Il Papa ai sacerdoti, 'non chiudete mai la porta'

«Եղէք Սուրբ որովհետեւ ես` ձեր Տէր Աստուածը, սուրբ եմ». Լեւոն Պապին պատգամը Քահանաներուն

«Սիրելի՛ քահանաներ, ամէն օր նորոգեցէ՛ք ձեր «ահաւասիկ»-ը Քրիստոսի խոցուած Սրտին առջեւ։ Ձեզ ամբողջութեամբ Իրեն յանձնեցէ՛ք, որպէսզի կարենաք սիրել Իր ժողովուրդը նոյն այն սիրով, որով Ինք կը սիրէ զայն։ Եւ ուրախութեամբ յիշեցէ՛ք, ինչպէս կը սիրէր կրկնել Արսի Սուրբ Քահանան, թէ՝ «քահանայութիւնը Յիսուսի Սրտին սէրն է» (հմմտ. Պենետիկտոս ԺԶ, Նամակ Քահանայական Տարուան Հռչակման Առթիւ [16 Յունիս 2009]» կը հաստատէ Լեւոն Պապը նամակի աւարտին որ զայն կ՛եզրափակէ բոլորը յանձնելով` Քահանաներու Մայր` Մարիամ Աստուածածնայ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եղէք Սուրբ որովհետեւ ես` ձեր Տէր Աստուածը, սուրբ եմ» Աստուածաշունչի ղեւտական գիրքէն եւ Սուրբ Պետրոսի առաջին նամակէն քաղուած այս խօսքով է որ Լեւոն ԺԴ. Պապը կը սկսի իր պատգամը` ուղղուած բոլոր քահանաներուն «Քահանայական Սրբագործման Օրուան առիթով» որ կը նշուի Յիսուսի Սուրբ Սրտի տօնին օրը` 12 Յունիս 2026-ին։

Քահանայապետը որ այս օրերուն առաքելական ճամբորդութեամբ կը գտնուի Սպանիոյ մէջ ուրտեղէն պիտի վերադառնայ այս երեկոյ, պատգամին մէջ կը հաստատէ` թէ սրբութեան այս աստուածային կոչումը դարերու ընդմէջէն անցնելով այսօր եւս կը հնչէ իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար ու պահանջկոտ կերպով մեզի` քահանաներուս համար։

Սրբութիւնը Քրիստոսի խորհուրդին մասնակցութիւն

«Աստուած մեզ կը հրաւիրէ մասնակցելու իր իսկ սրբութեան։ Երբ մեզ կը կանչէ սուրբ ըլլալու, որովհետեւ Ինք սուրբ է, մեզի ցոյց կու տայ ընթանալիք ճանապարհը՝ թոյլ տալ, որ մենք ձեւաւորուինք իր Սրտին համեմատ» կը գրէ Քահանայապետը հաստատելով` որ քահանաներուն համար յատկապէս «այս կոչը արմատական է» եւ աւելցնելով. «մենք կոչուած ենք մասնակցելու Աստուծոյ իսկ սրբութեան, բայց այս գանձը կը կրենք կաւէ անօթներու մէջ (տե՛ս Բ. Կոր. 4,7). սահմանափակ ու անկատար, յաճախ տկարութիւններով եւ յոգնութիւններով դրոշմուած, երբեմն ալ՝ վէրքերով»։

Հարց տալով թէ «ինչպէ՞ս կրնայ այսքան խոցելի մարդկային սիրտ մը պատասխանել այսքան բարձր կոչումի մը» Նորին Սրբութիւնը կը նշէ թէ «Քահանան գիտէ, թէ ո՛ւր գտնել խաղաղութիւնը՝ Տէր Յիսուսի բացուած կողին մէջ»։

Միութեան ճանապարհ մը 

Քահանայապետի պատգամին մատնանշած երկրորդ կէտը հաստատումն էր` թէ քահանայական կոչումին ճանապարհը միութեան ճանապարհ է։

Քրիստոսի Սրտին հետ միութիւնը, արդարեւ, ընտրեալներու յատուկ շնորհք մը չէ, այլ ամէնօրեայ ճանապարհ մըն է, որ կը սնանի Սուրբ Հաղորդութեամբ, աղօթքով, Աստուծոյ Խօսքին խոկումով եւ խոնարհ ծառայութեամբ։

Ձեռնադրութեամբ, Քրիստոսի կերպարին համակերպուած քահանան կոչուած է մշտապէս նորոգելու իր մէջ շնորհքի պարգեւը եւ Քրիստոսի հետ միացած մնալու իր կեանքի բոլոր հանգամանքները։ Այսպէս սրբութիւնը կը յայտնուի ոչ թէ որպէս մարդկային ջանքերու արդիւնք, այլ Աստուծոյ շնորհքին հետ հաւատարիմ համագործակցութիւն։

