Որոնել

Գաղթականութիւնը կրնայ դառնալ ժողովուրդներու միջեւ հանդիպման եւ փոխադարձ հարստացման առիթ. Լեւոն ԺԴ.

Սրբազան Պապը Թեներիֆէյի «Լաս Ռաիսես» ընդունելութեան կեդրոնիմէջ հանդիպում ունեցաւ գաղթականներուն հետ։ «Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, բոլորս ալ — ինչ-որ ձեւով — գաղթականներ ենք, բոլորս ուխտաւորներ ենք՝ դէպի երկնային հայրենիք քալող։ Օգնենք իրարու, որպէսզի այս ճամբորդութիւնը աւելի մարդկային իրադարձութիւն դառնայ բոլորին համար՝ ընծայելով այն, ինչ որ իւրաքանչիւրին կարողութեան սահմաններուն մէջ է»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, որ այսօր կ՛աւարտէ իր առաքելական չորրորդ միջազգային ճամբորդութիւնը, ճամբորդութեան վերջին օրը այցելեց Թեներիֆէ կղզին, իր հետ տանելով` հիւրընկալութեան, ընդելուզման եւ համերաշխութեան պատգամ մը։

Քահանայապետին Կղզիին մէջ ունեցած առաջին հանդիպումը եղաւ Թեներիֆէյի Սանթա Քրուզի «Լաս Ռաիսես» ընդունելութեան կեդրոնի գաղթականներուն հետ, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Սպանիայի ընդելուզման, ընկերային ապահովութեան ու գաղթականութեան նախարարուհին։

Յիսուսի Սուրբ Սիրտը իւրաքանչիւր մարդ անհատի նկատմամբ անհուն ու ողորմած սէր

Տեղւոյն եպիսկոպոսի արտասանած բացման խօսքէն, մի քանի գաղթականներու վկայութիւններէն, նախարարուհիին բարի գալուստի խօսքէն ու կեդրոնին տնօրէնի վկայութենէն ետքը Լեւոն Պապը իր սրտին խօսքը ուղղեց ներկաներուն նախ շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն ուղղուած խօսքերուն համար ապա յիշեցնելով, որ «այսօր կը յիշատակուի Յիսուսի Սուրբ Սրտի տօնը` որ քրիստոնեաներուն համար կը ներկայացնէ Աստուծոյ իւրաքանչիւր մարդ անհատի նկատմամբ անհուն ու ողորմած սէրը»։

Աստուծոյ սէրը սահման չի ճանչնար

«Այս շրջագիծէն ներս նախախնամական է հանդիպիլ, զիրար տեսնել եւ մանաւանդ գիտնալ, թէ՝ անկախ մեր ծագման վայրէն, Աստուծոյ սէրը սահմաններ չի ճանչնար, խտրութիւն չի դներ, բոլորին կը պարգեւուի եւ մեզ կը միաւորէ միութեան մէջ», ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով` թէ իրենց վկայութիւնները ունկնդրելով ինք կը մտածէ անոնց դժուարութիւններէ վիրաւոր սրտերուն, բայց նաեւ այլ բաց, ողորմած եւ վեհանձն սրտերու շնորհիւ անոնց ընդունած մխիթարութիւններուն։

«Քրիստոսի Սիրտը տառապեցաւ եւ խոցուեցաւ սիրոյ համար, եւ նաեւ մխիթարուեցաւ գթասիրտ մարդոցմէ, որոնք մօտեցան՝ Անոր ցաւը թեթեւցնելու համար» յարեց Նորին Սրբութիւնը, ակնարկելով Սուրբ Պետրոս Եղբօր ու Սուրբ Յովսէփ տէ Անշիեթային որոնք` մղուած Աստուծոյ սէրէն», Քանարեան կղզիներէն մեկնեցան Ամերիկա՝ Աւետարանը քարոզելու։

Զարգացնել մարդկային, երազային ու մշակութային գանձերը

«Իբրեւ գաղթականներ դէպի անյայտը՝ անոնք իրենց հետ տարին հաւատքը, յոյսն ու սէրը։ Այդ անծանօթ հողերուն վրայ, այս սուրբ գաղթականներն ու առաքեալները գիտցան տալ ինչ որ ունէին եւ միաժամանակ ընդունիլ իրենց հրամցուած նորութիւնները» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը աւելցնելով, թէ իրենք եւս հրաւիրուած են այս կղզիներուն մէջ զարգացնելու մարդկային, երազային ու մշակութային գանձերը, ինչպէս նաեւ բաց ըլլալու իրենց տրուածը ընդունելու համար։

«Մենք պէտք է պատասխանատուութեամբ ապրինք այս փոխանակումը՝ մտածելով գալիք սերունդներու ապագայի մասին, որոնց կ՛ուզենք փոխանցել սիրոյ քաղաքակրթութեան ժառանգութիւնը, ուր գաղթականութիւնը կարեւոր խօսք ունի ըսելիք, որովհետեւ «կրնայ դառնալ ժողովուրդներու միջեւ հանդիպման եւ փոխադարձ հարստացման առիթ» (Magnifica humanitas, 81)։»

Բոլորս ալ գաղթականներ ենք

«Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, բոլորս ալ — ինչ-որ ձեւով — գաղթականներ ենք, բոլորս ուխտաւորներ ենք՝ դէպի երկնային հայրենիք քալող։ Օգնենք իրարու, որպէսզի այս ճամբորդութիւնը աւելի մարդկային իրադարձութիւն դառնայ բոլորին համար՝ ընծայելով այն, ինչ որ իւրաքանչիւրին կարողութեան սահմաններուն մէջ է» ըսաւ Սրբազան Պապը ու շնորհակալութիւն յայտնեց Կառավարութեան, զանազան հաստատութիւններու եւ բազմաթիւ բարի կամքի տէր այրերու ու կիներու համագործակցութեան համար, «որոնք կարելի կը դարձնեն այս գործնական մարդասիրական օգնութիւնը, ինչ որ յոյս եւ արժանապատուութիւն կը վերադարձնէ բազմաթիւ անձերու»։

Արմատները

Քահանայապետը ակնարկեց ապա Կեդրոնի անունին «արմատներ» նշելով որ իր նախորդը Ֆրանչիսկոս Պապը շատ կը փափաքէր այստեղ գտնուիլ, ու թէ ան արմատ բառը կը գործածէր մատանշելու համար ակունքները չմոռնալու հարկաւորութիւնը եւ միացած մնալու Տիրոջ մէջ։

«Որովհետեւ ան, որ կը վստահի Տիրոջ, «նման է ջուրի եզերքը տնկուած ծառի, որ իր արմատները դէպի գետակը կ՚երկարէ. անիկա չի վախնար, երբ տաքը հասնի, իր տերեւները կանաչ կը մնան» (Երեմեայ 17, 8)”» (Christus vivit, 133)։ Արմատներու այս պատկերը թող օգնէ ձեզի՝ հաստատուն կերպով արմատաւորուած մնալու Տիրոջ մէջ (հմմտ. Կողոսացիս 2, 7), որպէսզի ոչ մէկ փոթորիկ կարենայ ձեզ հեռացնել Անոր ներկայութենէն, որ կը զօրացնէ եւ կեանք կու տայ» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ խօսքը աւարտեց հաւաստիացնելով թէ ինք զիրենք պիտի կրէ իր սրտին, յուշերուն եւ աղօթքներուն մէջ, ապա բոլորին վրայ հայցեց Աստուածոյ օրհնութիւնները ու Սուրբ Կոյս Մարիամի մարական հովանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

12/06/2026, 11:23