Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը   (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. զրուցեց Պարէնի Համաշխարհային Ծրագրի «սահմանագիծերուն» հետ. «Սնուցանեցէ՛ք աշխարհի յոյսի երազները»

Լեւոն ԺԴ. Պապը Պարէնի Համաշխարհային Ծրագիրի Հռոմի կեդրոնատեղիէն դատապարտեց սովն ու պատերազմը սնուցանող արատաւոր շրջանը՝ ընդգծելով, որ արդի աշխարհը ունի բոլոր միջոցները տագնապը վերացնելու համար։ Ան յորդորեց զօրակցիլ կարիքաւորներուն եւ վերականգնել երիտասարդներուն յոյսն ու համայնքային ոգին՝ յանուն աւելի արդար ու խաղաղ ապագայի մը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը այցելեց ՄԱԿ-ի Պարէնի Համաշխարհային Ծրագիրի (PAM) Հռոմի կեդրոնատեղին եւ, պաշտօնական ելոյթէն ետք, անմիջական հանդիպումներ ունեցաւ թէ՛ գործակալութեան աշխատակիցներուն եւ թէ աշխարհի տարբեր ճգնաժամային շրջաններուն մէջ ծառայող ներկայացուցիչներուն հետ՝ շեշտելով, որ սովն ու պատերազմը իրար սնուցող արատաւոր շրջան մը կը կազմեն, մինչ երիտասարդներուն անհրաժեշտ է վերադարձնել յոյսն ու ապագայի տեսիլքը։

Օգնութիւն հասցնելը մեծ եւ վտանգներով լի առաքելութիւն է

Խօսելով տեսակապի միջոցաւ Վենեզուելայի, Հարաւային Սուտանի եւ Լիբանանի մէջ գործող աշխատակիցներուն հետ՝ Սրբազան Հայրը իր աղօթական զօրակցութիւնը յայտնեց ամբողջ կաթողիկէ համայնքին անունով՝ ընդգծելով, որ ամենէն խոցելի բնակչութիւններուն օգնութիւն հասցնելը մեծ եւ վտանգներով լի առաքելութիւն մըն է։

Ան ուշադիր կերպով ունկնդրեց տեղւոյն պատասխանատուներուն վկայութիւնները եւ անդրադարձաւ սովին ու զինուորական հակամարտութիւններուն միջեւ գոյացած «արատաւոր շրջանին», որ իր կարգին կը խորացնէ գաղթի ճգնաժամը։

«Մարդիկ իրենց տուները չեն լքեր, որովհետեւ այդ կ’ուզեն, այլ որովհետեւ ստիպուած են գոյատեւելու համար», ըսաւ Քահանայապետը։

Սնունդ արտադրելու կարողութիւնը կայ, բայց միջոցները կը վատնուին պատերազմներու վրայ
Լեւոն ԺԴ. ընդգծեց, որ արդի աշխարհը ունակ է վերացնելու սովը, քանի որ գոյութիւն ունին թէ՛ անհրաժեշտ միջոցները եւ թէ սնունդ արտադրելու կարողութիւնը։ Սակայն, ըստ անոր, շատ յաճախ այդ միջոցները կը ծառայեն պատերազմներու եւ այլ երկրորդական նպատակներու, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որ սովը շարունակուի եւ նոյնիսկ աճ արձանագրէ որոշ շրջաններու մէջ։

«Խաղաղութեան պարտէզ»-ի պատգամը․ Համայնք եւ յոյս

Ապա ՄԱԿ-ի այս կառոյցի հռովմէական կեդրոնատեղիի «Խաղաղութեան պարտէզին» մէջ, Քահանայապետը հանդիպեցաւ աշխատակիցներուն հետ ու իր խօսքը կեդրոնացուց երկու հիմնարար հասկացութիւններու վրայ՝ «համայնք» եւ «յոյս»։

«Համայնք» բառը, ըստ անոր, այսօր առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի բաժանումներով եւ բեւեռացումներով տառապող աշխարհի մէջ, ուր նոյնիսկ արդի արհեստագիտութիւնը շատ անգամ կը ծառայէ պատերազմին, աւերածութեան եւ մահուան։ Ան խրախուսեց աշխատակիցները շարունակելու համագործակցութեան ոգիով իրենց ծառայութիւնը, որպէսզի մարդիկ կրկին սորվին միասին գործել եւ կառուցել աւելի արդար աշխարհ մը։

Վերադարձնել երիտասարդներուն ապագայի տեսիլքը

Անդրադառնալով «յոյս» հասկացութեան՝ Լեւոն ԺԴ. յատկապէս երիտասարդներուն մասին խօսեցաւ՝ նշելով, որ շատեր կորսնցուցած են ապագային նայելու եւ իրենց կեանքին իմաստ տալու կարողութիւնը։

«Անոնք այլեւս չեն ըսեր՝ արժէ այս գործին նուիրուիլ, արժէ ուրիշներուն հետ միանալ եւ միասին առաջ երթալու ճանապարհ որոնել», նկատել տուաւ ան։

Սրբազան Հայրը եզրափակեց, որ կարիքաւորին օգնութիւն ձեռք երկարելը յոյսի իրական նշան մըն է, իսկ աշխարհին սնունդ ապահովելը նաեւ կը նշանակէ սնուցանել խաղաղ եւ համերաշխ ապագայի յոյսը, ուր բոլոր մարդիկ իսկապէս միացած կ’ապրին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

22/06/2026, 13:47