Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը, կարդինալական ժողով Լեւոն ԺԴ. Պապը, կարդինալական ժողով  (@VATICAN MEDIA)

Յունիս 26-27-ին արտակարգ կարդինալական ժողով՝ Վատիկանի մէջ

Լեւոն ԺԴ. Պապը Յունիս 26-27-ին արտակարգ կարդինալական ժողովի մը համար Վատիկանի մէջ պիտի համախմբէ աշխարհի տարբեր երկիրներէն ծիրանաւորները՝ միասին խորհրդածելու Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, խաղաղութեան, «Magnifica humanitas» շրջաբերականին եւ Սիւնհոդոսի իրագործման մասին։ Աշխատանքները պիտի ընթանան սիւնհոդական եղանակով՝ աղօթքի, լռութեան, խմբային քննարկումներու եւ Պապին հետ անմիջական երկխօսութեան մթնոլորտին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու տօնին նախորդող օրերուն, Յունիս 26-27-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը երկրորդ անգամ պիտի համախմբէ Կարդինալներու դասի անդամները արտակարգ կարդինալական ժողովի համար՝ նպատակ ունենալով միասին խորհրդածել Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի առջեւ ծառացած ներկայ մարտահրաւէրներուն մասին։

Յունուար ամսուան առաջին հանդիպումէն ետք, որուն մասնակցած էին աշխարհի տարբեր երկիրներէն 170 ընտրող եւ ոչ ընտրող կարդինալներ, Սրբազան Քահանայապետը կը շարունակէ այս խորհրդակցական ուղին՝ ընդգծելով, թէ Եկեղեցին պէտք է կարենայ միասին կարդալ ժամանակներու նշանները եւ պատասխանել մարդկութեան կարիքներուն։

Խորհրդածութեան առանցքային նիւթեր

Կարդինալական ժողովի օրակարգին մէջ պիտի գտնուին միջազգային իրավիճակը, խաղաղութեան հարցը եւ «արդար պատերազմի» տեսութեան վերանայումը, «Magnifica humanitas» շրջաբերականին բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ Սիւնհոդոսի որոշումներու իրագործման ընթացքը։

Սիւնհոդական մեթոտաբանութիւն եւ գաղտնապահութիւն

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին համաձայն, աշխատանքները պիտի ընթանան «սիւնհոդական» մեթոտաբանութեամբ՝ աղօթքի, լռութեան, անձնական խորհրդածութեան, խմբային քննարկումներու եւ ընդհանուր նիստերու միջոցով։ Մամուլի ներկայութիւն նախատեսուած չէ, իսկ կարդինալներուն խնդրուած է ամբողջ ընթացքին պահպանել խիստ գաղտնապահութիւն՝ եղբայրական եւ ազատ երկխօսութեան մթնոլորտը երաշխաւորելու համար։

Քսան խումբերու բաժնուած աշխատանք

Մասնակիցները պիտի բաժնուին քսան խումբերու։ Իւրաքանչիւր խումբ պիտի ունենայ նախագահ եւ քարտուղար, որոնք պիտի համակարգեն աշխատանքները եւ պիտի պատրաստեն եզրափակիչ տեղեկագիրը։

Առաջին օր. «Ի՞նչ աշխարհի մէջ ենք կոչուած աւետարանելու»

Յունիս 26-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Պապին նախագահութեամբ Սուրբ Պատարագով պիտի սկսի Կոնսիստորը։ Առաջին նիստին հիմնական հարցը պիտի ըլլայ. «Ի՞նչ աշխարհի մէջ ենք կոչուած աւետարանելու»։ Քրաքովի արքեպիսկոպոս կարդինալ Գրեգորզ Ռիշ պիտի ներկայացնէ սուրբգրային խորհրդածութիւն, որմէ ետք խումբերը պիտի քննարկեն ժողովուրդներուն եւ տեղական Եկեղեցիներուն ապրած տագնապները, ինչպէս նաեւ յոյսի եւ հաշտեցման նշանները։

«Սիրոյ քաղաքակրթութիւն»ը՝ երկրորդ նիստի առանցքին

Նոյն օրուան երկրորդ նիստը պիտի կեդրոնանայ «իշխանութեան մշակոյթին եւ սիրոյ քաղաքակրթութեան» վրայ։ Հաւատոյ Վարդապետութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆեռնանտէս պիտի առաջնորդէ խորհրդածութիւնը՝ հիմնուելով Լեւոն ԺԴ.ի «Magnifica humanitas» շրջաբերականին հինգերորդ գլխուն վրայ։

Ընդհանուր բարիքի կառուցման մարտահրաւէրները

Յունիս 27-ի առաւօտեան երրորդ նիստը պիտի նուիրուի «Մեր ժամանակներու կառուցողական աշխատանքներուն»։ Հարաւային Ափրիկէի եպիսկոպոսներու համագումարի նախագահ եւ Յոհանէսպուրկի արքեպիսկոպոս կարդինալ Սթեֆըն Պրիսլին պիտի անդրադառնայ ընդհանուր բարիքի կառուցման խոչընդոտներուն եւ այն ակնկալութիւններուն, որոնք ժողովուրդները կը ներկայացնեն Եկեղեցիին։

Սիւնհոդոսի իրագործման ուղին

Վերջին նիստը, որ պիտի կայանայ Նոր Սիւնհոդոսի դահլիճին մէջ, ամբողջութեամբ պիտի նուիրուի Սիւնհոդոսի իրագործման ընթացքին։ Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար կարդինալ Մարիօ Կրէք պիտի ներկայացնէ 2027-2028 թուականներու սիւնհոդական ժողովներուն պատրաստութեան ուղեցոյցը։ Նիստին ընթացքին նախատեսուած է նաեւ ուղիղ երկխօսութիւն Լեւոն ԺԴ.ի հետ, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը պիտի արտասանէ իր եզրափակիչ խօսքը։

Աւարտը՝ եղբայրական ընթրիքով եւ տօնական Պատարագով

Կարդինալական ժողովի աշխատանքները պիտի աւարտին Յունիս 27-ի երեկոյեան Պապին հետ եղբայրական ընթրիքով, իսկ Յունիս 29-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մէջ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով պիտի նշուի Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներու տօնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

23/06/2026, 07:47