Լեւոն Պապը Փաւիայի եւ Սանթ’Անճելօ Լոտիճանոյի մէջ

Գուրգուրանք՝ հիւանդներուն, եւ յարգանքի տուրք՝ Սուրբ Օգոստինոսի ու Մայր Քապրինիի յիշատակին

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Խիտ ժամանակացոյցով եւ հոգեւոր ու մարդկային խորունկ պահերով հարուստ հովուապետական այցելութիւն մը կը հանդիսանայ` Լեւոն ԺԴ. Պապին այսօր 20 Յունիսին լոմպարտական Փաւիա եւ Սանթ’Անճելօ Լոտիճանօ շրջաններուն կատարելիք հովուական այցելութիւնը

Քահանայապետին ճամբորդութիւնը կը սկսի ժամը 13.00-ին, Վատիկանի ուղղաթիռի կայանէն թռիչքով, իսկ վայրէջքը նախատեսուած է ժամը 14.45-ին, Փաւիայի «CUS di Cravino» ռակպիի դաշտին մէջ։

Ժամը 15.00-ին․ Լեւոն Պապը Քահանայապետը պիտի կ՛այցելէ Ուռուցքաբանական Հադրոնային Թերապիայի Ազգային Կեդրոն (CNAO) հանդիպելով տնօրէնութեան, բժշկական անձնակազմին եւ բուժման մէջ գտնուող քանի մը երեխաներու ու անոնց ծնողներուն։

Սուրբ Օգոստինոսի հետքերով․ Հաւատք եւ Մշակոյթ

Բժշկական կեդրոնէն մեկնելէ ետք, այցելութիւնը պիտի փոխադրուի Փաւիայի պատմական եւ հոգեւոր սիրտը՝ Սան Փիեթրօ Ին Չիել տ’Օրօ (San Pietro in Ciel d’Oro) Պազիլիքա, ուր կը հանգչին Եկեղեցւոյ մեծագոյն Հայրերէն մէկուն մարմնական նշխարները։

Ժամը 15.45-ին․ Օգոստինեան Հայրերու վանքին մէջ Պապը կարճատեւ հանդիպում մը պիտի ունենայ կրօնական համայնքին հետ, իսկ ներքնաբակին մէջ կ՛ ողջունէ Լոմպարտիայի եպիսկոպոսները։

Ժամը 16.15-ին․ Պազիլիքայէն ներս, լոմպարտիայի եպիսկոպոսներու, կղերական դասի եւ ուխտեալներու ներկայութեամբ, Լեւոն Պապը պիտի նախագահէ Խօսքի Տօնակատարութիւնը եւ պիտի մեծարէ Սուրբ Օգոստինոսի Մասունքները։ Այս հանգրուանի գագաթնակէտը կը հանդիսանայ Քահանայապետին սպասուած պատգամը։

Ուշ կէսօրը պիտի նուիրուի Փաւիայի ժողովուրդին հետ հանդիպման։

Ժամը 17.00-ին․ Փաւիայի Մայր Տաճարի գաւիթին մէջ, Պապը երեխաներու կողմէ ծաղկեփունջեր պիտի ստանայ եւ պիտի ողջունէ հոն ներկայ հարաւամերիկեան մեծ համայնքը։ Ապա, Մայր Տաճարէն ներս, ան պիտի ծնրադրէ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան համար եւ պիտի աղօթէ քաղաքի ու թեմի առաջին եպիսկոպոս եւ պաշտպան Սուրբ Սիրոյի խորանին առջեւ։

Ժամը 17.30-ին․ Քաղաքացիներուն համար ամենասպասուած պահը։ Պապը ոտքով պիտի հասնի Փիացցա Վիթթորիա (Piazza Vittoria)՝ բնակչութեան հետ մեծ հանդիպման համար, ուր պիտի արտասանէ իր երկրորդ պաշտօնական ճառը, նախքան տեղական իշխանութիւններուն հրաժեշտ տալը։

Թռիչք դէպի Սանթ’Անճելօ Լոտիճանօ եւ յարգանքի տուրք՝ Մայր Քապրինիին

Ժամը 18.45-ին պապական ուղղաթիռը պիտի թռչի Փաւիայէն՝ կարճատեւ, բայց նշանակալից այցելութեամբ մը ուղղուելով դէպի Լոտիի շրջան։

Սանթ’Անճելօ Լոտիճանոյի «Քարլօ Քիեզա» (Carlo Chiesa) մարզադաշտ ժամանելուն Սրբազան Պապը անմիջապէս կը փոխադրուի Սուրբ Անտոն Աբբահայր եւ Սրբուհի Ֆրանչիսքա Քապրինի եկեղեցի։

Եկեղեցւոյ մէջ Լեւոն Պապը պիտի ամփոփուի աղօթքով՝ մեծարելու համար Սրբուհի Ֆրանչիսքա Քապրինիի Սիրտը։ Ան Միացեալ Նահանգներու առաջին քաղաքացին է, որ սրբադասուած է, եւ անոր կերպարը չափազանց արդիական է գաղթականներուն նուիրուած Եկեղեցւոյ վարդապետութեան մէջ։ Այստեղ եւս Պապը իր խորհրդածութիւնը պիտի փոխանցէ ներկայ հաւատացեալներուն։

Օրը պիտի փակուի ժամը 19.45-ին, Սանթ’Անճելօ Լոտիճանոյէն մեկնումով եւ Լեւոն Պապին Վատիկան վերադարձով մօտաւորապէս ժամը 21.15-ի ժամանակները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

20/06/2026, 07:51