր իր պատգամը ուզեց կեդրոնացնել`՝ հիւրընկալութեան, ընդելուզման եւ համերաշխութեան վրայ։

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն Լաս Փալմաս տէ Կրան Քանարիայի Եպիսկոպոսական տունէն հրաժեշտ առնելէն ետք Լեւոն ԺԴ. կ՛ ուղղուի կղզիի օդակայան` Կրան Քանարիա-Կանտոյի ռազմակայան՝ օդային կարճ փոխադրութեամբ դէպի Թեներիֆէ ուղղուելու համար։

Թեներիֆէ Նորթէ-Լոս Ռոտէոս օդակայան ժամանումին, Ան կը դիմաւորուի տեղական իշխանութիւններուն կողմէ եւ կարճ հանդիպում մը կ՛ունենայ օդակայանի VIP սրահին մէջ։

Այցելութիւն «Լաս Ռաիսես» (Las Raíces) կեդրոն

Օրուան առաջին ժամադրութիւնը Լա Լակունայի քաղաքապետութեան տարածքին գտնուող «Լաս Ռաիսես» ընդունելութեան կեդրոնին մէջ պիտի ըլլայ։ Այս կառոյցը, որ յառաջացած է նախկին զօրանոցէ մը, գլխաւոր հանգրուաններէն մէկն է այն գաղթականներուն համար, որոնք կը ժամանեն այսպէս կոչուած «Քանարեան ուղիով»։

Կեդրոնի շուրջ վեց հարիւր հիւրերուն առջեւ, Լեւոն ԺԴ. պիտի ունկնդրէ տարբեր երկիրներէ եկած գաղթականներու վկայութիւնները եւ եկեղեցական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու խօսքերը։ Ան ապա իր ողջոյնի խօսքը կ՛ ուղղէ ներկաներուն ու հանդիպման աւարտին Պապը կ՛ այցելէ համալիրի վրաններէն մէկը եւ անձամբ կ՛ ողջունէ եւ կը զրուցէ մի քանի գաղթականներուն հետ։

Հանդիպում ընդելուզման կազմակերպութիւններուն հետ

Սրբազան Քահանայապետը ապա կ՛ուղղուի Սան Քրիսթոպալ տէ Լա Լակունայի սրտին մէջ գտնուող Փլազա տել Քրիսթօ հրապարակ հանդիպելու համար այն միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք կը զբաղին գաղթականներու հիւրընկալութեամբ եւ ընդելուզումով։

Յայտագիրի կը նախատեսէ քահանաներու, կամաւորներու եւ Վենեզուելայէն, Սենեկալէն, Մարոքէն ու Քոլոմպիայէն եկած անձերու վկայութիւնները, որոնք կը պատմեն Քանարեան կղզիներուն մէջ ընկերային եւ աշխատանքային ներգրաւման դժուարութիւններուն մասին։ Վկայութիւններուն կը յաջորդէ Քահանայապետին ճառը ապա անոր առաքելական օրհնութիւնը որմէ ետքը Ան կոլֆի կառքով (golf-cart) կը շրջի եւ կ՛ ողջունէ ներկայ բազմաթիւ հաւատացեալները։

Ողջոյն կաթողիկէ համայնքին

Նորին Սրբութիւնը առ այդ կ՛ուղղուի Եպիսկոպոսական տուն, ուր կ՛ողջունէ մի քանի հիւանդներ ու կրօնական հաստատութիւններու անդամներ, ապա Առաջնորդարանի պատշգամէն ողջոյնի խօսք կ՛ ուղղէ տեղական կաթողիկէ համայնքին։

Եզրափակիչ Պատարագը

Օրուան կեդրոնական պահը կը հանդիսանայ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը, զօր Քահանայապետը կը մատուցէ Սանթա Քրուզ տէ Թեներիֆէի նաւահանգիստին մէջ՝ շուրջ ութսուն հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ, որոնք եկած էին բոլոր Քանարեան կղզիներէն։

Յիսուսի Սուրբ Սրտի տօնին առթիւ կատարուած այս արարողութենէն առաջ, Սրբազան Պապը Քահանայապետական ինքնաշարժով կը շրջի եւ կ՛ողջունէ այս առիթով այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները, ապա նաւահանգիստի տարածքին կը մատուցէ սուրբ պատարագը որուն ընթերցումներն ու երգերը կը հնչեն սպաներէնով։

Հրաժեշտ եւ վերադարձ Հռոմ

Արարողութեան աւարտին, Սան Քրիսթոպալ տէ Լա Լակունայի եպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Էլոյ Ալպերթօ Սանթիակօ Սանթիակօ, շնորհակալութեան խօսք կ՛ ուղղէ Լեւոն Պապին՝ տեղական Եկեղեցւոյ եւ կղզեխումբի ամբողջ բնակչութեան անունով որմէ ետքը, Լեւոն Պապը իր վերջին ողջոյնը տալէն ետքը հաւատացեալներուն կ՛ուղղուի Թեներիֆէ Նորթէ-Լոս Ռոտէոս օդակայան՝ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան համար։

Զինուորական պատիւներէն, Պատուոյ պահակախումբի ստուգատեսէն եւ ներկայ պատուիրակութիւններու ողջոյնէն ետք, Ան կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելու համար Հռոմ։

Վերադարձի ճամբորդութեան ընթացքին, որ կը տեւէ շուրջ չորս ժամ եւ քառասուն վայրկեան, նախատեսուած է աւանդական մամլոյ ասուլիսը՝ Պապին ընկերակցող լրագրողներուն հետ։

Հռոմի Լէոնարտօ տա Վինչի (Ֆիումիչինօ) միջազգային օդակայան վայրԷջքը նախատեսուած է ժամը 20.40-ին։ Այնտեղէն Լեւոն ԺԴ անմիջապէս պիտի վերադառնայ Վատիկան՝ այսպէսով վերջակէտ դնելով Սպանիոյ իր առաքելական ճամբորդութեան, որ յատկանշուեցաւ գաղթի, ընկերային ներառման եւ մեր ժամանակի մարդկային ու գոյաբանական արուարձաններուն հանդէպ ցուցաբերուած մեծ ուշադրութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

12/06/2026, 08:27