Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Քորէայի նախագահը Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Քորէայի նախագահը  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Քորէայի հանրապետութեան նախագահը

Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Քորէայի Հանրապետութեան նախագահ Լի Ճէ-միւնկը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններն ու յառաջիկայ Երիտասարդաց Միջազգային Օրուան կազմակերպչական աշխատանքները։ Հանդիպումներու ընթացքին շեշտուեցաւ տեղական Եկեղեցւոյ դրական նպաստը քորէական ընկերութեան եւ միջազգային տագնապալից պայմաններուն մէջ խաղաղութեան ու երկխօսութեան կարեւորութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, յունիս 15-ին, Վատիկանի Առաքելական Պալատէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը պաշտօնական ունկնդրութեան մը ընթացքին ընդունեց Քորէայի Հանրապետութեան նախագահ ԼԻ Ճէ-միւնկը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։

Դիւանագիտական տեսակցութիւններ եւ երկկողմանի յարաբերութիւններ

Քահայանայապետին հետ ունեցած առանձնազրոյցէն ետք, նախագահ Լի Ճէ-միւնկ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան մէջ՝ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի եւ Պետութիւններու ու Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալակերի հետ։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին վերահաստատուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Քորէայի Հանրապետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական սերտ յարաբերութիւնները։ Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ տեղական կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բերած դրական ու արժէքաւոր նպաստին քորէական ընկերութեան կեանքէն ներս, յատկապէս՝ Կրթական մարզին մէջ. դպրոցներու եւ դաստիարակչական ծրագիրներու միջոցաւ։

Ժողովի ընթացքին կողմերը քննարկեցին նաեւ յառաջիկայ Երիտասարդաց Միջազգային Օրուան (World Youth Day) կազմակերպչական աշխատանքներուն ընթացքը, որ մեծ խանդավառութիւն կը յառաջացնէ տարածաշրջանէն ներս։

Ի միջի այլոց, կողմերը անդրադարձան տեղական եւ միջազգային քաղաքական ու ընկերային արդի հարցերուն՝ շեշտելով խաղաղութեան եւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը աշխարհի այսօրուան տագնապալից պայմաններուն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

16/06/2026, 09:57