Լեւոն ԺԴ. «Երբեք Աստուծոյ անունը չկապել պատերազմին հետ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Սուրբ Պետրոս հրապարակ - Piazza San Pietro» պարբերաթերթին մէջ հրատարակուած նամակի մը պատասխանելով՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը յայտարարած է, թէ Եկեղեցւոյ գլխաւոր առաքելութիւնն է խաղաղութիւն հայցել եւ խստօրէն դատապարտել անոնք, որոնք կրօնքը կը շահագործեն սեփական նպատակներուն համար։ «Ցաւօք, Աստուծոյ անունը պղծելու այս փորձութիւնը կը հարուածէ նաեւ զանոնք, որոնք զիրենք քրիստոնեայ կը դաւանին», նշած է Ան։
Արիւնահեղութիւն եւ կրօնական շահագործում
Նամակին հեղինակը՝ Քաթանիացի Ռաֆայէլը, Քահանայապետին ուղղած էր յուզիչ հարցումներ. «Ինչպէ՞ս կարելի է անմեղ արիւն թափել՝ Աստուծոյ անունը տալով։ Ինչպէ՞ս կարելի է անուն մը, որ պէտք է միացնէ, վերածել բաժանման եւ մահուան գործիքի»։
Լեւոն ԺԴ. Պապը, անդրադառնալով Ուքրանիոյ, Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի այլ տարածաշրջաններու մէջ հրթիռներու ու անօդաչու թռչող սարքերու պատճառած անմեղ զոհերուն, վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը.
«Իմ քահանայապետական պաշտօնավարութեան սկիզբէն ի վեր հայցած եմ "զինաթափուած եւ զինաթափող, խոնարհ ու յարատեւ" խաղաղութեան պարգեւը։ Եկեղեցին պարտաւոր է քարոզել երկխօսութիւնը. ուրիշ ձեւ չի կրնար ըլլալ»։
Սրբապղծութեան փորձութիւնը
Նորին Սրբութիւնը դիտել տուած է, թէ աշխարհի որոշ հզօրներու հաճելի չեն թուիր այս խօսքերը, եւ անոնք կը փորձեն իրենց պատերազմական մտադրութիւնները քօղարկել կրօնական արդարացումներով։ Սակայն, ըստ Պապին, Պետրոսի Յաջորդին պարտականութիւնն է բարձրաձայն դատապարտել զանոնք, որոնք կը համարձակին Աստուծոյ անունը կապել պատերազմական գործողութիւններու հետ։
Աստուծոյ սուրբ անունը չի կրնար պղծուիլ տիրապետութեան տենչով, բռնակալութեամբ կամ խտրականութեամբ, եւ երբեք չի կրնար գործածուիլ մահուան որոշումները արդարացնելու համար։
Դէպի խաղաղութեան ուղիներ
Քահանայապետը կոչ ուղղած է քրիստոնեաներուն՝ զինաթափելու խօսքերը եւ թոյլ չտալու, որ հաւատքի բառերը ներքաշուին քաղաքական պայքարներու մէջ, արդարացնեն ազգայնամոլութիւնը կամ սրբագործեն բռնութիւնն ու զինեալ պայքարը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