Աղօթքը, ծառայութիւնը, ուրախութիւններն ու փորձութիւնները, նոյնիսկ թուացեալ ձախողութիւնները, բոլորը կը դառնան Աստուծոյ սիրոյ յայտնութեան վայրեր։

Աշխարհը կարիքն ունի այնպիսի հովիւներու, որոնք իրենց հաշտուած ու Քրիստոսի Սրտին համակերպուած կեանքով վկայեն միութիւն, խաղաղութիւն եւ ողորմութիւն՝ դառնալով Բարի Հովիւի քնքշութեան ու սիրոյ կենդանի նշանները, դիտել կու տայ Քահանայապետը։

Քրիստոսի Սիրտը սուրբերուն սիրտն է

«Սուրբ ըլլալու կոչումին պատասխանը այնքան ալ ճգնակեցական ջանքերու եւ կատարելութեան ձգտումին մէջ չէ, որքան՝ վստահութեամբ յանձնուելու այն սիրոյն, որ յայտնուած է Յիսուսի խոցուած Սրտին մէջ» կ՜ընդգծէ ապա Սրբազան Պապը նշելով` որ Քրիստոսի Սուրբ Սիրտը կը բացայայտէ Աստուծոյ սէրը, որ իր խոնարհութեամբ ու զոհաբերութեամբ ողորմութեան եւ կեանքի աղբիւր կը դառնայ։

«Յիսուսի Սրբազան Սիրտը Աստուծոյ սիրոյ գերագոյն պատկերն է. սէր մը, որ ամենակարող է ճիշտ այն պատճառով, որ կրնայ խոցելի դառնալ, ցաւը շնորհքի, իսկ տառապանքը՝ յոյսի վերածել» կը նշէ հուսկ Լեւոն ԺԴ. հաստատելով` որ «այս օրհնեալ Սիրտը այն «վայրն» է, ուր սրբութիւնը կը յայտնուի որպէս մերձաւորութիւն եւ քնքշութիւն»։

Մերձաւորութիւն եւ քնքշութիւն

«Քահանային սրբութիւնը կը դրսեւորուի խոնարհ ու արի մերձեցումով, բոլորին համար եւ բոլորին հետ ըլլալով, հօտին դուռը բաց պահելով, որպէսզի շատեր ներս մտնեն եւ գտնեն արօտ ու հանգիստ (տե՛ս Յվհ. 10,9)» կը կարդանք Քահանայապետին քահանաներուն ուղղած նամակին մէջ ուր Ան կը նշէ նաեւ թէ այս կոչումը չ՛ ապրուիր միայնակ։

«Այսպիսի սրբութիւն միայնակ չի ապրուիր։ Հոգ տարէք քահանայական եղբայրակցութեան. փնտռեցէ՛ք զիրար, լսեցէ՛ք զիրար, զօրակցեցէ՛ք իրարու։ Քահանան, որ կը մեկուսանայ, կամաց-կամաց կը մարի. իսկ քահանան, որ իր եղբայրներուն հետ կը քալէ, կը հասնի աճումի» կը յորդորէ Պապը մէջբերելով նաեւ Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերը։

Նորոգել «ահաւասիկ»-ը

«Սիրելի՛ քահանաներ, ամէն օր նորոգեցէ՛ք ձեր «ահաւասիկ»-ը Քրիստոսի խոցուած Սրտին առջեւ։ Ձեզ ամբողջութեամբ Իրեն յանձնեցէ՛ք, որպէսզի կարենաք սիրել Իր ժողովուրդը նոյն այն սիրով, որով Ինք կը սիրէ զայն։ Եւ ուրախութեամբ յիշեցէ՛ք, ինչպէս կը սիրէր կրկնել Արսի Սուրբ Քահանան, թէ՝ «քահանայութիւնը Յիսուսի Սրտին սէրն է» (հմմտ. Պենետիկտոս ԺԶ, Նամակ Քահանայական Տարուան Հռչակման Առթիւ [16 Յունիս 2009]» կը հաստատէ Լեւոն Պապը նամակի աւարտին որ զայն կ՛եզրափակէ բոլորը յանձնելով Մարիամ Աստուածածնին՝ Քահանաներու Մօր, որպէս Ան «որ իր սրտին մէջ պահեց իր Որդիին խորհուրդը, սորվեցնէ մեզի պահել եւ մեր մէջ բաբախեցնել աշխարհի Փրկիչին` Քրիստոսի Սիրտը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

12/06/2026, 12:23