Որոնել

2026.06.08 Viaggio Apostolico in Spagna Incontro privato con alcune vittime di abusi

Պապը Մատրիտի մէջ հանդիպած է չարաշահումներու զոհերու խումբի մը հետ. «Ան մեր ցաւը իր վրայ վերցուց»

Այսօր կէսօրէ ետք, Առաքելական Նուիրակութեան մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապը մօտ մէկ ժամ տեւողութեամբ առանձնական զրոյց մը ունեցած է կղերականներու կողմէ սրբապղծութեան ենթարկուած վեց անձերու հետ՝ մտիկ ընելով ու մօտիկութիւն ցուցաբերելով անոնց։ Զոհերը ներկայացուցած են որոշ առաջարկներ, որպէսզի «նման ողբերգական դէպքերու հանդէպ Եկեղեցւոյ արձագանգը աւելի արդիւնաւէտ դառնայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրութեան եւ մտերմութեան մթնոլորտի մը մէջ, Լեւոն ԺԴ-րդը այսօր, 8 Յունիսին, Սպանիա կատարած իր ճամբորդութեան ծիրէն ներս, հանդիպում մը ունեցաւ եկեղեցականներու կողմէ չարաշահումներու ենթարկուած վեց զոհերու հետ։ Հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ Պապական Նուիրակութեան մէջ եւ տեւեց գրեթէ մէկ ժամ, զոհերուն առիթ տուաւ պատմելու իրենց փորձառութիւնները եւ առաջարկներ ներկայացնելու՝ այս ողբերգութիւններուն դէմ Եկեղեցւոյ տուած պատասխանը զօրացնելու համար։

Քահանայապետը վստահեցուց իր եւ ամբողջ եկեղեցական համայնքին աջակցութիւնը՝ վերահաստատելով Եկեղեցին ապահով միջավայրի մը վերածելու յանձնառութիւնը, որ ընդունակ է առաջարկելու հիւրընկալութիւն, պաշտպանութիւն եւ բուժման ուղիներ։ Ընդունուած անձերը մաս կը կազմեն «Proyecto Repara»-ին (Վերականգնումի Նախագիծ), որ Մատրիտի Արքեպիսկոպոսութեան նախաձեռնութիւնն է՝ նուիրուած չարաշահումներու զոհերու աջակցութեան եւ վերականգնումին։

Այս հանդիպումը առանձնայատուկ նշանակութիւն կը ստանայ այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր Եկեղեցւոյ ներսը գործուած չարաշահումներու նիւթը տարիներէ ի վեր հանրային քննարկումներու կեդրոնը կը գտնուի։

Լեւոն ԺԴ-րդը այս իրականութիւնը որակեց որպէս «տակաւին բաց վէրք մը» եւ վերահաստատեց ճշմարտութեամբ, արդարութեամբ, հատուցմամբ ու կանխարգիլումով պատասխանելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ամէն վիրաւորեալ անձ կարողանայ գտնել մտիկ ընող մը եւ գործնական աջակցութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

08/06/2026, 18:22