Որոնել

2026.06.10 Viaggio Apostolico in Spagna - Preghiera de Santo Rosario

Լեւոն Պապը Մոնսեռաթի մէջ. «Հաւատքը կեանք եւ յոյս կը պարգեւէ»

Քահանայապետը յիշեցուց Մարիամի կերպարը, որ Յիսուսի կողմէ Խաչին ստորոտը մարդկութեան կտակուեցաւ որպէս Մայր՝ զայն նկարագրելով որպէս մշտական ներկայութիւն եւ մայրական սիրոյ նշան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Միասնութեան, հաւատքի եւ հիւրընկալութեան հզօր կոչ մը յատկանշեց Լեւոն Պապի ողջոյնի խօսքը՝ ուղղուած Մոնսեռաթի սրբավայրի տարածքին հաւաքուած հաւատացեալներուն։

Երեւնալով հռչակաւոր Մարեմեան սրբավայրի պատշգամէն՝ Քահանայապետը ամբոխը ողջունեց քաթալաներէնով եւ սպաներէնով՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն՝ «հաւատքի այս սքանչելի դրսեւորման» համար, եւ հոգեւոր խանդավառութեան մթնոլորտին համար, որ կ'ընկերակցի Սպանիոյ մէջ իր ճամբորդութեան։

Քահանայապետը ապա երախտագիտութիւն յայտնեց Քաթալոնիային՝ տարբեր երկիրներէ եկած մարդոց ընդունելու կարողութեան համար՝ այս փորձառութիւնը որակելով ընդելուզման եւ համակեցութեան գործնական օրինակ՝ մէկ մարդկային ընտանիքի մէջ։

Ան ապա յատուկ անդրադարձ կատարուեց Մոնսերրաթի վանական համայնքին, որ դարեր շարունակ ուղեցոյց եղած է այն ուխտաւորներուն համար, որոնք կը ժամանեն սրբավայր՝ Մարիամ Աստուածածնին աղօթելու։

Պատգամի առանցքը հանդիսացաւ այն համոզումը, թէ «հաւատքը կեանք կը պարգեւէ եւ հաւատքը յոյս կը պարգեւէ»․ կոչ մը՝ ուղղուած ոչ միայն Քաթալոնիային եւ Սպանիոյ, այլեւ համայն աշխարհին։

Ի վերջոյ, Քահանայապետը յիշեցուց Մարիամի կերպարը, որ Յիսուսի կողմէ Խաչին ստորոտը մարդկութեան կտակուեցաւ որպէս Մայր՝ զայն նկարագրելով որպէս մշտական ներկայութիւն եւ մայրական սիրոյ նշան։

Հանդիպումը աւարտեցաւ հայրապետական օրհնութեամբ եւ հաւատացեալներուն ուղղուած նոր շնորհակալութեամբ, որն արժանացաւ Մոնսեռաթի սրբավայրին մէջ հաւաքուած բազմութեան ծափահարութիւններուն եւ ջերմ զգացումներուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

10/06/2026, 13:52