Լեւոն ԺԴ. Պապը ուխտաւոր Սպանիոյ մէջ. ճամբորդութիւն մը՝ հաւատքի, երկխօսութեան եւ արուարձաններու միջեւ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յունիս 6-էն 12-ը, Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի կատարէ իր չորրորդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը՝ այցելելով Մատրիտ, Պարսելոնա եւ Քանարեան կղզիներ։ Ուխտագնացութիւնը, որ ներկայացուց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի տնօրէն Մաթէօ Պրունի, պիտի յատկանշուի բազմաթիւ հանդիպումներով եւ ելոյթներով՝ նուիրուած մեր ժամանակներու մեծագոյն հարցերուն. խաղաղութիւն, զինաթափում, գաղթականութիւն, կեանքի պաշտպանութիւն, երիտասարդներ, մշակոյթ եւ նոր արհեստագիտութիւններ։
Քահանայապետը պիտի հանդիպի պետական հաստատութիւններու, Եկեղեցւոյ եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ ընտանիքներու, երիտասարդներու եւ խոցելի վիճակի մէջ գտնուող անձերու հետ։
Առանձնայատուկ կարեւորութիւն պիտի ունենայ այցելութիւնը Քանարեան կղզիներ, ուր Պապը պիտի այցելէ այն նաւահանգիստները, որոնք ականատես եղած են գաղթականներու ժամանումին՝ այսպէս կոչուած «Ատլանտեան Ուղիի» երկայնքով, հրաւիրելով ուշադրութիւնը հիւրընկալութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան մարտահրաւէրներուն վրայ։
Յատկանշական պահերէն պիտի ըլլան այցելութիւնը Սակրատա Ֆամիլիա (Սուրբ Ընտանիք) տաճար՝ Անթոնի Կաուտիի մահուան հարիւրամեակին առթիւ, Մատրիտի մէջ Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնի (Corpus Domini) թափօրը, ինչպէս նաեւ հանդիպումները զօրակցութեան եւ քաղաքային արուարձաններու խորհրդանշական վայրերուն մէջ։
Այս ճամբորդութիւնը կը միտի ցոյց տալ հասարակութեան մէջ ներկայ Եկեղեցի մը, որ ընդունակ է նպաստելու հանրային երկխօսութեան եւ յոյս ներշնչելու աշխարհականացման ու բաժանումներու ենթակայ եւրոպական համատեքստին մէջ։
Ձեռնարկներուն շուրջ կէս միլիոն հաւատացեալներու ներկայութեան սպասումով, Լեւոն ԺԴ. պիտի փոխանցէ միութեան, հաւատքի եւ ընկերային յանձնառութեան պատգամ մը՝ շեշտելով Եկեղեցւոյ դերը որպէս աշխոյժ ձայն՝ ապագայի կերտման գործին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
