Մոզամպիքի մէջ Քելիմանէի եպիսկոպոսին յուղարկաւորութիւնը. «Վեհանձն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մոզամպիքի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ գերապայծառ Ինասիօ Սաուրէին ուղղուած նամակին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապը իր զօրակցութիւնը յայտնած է հանգուցեալին մօր, հարազատներուն եւ համայն հաւատացեալներուն շեշտեելով որ կը սպասէ ոճիրի հանգամանքներուն ամբողջական բացայայտման, եւ աղօթք վստահեցնելով, որպէսզի Տէրը ընդունի այս «վեհանձն հովիւը» իր Արքայութեան մէջ։ Ան ապա մաղթած, որ այս դժուարին պահը ապրուի հաւատքով, իսկ եկեղեցին շարունակէ հաստատուն մնալ ներման եւ համերաշխութեան քարոզչութեան մէջ։
Յուղարկաւորութեան Սուրբ Պատարագը, որ նախագահած է առաքելական նուիրակ Լուիս Միկել Մունիոս Քարտապան, վայելած է բազմաթիւ հաւատացեալներու եւ Մոզամպիքի նախագահ Տանիէլ Շափոյի մասնակցութիւնը։
Իր քարոզին մէջ նուիրակը յիշեցուցած է եպիսկոպոսը որպէս «խաղաղութեան եւ հաշտութեան մարդ»՝ ընդգծելով անոր առաքելական եւ հովուական նուիրումը։
Գերապայծառ Աֆոնսօ, որ Մխիթարիչներու միաբանութեան ուխտաւոր-առաքեալ էր, 54 տարեկան էր եւ մեծապէս գնահատուած էր Եկեղեցիին ու Մոզամպիքի ժողովուրդին հանդէպ իր ունեցած նուիրուածութեան համար։ Անոր թաղումը պիտի կատարուի իր ծննդավայր՝ Նամփուլայի մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
