Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը   (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Բարի լրատուութիւնը պէտք է հեռու մնայ կեղծ լուրերու եւ բեւեռացումներու թմրեցուցիչէն»

Լեւոն ԺԴ. Պապը «L’Adige» օրաթերթի 80-ամեակին առթիւ կարեւորած է որակեալ ու թափանցիկ լրատուութեան դերը, որ պէտք է ջուրի պէս յագեցնէ հասարակութեան գիտելիքի ծարաւը եւ սնուցանէ խղճմտանքը։ Ան կոչ ուղղած է կառավարելու արդի արհեստագիտութիւնը եւ յարգելու տարբեր կարծիքներ՝ առանց անձնատուր ըլլալու շահոյթներն աւելցնող կեղծ լուրերու եւ արհեստական բեւեռացումներու գայթակղութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Իտալական «L’Adige» օրաթերթի հիմնադրման 80-ամեակին առթիւ յղած իր պատգամին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապը շեշտած է որակեալ լրատուութեան հրամայականը՝ զայն նմանցնելով «ջուրի, որ կը յագեցնէ մարդոց գիտելիքի ծարաւը եւ կը սնուցանէ խղճմտանքը»։ Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղած է լրագրողներուն՝ հեռու մնալու դատարկախօսութիւններէն եւ իրականութեան թափանցիկ ու արդար մեկնաբանութիւն ջամբելու ընթերցողներուն։

Անդրադառնալով արդի աշխարհի մարտահրաւէրներուն՝ Պապը նշած է, որ տեղեկատուական դաշտի միակ փրկութիւնը որակն է։ Ըստ անոր, հարկ է կառավարել արդի արհեստագիտութիւնը (թեքնոլոճի)՝ առանց տեղի տալու միակողմանի մտածելակերպի (միամիտ միտքի) պարտադրանքին, եւ յարգել տարբեր կարծիքները։

«Պէտք չէ անձնատուր ըլլալ շահոյթներն աւելցնելու գայթակղութեան՝ կեղծ լուրերու (fake news) եւ արհեստական բեւեռացումներու թմրեցուցիչին դիմելով»,— ընդգծած է Քահանայապետը։

Իր պատգամի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը մաղթած է, որ պատմական թերթը շարունակէ հանդիսանալ ճշմարտութեան գործիք, պատմութեան ու յիշողութեան պահապան եւ մարդկայնութեան խմորիչ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

16/06/2026, 14:40