Պապին ցաւը՝ Մոզամպիքի մէջ Քելիմանէի եպիսկոպոսին սպանութեան համար
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
«Լեւոն ԺԴ Պապը ցաւով տեղեկացաւ բռնութեան ծանր արարքին մասին, որ պատճառ դարձաւ Արհիապատիւ Գերապայծառ Օսորիօ Սիթորա Աֆոնսոյի՝ Քելիմանէի եպիսկոպոս եւ Պէյրայի Առաքելական կառավարիչի մահուան, եւ աղօթքով կը միանայ թեմերու ու Մոզամպիքի ժողովուրդին՝ մոլորութեան այս ժամուն, որպէսզի Տէրը անոնց մխիթարութիւն պարգեւէ, իր սիրոյն մէջ պահպանէ ամէն մարդ ու կին եւ կանգնեցնէ բռնարարներուն ձեռքը»։
Այս խօսքերով է որ, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Մաթէօ Պրունի Գրասենեակի Թելեկրամի ալիքով, աշխարհին փոխանցեց Սպանիոյ մէջ իր առաքելական ճամբորդութեան մէջ գտնուող Քահանայապետին կսկիծը՝ եկեղեցականին սպանութեան համար, որ այսօր մեռած գտնուած է Քելիմանէի եպիսկոպոսական իր նստավայրի շէնքին մէջ։
Կուրծքէն եւ սիրտէն հարուածուած
Քրէական հետախուզութեան ազգային ծառայութեան պատասխանատուներուն կողմէ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ եպիսկոպոսը հարուածուած է կուրծքի եւ սիրտի շրջանին արձակուած քանի մը փամփուշտներով, որոնք փրկուելու որեւէ յոյս չեն ձգած։ Սոսկալի ոճիրին դրդապատճառները, որոնց շուրջ քննիչները սկսած են հետաքննութիւն կատարել, տակաւին անյայտ կը մնան։
Եպիսկոպոսներուն ցաւը
Ողբերգական կորուստին համար ցաւ յայտնած է, յանուն տեղական ողջ Եկեղեցիին, նաեւ Նամփուլայի արքեպիսկոպոս եւ Մոզամպիքի եպիսկոպոսներու նախագահ գերապայծառ Ինասիօ Սաուրէն (Inácio Saúre), որ պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, այս դժուարին պահուն, կոչ ուղղած է «հաւատքի եւ եղբայրական զօրակցութեան»։ Գերապայծառ Սիթորա Աֆոնսոն, որ ներկայիս կը վարէր Եպիսկոպոսական համաժողովի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը, 2017-էն 2023 թուականներուն եղած է նաեւ Աւետարանացման գրասենեակի (Առաջին աւետարանացման եւ նոր մասնաւոր Եկեղեցիներու բաժանմունք) պաշտօնեայ։
Նախագահ Շափոյի ցաւակցութիւնը
Խոր ցաւ ու ցաւակցութիւն յայտնած է նաեւ Մոզամպիքի Հանրապետութեան նախագահ Տանիէլ Ֆրանսիսքօ Շափոն (Daniel Francisco Chapo), որ ուզած է ընդգծել, թէ՝ «Եկեղեցականին մահը անդառնալի կորուստ է ոչ միայն քրիստոնեայ համայնքին, այլեւ Մոզամպիքի ողջ հասարակութեան համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
