2026.06.08 BARCELLONA - attesa Papa

Մատրիտէն Պարսելոնա` Սրբազան Պապի առաքելական ճամբորդութեան չորրորդ օրը

Երիտասարդներու, հաւատքի եւ Քաթալոնիոյ հետ երկխօսութեան օր մը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Սպանիոյ մայրաքաղաքին մէջ անցուցած երեք օրերէն ետքը` Սրբազան Քահանայապետը երեքշաբթի 9 Յունիսին փոխադրուեցաւ Պարսելոնա, որ կը հանդիսանայ ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը

Օրը սկսաւ Մատրիտի Պապական Նուիրակութեան մէջ Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ հուսկ Քահանայապետը հանդիպեցաւ քանի մը բարերարներու հետ, նախքան Սպանիոյ գլխաւոր եւ Եւրոպայի ամենակարեւոր ցուցահանդէսային կեդրոններէն մէկը հանդիսացող IFEMA Madrid ուղղուիլը։

Այստեղ, Մատրիտի Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Խոսէ Քոպօ Քանոյի կողմէ դիմաւորուելէն ետք, Սրբազան Պապը կը մասնակցի եկեղեցական եւ ընկերային տարբեր կառոյցներէ եկած հարիւրաւոր կամաւորներու հետ հանդիպումին։

Վկայութիւններով, երաժշտական կատարումներով եւ ծառայութեան պատմութիւններով յատկանշուած պահէն  ետքը Սրբազան Հայրը իր երախտագիտութեան խօսքը կ՛ուղղէ ներկաներուն եւ հանդիպումի աւարտին իր օրհնութիւնը շնորհելէ ետքը կը փոխադրուի Ատոլֆօ Սուարես Մատրիտ-Պարախաս միջազգային օդակայան, որտեղէն կը մեկնի ուղղուելով Պարսելոնա թռիչքի ընթացքին ողջունելով իրեն ընկերակցող լրագրողներն եւ օդանաւի անձնակազմը։

Գրեթէ մէկ ժամ քսան վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետք Սրբազան Պապը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կը կատարէ` «Ժոզեփ Թառատելաս Պարսելոնա-Էլ Փրաթ» միջազգային օդակայան ուր կը դիմաւորուի Քաթալոնիայի Կառավարութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ ապա VIP սրահին մէջ ունեցած հակիրճ հանդիպումէ մը ետքը կ՛օրհնէ օդակայանի մատրան տապանակը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ կ՛ ուղղուի դէպի պատմական Սուրբ Խաչի եւ Սրբուհի Էւլալիայի Մայր Տաճար, որ Քաթալոնական քաղաքի հոգեւոր սիրտն է։

Կոթական ոճի այս հոյակապ կառոյցին մէջ, որ նուիրուած է Պարսելոնայի պաշտպան սրբուհիին, Քահանայապետը կը նախագահէ Միջօրէի Ժամերգութեան՝ տեղական կղերական դասի, կրօնաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ եւ արարողութեան ընթացքին կ՛արտասանէ քարոզը հուսկ աւարտին աղօթքի պահով մը կ՛առանձնանայ տաճարի դամբարանին մէջ գտնուող Սրբուհի Էւլալիայի գերեզմանին առջեւ, հուսկ նախ քան Աքեպիսկոպսարան փոխադրուիլը ներքնագաւիթին մէջ կը հանդիպի դպրեվանքի սաներու խումբի մը հետ եւ կ՛ ողջունէ ներկայ պաշտօնատարները։

Արքեպիսկոպոսարանի մէջ տեղի ունեցած մասնաւոր ճաշէն ետք, յայտագիրը կը շարունակուի Քաթալոնիոյ «Ժեներալիթաթի» Նախագահ՝ Սալվատոր Իլլա ի Ռոքայի հետ առանձին տեսակցութեամբ որուն կը յաջորդէ Օգոստինեան Միաբանութեան անդամներուն հետ հանդիպումը` ընտանեկան եւ կրօնական եղբայրութեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։

Օրուան ամենասպասուած ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ երեկոյեան՝ Լուիս Քոմփանիս Ողիմպիական մարզադաշտին մէջ։

Նախքան մարզադաշտ մուտք գործելը, Պապը կ՛ օրհնէ շտապ օգնութեան ծառայութիւններու համար նախատեսուած շուրջ երեսուն շտապամեքենաներ ապա «փափամոպիլ»-ով շրջանը կը կատարէ տարածքին ողջունելով այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները ու մասնաւորապէս երիտասարդները որոնք եկած են մասնակցելու աղօթքի մեծ Հսկումին։

Արարողութեան ընթացքին նախատեսուած են երգեր, վկայութիւններ, տեսերիզ ու խորհրդածութեան պահեր, ապա կեդրոնական պահը, այն է Քահանայապետի եւ երիտասարդներու միջեւ ուղղակի երկխօսութիւնը։

Հսկումը կ՛ աւարտի հաւատոյ հանգանակով, «Հայր Մեր» աղօթքով եւ Քահանայապետի առաքելական օրհնութեամբ որմէ ետքը Ան կը փոխադուրիՊարսելոնայի Արքեպիսկոպոսարան, ուր կը փակէ ճամբորդութեան չորրորդ օրուան յայտագիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

09/06/2026, 09:18